«Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս»
Երբ Օրէնքի ուսուցիչ մը յիշեց որ անհրաժեշտ է աստուածասէր եւ մարդասէր ըլլալը, որպէսզի յաւիտենական կեանքը ժառանգենք, Յիսուս անոր ըսաւ. «Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս» (Ղկ 10.25-28)։
Այս խօսքը ուղղուած չէ Օրէնքի ուսուցիչին միայն, այլ իւրաքանչիւր մարդու որ կը քարոզէ, եւ սակայն, իր քարոզածը չ՚ապրիր։ Ամէն անգամ որ բերանդ բանալով խօսիս աստուածսիրութեան եւ ընկերսիրութեան մասին, մտաբերէ Քրիստոսի խօսքը. «Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս»։ Մե՛ծ ողբերգութիւն է աստուածասէր ըլլալ քարոզել, եւ սակայն, աստուածատեաց կեանք մը ապրիլ։ Աղէ՛տ է ընկերսիրութիւն քարոզել, եւ սակայն, չփախցնել առիթ մեր ընկերները խոցոտելու։
Ի՜նչ դժբախտութիւն է խօսիլ արքայութեան մասին երբ գիտենք որ արքայութեան մէջ մաս եւ բաժին պիտի չունենանք։ Ի՜նչ ողբերգութիւն է խօսիլ դժոխքին դժբախտ երեսներուն մասին երբ կը գիտակցինք որ այդ դժբախտ երեսները մեր ժառանգութիւնը պիտի ըլլան առ յաւէտ։ Քիչ չէ թիւը այն մարդոց որոնք ամենայն համարձակութեամբ կը խօսին Սատանային դէմ, եւ սակայն, սատանայութիւն ընելու չեն քաշուիր։ Զարմանալի յանդգնութեամբ կը ճառեն խաղաղութեան մասին, եւ սակայն, իրենք խռովարարներ եւ խռովութեան առաջնորդներ են։
Իր գործերով ինքնիր քարոզածին հակասող մարդը հոգեւորապէս հիւանդ մըն է։ Հոգեւորապէս հիւանդ մը չի՛ կրնար ուրիշներուն հոգեւոր առողջութեան եւ օրհնութեան պատճառ հանդիսանալ։ Աստուած «կ՚ատէ» ատելութեամբ լեցուած մարդիկը որոնք սիրոյ մասին ճառեր կ՚արտասանեն։ Աստուած կը զզուի ազատութիւն քարոզող մեղքի ստրուկներէն։ Աստուած կը գարշի փրկութիւն աւետող կորսուածներէն։ Աստուած կը նողկայ խաղաղութիւն հռչակող խռովարարներէն։ Աստուած կը պժգայ օրէնք սորվեցնող անօրէններէն։ Նման անօրէն քարոզիչներու Աստուած բարձրաղաղակ կ՚ըսէ. «Քեզի ի՞նչ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմես ու իմ ուխտս բերանդ կ՚առնես» (Սղ 50.16)։
Քստմնելի եւ սահմռկեցուցիչ բան է տեսնել անօրէն մարդիկ որոնք Աստուծոյ օրէնքներուն մասին ճառեր կ՚արտասանեն։ Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն մեծամասնութիւնը այդպիսին էին։ Ինչո՞վ կը տարբերին Օրէնքի ուսուցիչէն անոնք՝ որոնք սրբութեան կեանք ապրիլ կը հրահանգեն, բայց իրենց կեանքի ճանապարհը անսրբութեան ճանապարհն է։
Իրենք զիրենք Օրէնքի ուսուցիչ իբրեւ հրապարակներու վրայ ծախող մարդոց թիւը հետզհետէ կ՚աճի։ Աստուածաշունչին ծանօթ ըլլալ չի՛ նշանակեր Աստուծոյ ծանօթ ըլլալ։ Կարելի է Աստուածաշունչին ծանօթ ըլլալ, իսկ Աստուծոյ՝ անծանօթ։ ԶԱստուած չճանչցող, եւ սակայն, զԱստուած ճանչնալ քարոզող մարդոց Քրիստոս կ՚ըսէ այն ինչ որ Օրէնքի ուսուցիչին ըսաւ 2000 տարիներ առաջ. «Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս»։
Քրիստոսի այս խօսքը մարտահրաւէր մըն է ուղղուած ամէն անհատի որ ապաշխարութիւն կը քարոզէ, եւ սակայն, ինք անապաշխար կեանք մը կ՚ապրի. զԱստուած փառաւորելու մասին կը քարոզէ, եւ սակայն, ինքնիր անձին փառքը կ՚որոնէ։ Այդպիսի մարդիկ Օրէնքի ուսուցիչին նման կրնան շատ լաւ գիտնալ թէ ի՛նչ պէտք է ընել յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։ Բայց լոկ գիտնալը ո՛չ միայն օգտակարութիւն մը չունի, այլ ընդհակառակը, ամբողջովին ի վնաս մեզի կ՚ըլլայ, որովհետեւ ճշմարտութեան մեր գիտակցութիւնը մեզ կը դարձնէ պատասխանատու ու հաշուետու, համաձայն Քրիստոսի խօսքին. «Այն ծառան, որ իր տիրոջ կամքը գիտէ եւ չի պատրաստեր կամ չի կատարեր անոր ուզածը, շատ պատիժ կը ստանայ» (Ղկ 12.47)։
«Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս»։ Իրենց խօսածը չապրող եւ իրենց կեանքով իրենց խօսածին հակասող մարդիկ կը նմանին կօշկակարներու, որոնք ուրիշներուն կօշիկները կը նորոգեն, բայց իրենք հնամաշ եւ կարկտուած կօշիկներ կը հագնին։ Չնմանինք բժիշկներու որոնք ուրիշներուն կը յանձնարարեն հոգ տանիլ իրենց առողջութեան, բայց իրենք անգութօրէն կը վերաբերին իրենց մարմիններուն հետ։ Անհամար է թիւը այն բժիշկներուն, որոնք որկրամոլութեան վնասներուն մասին կը խօսին բայց իրենք մէկական որկրամոլներ են, չծխել կը թելադրեն բայց իրենք անդուլօրէն կը ծխեն։ Ինքնիր գործով ինքնիր խօսածին հակասող մարդը տարբեր չէ նման բժիշկէ մը՝ հիւանդ բժիշկէ մը։
Քրիստոսի համար կ՚ըսուի. «կատարեց եւ սորվեցուց» (Գրծ 1.1)։ Ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք որ չ՚ըսուիր «սորվեցուց եւ կատարեց», այլ՝ «կատարեց եւ սորվեցուց»։ Այս մէկը պատահականութեան արդիւնք չի՛ կրնար ըլլալ։ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ մեզի խօսքի մարդ ըլլալէ առաջ գործի մարդ ըլլալ։ Խօսող բայց չգործող մարդը կը նմանի տերեւախիտ, եւ սակայն, պտուղազերծ ծառի մը։ Ան կը նմանի ծակոտ գուբի մը որ չի կրնար ջուր պարունակել։ Ան նման է կուտակուած ամպերու որոնք տեղացնելիք անձրեւ չունին։ Ան տարբեր չէ իր անուշահոտութիւնը կորսնցուցած գեղատեսիլ վարդէն։
Մարդիկ շատ աւելի պէտք ունին պատրաստակամ մարդոց քան պատրաստաբան մարդոց։ Աստուած կը զզուի այնպիսիներէն, որոնք «կը յայտարարեն՝ թէ կը ճանչնան զԱստուած, բայց իրենց գործերով կ՚ուրանան զայն» (Տիտ 1.16)։ Երբ ուրիշներուն կը թելադրենք լոյսի կեանք մը ապրիլ, նախ մենք ջանալու ենք ճեղքել մեղքի ամպերը եւ մեր հաւատքի լոյսը տարածել մեր չորս դին, որպէսզի մարդիկ տեսնեն մեր բարի գործերը եւ փառաւորեն մեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է (Մտ 5.16)։
Սիրելի՛ քարոզիչ, վկայող, ուսուցիչ, պատգամող, յորդորող, կոչ եւ խօսք ուղղող, ահա՛ Քրիստոսի մարտահրաւէրը քեզի. «Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս»։ Եթէ խօսող բայց գործող չես, լա՛ւ գիտցիր որ որոգայթ է որ դուն քեզի կը լարես, համաձայն Սողոմոնի խօսքին. «Քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթը ինկար, բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար» (Առ 6.2)։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

