Բաժիններ՝

Լեզուդ անձիդ հայելին է

Մեր բերնէն ելած բառերը, արտայայտութիւնները, խօսքերը, կրնան բացայայտել մեր ինչպիսի՛ մարդ ըլլալը։ Մարդիկ մեր բերնէն ելած խօսքերը լսելով, կրնան յստակ գաղափար ունենալ մեր ինքնութեան, մեր հետաքրքրութեանց, մեր փափաքներուն, մեր նկարագիրին, մեր կարողութեան եւ լրջութեան մասին, մէկ խօսքով, մեր ամբողջ էութեան մասին։ Զգո՛յշ ըլլանք թէ ի՛նչ կը խօսինք եւ ի՛նչ բառեր կը գործածենք, որովհետեւ ատոնք կը բացայայտեն մեր սրտին պարունակութիւնը։

Մարդիկ մեր խօսակցութեան ճամբով, նոյնիսկ կրնան գիտնալ թէ ի՛նչ մակարդակի կամ ինչպիսի՛ ընտանիքի կը պատկանինք, ո՛ր քաղաքէն կամ երկրէն ենք։ Լեզուն մատնիչն է մարդուս։ Պետրոս առաքեալի խօսակցութենէն մարդիկ գիտցան թէ ինք Յիսուսի հետեւորդ մըն էր։ Յիսուսի ձերբակալութենէն ետք երբ Պետրոս գաւիթի մէջ կը գտնուէր, շուրջը եղող մարդոցմէ ոմանք իրեն ըսին. «Իրապէս որ դուն անոնցմէ ես, քանի Գալիլեացի ես եւ անոնց նման կը խօսիս» (Մր 14.70)։

Լեզուի նման խաբող բան չկա՛յ աշխարհի մէջ։ Մարդիկ կրնան այնպիսի՛ անոյշ բառերով խօսիլ որ բոլորը համոզուին որ իրենք բարի մարդիկ են։ Չար մարդիկ կրնան բարի լեզու ունենալ։ Թոյնով լեցուն սիրտեր մեղրի նման քաղցր բառեր կրնան արտաբերել։ Քարոզիչներ իրենց քարոզներով կրնան բոլորին այն տպաւորութիւնը տալ որ իրենք հոգեւոր մարդիկ են եւ իրենց քարոզածը գործադրող մարդիկ։

Չէ՞ք տեսած մարմնասէր քարոզիչներ որոնք աստուածասէր ըլլալու կոչ կ՚ուղղեն, այն տպաւորութիւնը տալով իրենց ունկնդիրներուն որ իրենք աննման աստուածասէրներ են։ Չէ՞ք հանդիպած զԱստուած օրհնաբանող հայհոյիչ լեզուներու, աւետարանական ճշմարտութիւնները քարոզող ստախօսներու, Աստուծոյ սրբութիւնը գովերգող պիղծ բերաններու։ ԶԱստուած օրհնող բայց Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած մարդիկը անիծող շրթունքներու (Յկ 3.9)։

Կարդացեք նաև

Առաքեալը իր զարմանքը յայտնելով այս երեւոյթին համար, կ՚ըսէ. «Նոյն բերանէն կ՚ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը։ Ասիկա ճիշդ չէ՛ սակայն, եղբայրներս։ Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բղխէ՞։ Կարելի՞ բան է, եղբայրներս, որ թզենին ձիթապտուղ տայ կամ որթատունկը՝ թուզ։ Նմանապէս կարելի չէ աղուտ հողէն քաղցր ջուր բղխի» (Յկ 3.10-12)։

Այս համարներուն միտք բանին այն է, որ լեզուն մարդուն տրուեցաւ յատուկ նպատակի մը համար։ Լեզուին նպատակը զԱստուած եւ մարդիկը օրհնելն է։ Ճիշդ չէ՛ որ օրհնութեան համար ստեղծուած լեզուն գործածուի անիծելու համար Ստեղծողն ու ստեղծուածը, Աննմանն ու մեր նմանը։

Երբ առաքեալը կը հաստատէ. «Կարելի չէ աղուտ հողէն քաղցր ջուր բղխի», խորքին մէջ ըսել կ՚ուզէ, թէ մեղքով հողի նման թանձրացած սիրտ մը չի կրնար զուլալ ջուր, այսինքն՝ մաքուր խօսքեր բղխել իր ընդերքէն։ Ան որ ներքնապէս մաքուր է՝ ինքնաբերաբար մաքուր կ՚ըլլան անոր սրտէն բղխող բոլոր խօսքերն ու մտածումները նաեւ։

Առաքեալը խորապէս կ՚անդրադառնայ որ մարդիկ կրնան իրենց լեզուով զԱստուած բարձրացնել (Սղ 66.17) եւ նոյն լեզուով իրենց նմանները գետին զարնել։ Անոնք կրնան իրենց լեզուն «մահացու թոյնով լեցուն» գործիք իբրեւ գործածել (Յկ 3.8), կրնան նաեւ զայն փառաբանող երգարանի վերածել։ Կրնան իրենց լեզուին տակ մեղր ու կաթ ունենալ (Երգ 4.11), կրնան նաեւ նենգութիւն թաքցնել (Սղ 50.19)։

Լեզուն սանձող մարդը կրնայ յաղթանակ տանիլ ինքնիր անձին վրայ։ Ինքնիր լեզուն չսանձող մարդը պարտուած մըն է ինքնիր անձէն։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ան որ գիտէ իր խօսքերը կշռել՝ կատարեալ մարդ է, ինքզինքին իշխելու կարող։ Տե՛ս, թէ ի՛նչպէս ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք՝ որպէսզի մեզի ենթարկուին, եւ անով ձիուն բոլոր շարժումները կը կառավարենք։ Կամ դիտէ՛ նաւերը. ո՛րքան ալ մեծ ըլլան եւ ինչպիսի՛ զօրաւոր հովերէ ալ քշուին, փոքրիկ ղեկ մը զիրենք կ՚ուղղէ դէպի հոն՝ ուր նաւավարը կը փափաքի տանիլ» (Յկ 3.2-4)։

Առաքեալը ի՞նչ է որ կը փորձէ սորվեցնել մեզի երբ մարդկային լեզուն կը նմանցնէ սանձի եւ ղեկի։ Սանձը ձիուն բերանը կը դրուի որպէսզի ամբողջ ձին մեր իշխանութեան եւ տրամադրութեան տակ ըլլայ։ Ինչպէս եթէ սանձը բռնենք՝ անով կրնանք ձիուն վրայ իշխել, այնպէս ալ եթէ մեր լեզուները բռնենք, այսինքն՝ տէր կենանք անոնց, խորքին մէջ տէր կեցած կ՚ըլլանք մեր ամբողջ մարմինին։ Առաքեալը անուղղակիօրէն կոչ կ՚ուղղէ Քրիստոսի հետեւորդներուն սանձելու իրենց լեզուները եւ տէր ըլլալու անոնցմէ արտաբերուող խօսքերուն եւ բոլոր բառերուն։

Ան նաեւ լեզուն կը նմանցնէ ղեկի, իսկ մարմինի միւս անդամները՝ նաւի։ Եթէ ղեկը լեզուն է, նաւը՝ մարմինը, ապա ղեկավարը՝ մարդուն կամքն է։ Ինչպէս եթէ ղեկավարը նաւին ղեկը ճիշդ ատենին չգործածէ կամ իր ազատ կամքին ձգէ՝ նաւը կրնայ կործանիլ եւ ջրամոյն ըլլալ, այնպէս ալ եթէ կամք չընենք եւ չփորձենք մեր լեզուները ճիշդ ձեւով եւ ճիշդ բաներու համար գործածել՝ անոնք կրնան մեզ կործանումի առաջնորդել։

Առաքեալը լեզուն նմանցնելով կրակի եւ անիրաւութեան աշխարհի մը, կ՚ըսէ. «Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել։ Լեզուն ալ կրակ է։ Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա։ Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ, եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ» (Յկ 3.5-6)։ Եթէ մարդ արարածը դալարագեղ ու պտղալից պարտէզ մը ըլլալու փոխարէն, թոյլ տայ ինքնիր անձին վերածուելու փշալի եւ տատասկաբեր անտառի մը, այդ անտառին մէջ կայ բան մը որ կրնայ զինք հրկիզել, այդ բանը մարդկային լեզուն է։ Յիսուս ինքն ալ չսորվեցո՞ւց թէ մեր բերնէն ելած խօսքով է որ պիտի դատուինք (Ղկ 19.22)։

Ինչպէս կրակը դիւրաւ կրնայ այրել չորցած անտառը, այնպէս ալ լեզուն դիւրաւ կրնայ խորտակել մեզ, եթէ երբեք հոգեւորապէս չորցած ու ցամքած ըլլանք։ Ան որ իր լեզուն մաքրող կրակի նման գործածելու փոխարէն, կը գործածէ փճացնող կրակի նման, գեհենի կրակին մէջ է որ պիտի նետուի, որովհետեւ եթէ տէր չկենանք մեր լեզուին, ատիկա «գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով» կրնայ վառել։ Խորքին մէջ, մարդիկ իրենց լեզուներու կրակով է որ կը պատրաստեն դժոխքի կրակը։ Դժոխքի մէջ ամէն մէկը ինքնիր լեզուին կրակով է որ պիտի այրի։

Այդ կրակը շիջեցնելը անկարելի է։ Պատահական չէ որ դժոխք նետուած հարուստը կաթիլ մը ջուրի կարօտ մնաց՝ իր լեզուն զովացնելու համար (Ղկ 16.24)։ Մեր լեզուները հիմա՛ է որ պէտք է զովացնենք Սուրբ Հոգիին «մաքուր ջուրով» (Եզ 36.25) եւ ո՛չ թէ դժոխք նետուելէ ետք, ուր չկա՛յ զովութիւն, այլ՝ կրակ յաւիտենական։

Առաքեալը լեզուն կը կոչէ նաեւ «անիրաւութեան աշխարհ մը»։ Ինչո՞ւ։ Ինչպէս աշխարհ բազմատեսակ ու բազմահազար մեղքերով լեցուն է, այնպէս ալ մարդկային լեզուն կրնայ անհաշիւ մեղքերով լեցուն ըլլալ։ Լեզուն առանձին աշխարհ մըն է. աշխարհ մը՝ որ եթէ Աստուծոյ Հոգիին կողմէ չ՚առաջնորդուի, կը դառնայ զրպարտութեան եւ ստութեան աշխարհ մը, բամբասանքի եւ պղծութեան աշխարհ մը։ Այո՛, լեզուն մեղքով լի աշխարհ մըն է։ Աշխարհ մը՝ որ ապականեց աշխարհն ու աշխարհի բնակիչները։ Աշխարհ մը՝ որ ստրկացուց մեր մարմինները եւ մեզ դարձուց ստրուկները մարմինին ու մարմնաւորին։

Սողոմոն կը հաստատէ թէ «մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են, անոնք որ զայն կը սիրեն, անոր պտուղը կ՚ուտեն» (Առ 18.21)։ Լեզուն ծառ մըն է որ մեր անհոգութեան պատճառով կրնայ մահաբեր պտուղ բերել, իսկ եթէ հոգատարութիւն ցուցաբերենք անոր հանդէպ՝ անմահութեան պտուղ կը բերէ։ Լեզուն կեանքի կ՚առանջնորդէ եթէ դաւանի զԱստուած ու աղօթէ անոր, եւ մահուան կ՚առանջնորդէ եթէ ուրանայ եւ անիծէ զայն։

Մա՛հ է լեզուն եթէ կը բամբասէ, կը զրպարտէ, կը հայհոյէ, կը ստէ ու կ՚անիծէ, եւ կեա՛նք է լեզուն եթէ կը մխիթարէ, կը գօտեպնդէ, կը քաջալերէ, կ՚ուրախացնէ ու կ՚օրհնէ։ Մա՛հ է լեզուն եթէ խռովարար է, յուսալքող է, գայթակղեցնող ու խրտչեցնող է, եւ կեա՛նք է լեզուն եթէ խաղաղասէր է, քաղցրախօս է, սիրալիր ու հոգելիր է։

Սողոմոն իր կեանքի փորձառութեամբ սորվեցաւ որ «խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է, բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ» (Առ 15.4)։ Խռովարար լեզու մը չի կրնար բուժել կոտրած սիրտերը եւ մխիթարել տրտմալից հոգիները։

«Խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է»։ Խաղաղասէր լեզուն կրնայ կեա՛նք դառնալ մահուան անդունդին մօտեցող մարդուն համար, կրնայ շո՛ւնչ տալ հոգեպէս շնչահեղձ եղողին, եւ կրնայ ճամբան ցոյց տալ զԱստուած փնտռողին։ «Մարդիկ կան որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առ 12.18)։ Անոնք որոնք բուժուած են Աստուծոյ շնորհքով, իրե՛նց կարգին բժիշկներ են զիրենք շրջապատող մարդոց համար։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս