«Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան»
«Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ եւ աղօթէ», բայց աշակերտները սաստեցին բերողները։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը» (Մտ 19.13-15)։
Մանուկները տաճար բերել եւ քահանաներէն կամ Րաբբիներէն խնդրել որ ձեռք դնեն անոնց վրայ եւ օրհնեն՝ սովորական երեւոյթ էր։ Յիսուս արդէն ոմանց կողմէ ճանչցուած էր իբրեւ հեղինակաւոր Րաբբի (վարդապետ) մը, ուրիշներուն կողմէ՝ իբրեւ մարգարէ, կամ քահանայ, կամ արտասովոր անձ մը։ Իր խօսքերն ու խօսելակերպը զինք սիրելի դարձուցած էին չափահասներուն եւ մանուկներուն հաւասարապէս։
Հայրեր ու մայրեր վստահաբար նկատած էին որ Յիսուս կը սիրէր մանուկները եւ մանուկներն ալ զինք կը սիրէին։ Ատոր համար ալ, առիթ չէին փախցներ իրենց մանուկները բերելու իր քով «որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ եւ աղօթէ»։ Սորվինք անոնցմէ մեր զաւակները բերել Յիսուսի մօտ եւ խնդրել իրմէ որ իր աներեւոյթ աջը երկարէ եւ օրհէ զիրենք։
Այն հայրը կամ մայրը որ կը սիրէ իր զաւակը եւ մտահոգ է անոր յաւիտենականութեամբ՝ թո՛ղ իր զաւկին քրիստոնէական կրթութիւն ջամբէ։ Քրիստոնէական կրթութիւն ջամբել մեր զաւակներուն՝ կը նշանակէ սորվեցնել անոնց սիրել Յիսուսը եւ մարդիկը, պաշտել Յիսուսը եւ կատարել անոր կամքը, կարդալ Սուրբ Գիրքը եւ կեանքի վերածել հոն գրուածը, կանոնաւոր կերպով եկեղեցի յաճախել եւ աղօթող ըլլալ։ Ճշգրիտ չենք գիտեր թէ Յիսուսին բերուած մանուկները քանի՛ տարեկան էին եւ քանի՛ հոգի, նաեւ չենք գիտեր թէ անոնք որո՞նց կողմէ բերուեցան, իրենց ծնողներո՞ւն կողմէ, հարազատներո՞ւն կողմէ, թէ՝ ստնտուներուն կողմէ. բայց մէկ բան վստա՛հ գիտենք, որ այդ մանուկները բերողները՝ հաւա՛տք ու վստահութի՛ւն ունէին Քրիստոսի տալիք օրհնութեան եւ անոր կատարելիք աղօթքին հանդէպ։ Անոնք հաւա՛տք ունէին Քրիստոսի անկեղծ մանկասիրութեան հանդէպ։
Կարեւոր չէ գիտնալ թէ որո՛նք էին Յիսուսի բերուող մանուկները կամ որո՛նք էին այդ մանուկները բերողները, բայց կարեւոր է անոնց օրինակին հետեւիլը։ Եթէ հաւա՛տք ու վստահութի՛ւն ունինք հանդէպ Քրիստոսի, փաստենք այդ մէկը՝ մեր մանուկները, մեր սիրելիները, մեր հարազատներն ու բարեկամները առաջնորդելով անոր։ Քրիստոսի եկած մէկը պարտականութիւնը ունի ուրիշներն ալ Քրիստոսի բերելու։
Երբեմն մանուկներ ու պատանիներ բերուեցան Յիսուսի՝ հիւանդ եղած ըլլալնուն համար, եւ երբեմն ալ՝ Տիրոջ օրհնութիւնը ստանալու համար։ Երկու պարագաներուն ալ սխալ բան չկայ։ Բայց սխալ կը դառնայ, երբ դիմենք Յիսուսի միայն ա՛յն ատեն՝ երբ մեր զաւակները հիւանդանան կամ փորձանքի մը հանդիպին։ Հիւանդութիւնը չէ որ մեր քայլերը պէտք է առաջնորդէ Յիսուսի, այլ՝ նոյնինքն Յիսուսի սէրը, քաղցրութիւնը, ներողամտութիւնը, գթութիւնը, անուշութիւնը։
Կարգ մը մարդիկ կը բերուին Յիսուսի ակամայ, իսկ ուրիշներ՝ կու գան կամովին։ Դուն, սիրելի՛ բարեկամ, Յիսուսի եկո՞ղ մըն ես, թէ՝ բերուող մը։ Սիրայօժար կամքով Յիսուսի գալը սիրոյ արդիւնք է, իսկ ակամայ Յիսուսի բերուիլը կրնայ սիրոյ արդիւնք չըլլալ։ Ան որ կը սիրէ Յիսուսին, չ՚սպասեր փորձանքի մը հանդիպելու որպէսզի անոր գայ, այլ կու գայ՝ երբ դժուարութիւններ տակաւին չկան։ Երբ հանգիստ եղած ատեննիս կը դիմենք Յիսուսի, կ՚աղօթենք ու զինք կը փառաբանենք, վստա՛հ եղէք որ Յիսուս ինքզինք փառաւորուած ու մեծարուած կը զգայ։
«Աշակերտները սաստեցին բերողները»։ Եթէ անոնք ճանչցած ըլլային Յիսուսի սիրտը՝ անոնք արգելք պիտի չկենային մանուկները բերողներուն, ընդհակառակը, քաջալեր պիտի հանդիսանային անոնց։ Հաւանաբար աշակերտները մտածեցին որ Յիսուս այդ օր բաւականաչափ յոգնած ու սպառած էր, հետեւաբար, զինք առաւել եւս չյոգնեցնելու համար՝ արգելք ուզեցին կենալ մանուկները բերողներուն։
Եւ կամ, թերեւս անոնք կը խորհէին որ Յիսուսի պէս մեծ անձնաւորութեան մը, մեծ վարդապետի մը, կամ մեծ հրաշագործի մը համար նուաստութիւն պիտի ըլլար մանուկներով զբաղիլը։ Եթէ երբեք այդպէս խորհեցան, սա՛ եւս կը պարզէ անոնց տգիտութիւնը Յիսուսի անձին եւ անոր առաքելութեան վեհութեան նկատմամբ։
Ուշագրաւ է որ «աշակերտները սաստեցին բերողները», իսկ Յիսուս՝ գնահատեց ու քաջալերեց։ Ասիկա վկայութիւն մըն է որ Յիսուսի սիրտը սիրով լեցուն էր, եւ անոր հոգին՝ գթութեամբ։ Աշակերտները տակաւին չէին կրցած նմանիլ իրենց Վարդապետին։ Անոնք չէին կրցած իրենց վրայ առնել Յիսուսի մարդասիրական վերաբերմունքն ու նկարագիրը։
Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը»։ Յիսուս միայն փոքր տարիքով մանուկներուն մասին չէ որ կը խօսի հոս, այլ նաեւ ու յատկապէս չափահասներուն մասին, եւ կ՚ըսէ. «Ձգեցէ՛ք…»։
Ձգեցէ՛ք որ Յիսուսը պաշտել ուզող հաւատացեալները՝ պաշտեն զայն Սուրբ Հոգիին պարգեւած ազատութեամբ։ Մի՛ խանգարէք անոնց։ Ձգեցէ՛ք անոնց առանձին։ Մի՛ սպրդիք անոնց շարքերուն մէջ՝ Յիսուս Քրիստոսով իրենց ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու եւ զիրենք օրէնքներու ծառայութեան մէջ պահելու համար (Գղ 2.4)։
Ձգեցէ՛ք որ հաւատացեալները անդորր միտքերով հետեւին Յիսուսի սիրոյն ու հաւատքին։ Մի՛ նեղէք ու մի՛ խռովեցնէք անոնց։
Ձգեցէ՛ք անոնց։ «Արգելք մի՛ ըլլաք անոնց»՝ որոնք Քրիստոսով յաղթած են մեղքի արգելքներուն։
Ձգեցէ՛ք որ հաւատացեալ հայորդիներ իրենց սէրը արտայայտեն Աստուծոյ հանդէպ ազատօրէն եւ ինչպէս որ կ՚ուզեն։ Ձգեցէ՛ք։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից
