
Աշխարհի մեղքը վերցնող Գառնուկը

«Ահաւասիկ Աստուծոյ գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յհ 1.29)։
Կենդանիներու աշխարհին մէջ ամենէն անվնաս կենդանին գառնուկն է, իսկ թռչողներուն մէջ՝ աղաւնին։ Զուր տեղ չէ որ Աստուծոյ Որդին գառնուկի կը նմանցուի, իսկ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին աղաւնիի նմանութեամբ հանդէս կու գայ։ Անոնց համար կը գործածուի բոլորովին անվնաս եւ ամբողջովին խաղաղարար կենդանիներու անուններ, ցոյց տալու համար որ Աստուած երբեք վնաս չի հասցներ մարդուն։ Աստուած խաղաղարար եւ խաղաղութեան հրաւիրող Աստուած է։
Երբե՛ք չէ եղած թագաւորութիւն մը կամ կայսրութիւն մը որ գործածած ըլլայ գառնուկի կամ աղաւնիի պատկերը իբրեւ խորհրդանիշ իր թագաւորութեան անսասանութեան։ Բոլոր թագաւորութիւններն ալ գործածած են հզօր կենդանիներու պատկերներ, ինչպէս օրինակ՝ առիւծ, արծիւ, վագր, եւայլն։ Մեր երկնաւոր թագաւորը՝ Քրիստոս, եղաւ միակը որ հաճեցաւ ինքզինք գառնուկի պատկերով ներկայացնել։ Գառնուկ մը, որ աշխարհի առիւծներէն աւելի՛ զօրաւոր է։ Գառնուկ մը, որուն հետեւեցան եւ կը հետեւին աշխարհի բոլոր մոլորեալ գառնուկները։
Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ իբրեւ Գառնուկ, իսկ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին հանդէս եկաւ իբրեւ աղաւնի. թէ՛ գառնուկը եւ թէ՛ աղաւնին խաղաղութեան եւ հաշտութեան խորհրդանիշ են։ Մեր երկնաւոր Հայրը կամեցաւ որ իր Որդին եւ իր Սուրբ Հոգին գառնուկի եւ աղաւնիի նմանութեամբ հանդէս գան, որպէսզի ցոյց տայ մեզի, թէ իր Որդիով հաստատուած թագաւորութիւնը խաղաղութեան եւ հաշտութեան թագաւորութիւն է, սիրոյ եւ սրբութեան թագաւորութիւն է, եւ թէ այդ թագաւորութեան անդամագրուիլ կրնան միայն անոնք՝ որոնք խաղաղասէր են, որոնք հաշտարար հոգի ունին։
Յովհաննէս Մկրտիչ Քրիստոսը կը ներկայացնէ գառնուկի մը պատկերով, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնէ ներկայութիւնը Եսայի մարգարէութեան մէջ յիշուած այն գառնուկին՝ որ «կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէսզի անոր նայէինք, ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը, որպէսզի անկէ ախորժէինք» (Ես 53.2)։ Այս բառերը երեք տեսակի մեկնութեանց ենթակայ եղած են.-
Առաջին.- ոմանք կը կարծեն որ մարգարէն այս բառերով Քրիստոսի արտաքին երեւոյթին մասին է որ կը խօսի։ Քրիստոս մերկացաւ իր աստուածային փառքէն եւ յանձն առաւ գառնուկի մը նման հանդէս գալ։ Ան չերեւցաւ առիւծի, վագրի կամ վիշապի նման որ կրնայ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւել եւ բոլորին փառաբանութեան ու հիացմունքին առարկան դառնալ։
Առիւծ մը, վագր մը, կամ վիշապ մը, մարդոց ուշադրութիւնը գրաւող «կերպարանք» ու «վայելչութիւն» ունեցող կենդանիներ են, բայց գառնուկ մը «կերպարանք կամ վայելչութիւն» չունի որպէսզի մեր ուշադրութիւնը գրաւէ եւ անոր նայինք։
Քրիստոս չուզեց այնպիսի՛ «կերպարանք կամ վայելչութիւն» մը ունենալ որ մարդիկ արտաքինէն խաբուելով հետեւէին իրեն։ Սամուէլ չխաբուեցա՞ւ Սաւուղին արտաքին երեւոյթէն (Ա.Թգ 16.7)։ Դաւիթի համար կ՚ըսուի թէ «անիկա կարմիր էր ու աղուոր աչքեր ունէր ու դէմքն ալ գեղեցիկ էր» (Ա.Թգ 16.12)։ Մովսէսի համար կ՚ըսուի թէ ան գեղեցիկ ու շնորհալի մէկն էր (Ել 2.2, Գրծ 7.20)։ Քրիստոսի վերաբերեալ մենք այդպիսի հաստատումներ չենք գտներ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Քրիստոսի աշխարհ բերած գեղեցկութիւնը հոգեւոր գեղեցկութիւնն էր, որ կրնար տեսանելի դառնալ հոգեւոր հայեացք ունեցողներուն համար միայն։
Երկրորդ.- ուրիշներ կը կարծեն որ «կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէսզի անոր նայէինք», բացատրութիւնը ակնարկութիւն է ոչ այնքան Քրիստոսի անձին որքան անոր ուսուցումներուն եւ ուսուցման եղանակին։ Քրիստոս իր ուսուցումները չներկայացուց հռետորական ոճով մը կամ փիլիսոփայական դարձուածքներով, այլ այնքա՛ն պարզ ձեւով, որ կրնար հասկնալի դառնալ նոյնիսկ անուսներուն կողմէ։ Քրիստոս կրնար այնպիսի՛ «կերպարանք կամ վայելչութիւն» ունեցող խօսելակերպ մը ու գործելակերպ մը որդեգրել որ բոլորը զարմացած կուրօրէն իրեն հետեւէին։
Երրորդ.- այս վերջին մեկնութիւնը ամենէն հաւանականն է։ «Կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէսզի անոր նայէինք»։ Աստուծոյ գառնուկը՝ Յիսուս, իր ձերբակալութենէն ետք մինչեւ իր խաչելութիւնը այնքան գանակոծումի, ծեծի, խարազանահարումներու, ապտակներու ու բռնցքահարումներու ենթակայ դարձաւ որ լիովին այլանդակուեցաւ իր արտաքին «կերպարանքն» ու «վայելչութիւնը»։ Ի՞նչ կը պատահի գառնուկի մը եթէ անօթի առիւծի մը ժանիքներուն մէջ իյնայ. «կերպարանք կամ վայելչութիւն» կը մնա՞յ անոր մօտ։
Քրիստոս բռնցքահարումներու հարուածներուն տակ կորսնցուց արտաքին ամէն վայելչութիւն, որպէսզի մեզ առաջնորդէ ներքին վայելչութեան, հոգեւոր գեղեցկութեան։ Գանակոծումներու պատճառով այլանդակուեցաւ իր կերպարանքը, որպէսզի մեր մէջ վերականգնէր աստուածային իր պատկերն ու նմանութիւնը։
Յիսուսը ծեծողները կ՚անդրադառնայի՞ն որ իրենք զինք կը ծեծէին իրենց սեփական մեղքերուն համար եւ ո՛չ թէ իր մեղքերուն համար։ Երբ կը դիտենք գառնուկի մը կեանքը, կը տեսնենք որ անիկա ինքնիր բարութեան ու հեզութեան հետեւանքով միշտ ուրիշի մը զոհը կ՚երթայ։ Քրիստոս-Գառնուկն ալ «ինքնիր մեղքերուն համար չէր» որ տանջանքի հանդիպեցաւ այլ «մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ …Անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք» (Ես 53.5)։ Այո՛, եթէ ան չվիրաւորուէր մենք չէինք կրնար բուժուիլ մեր հոգիի վէրքերէն։ Զինք վիրաւորողները Հռոմայեցի զինուորները չէին, այլ դո՛ւն եւ ե՛ս սիրելի եղբայր եւ քոյր։ Ամէն մէկ մեղք որ գործենք յօժարակամ՝ ապտակ մըն է Յիսուսի երեսին։
«Ահաւասիկ Աստուծոյ գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։
Որպէսզի քիչ մը աւելի խորը թափանցենք այս խօսքին, նախ պէտք է գիտնալ թէ ինչո՞ւ Յովհաննէս Մկրտիչ զայն կը կոչէ Գառնուկ, եւ ե՞րբ կամ ի՞նչ առիթով զայն կոչեց Գառնուկ։ Յովհաննէս զայն կոչեց Գառնուկ երբ Յիսուս իրեն կը մօտենար մկրտուելու համար (Յհ 1.29, 33-34)։ Մկրտութենէն անմիջապէս յետոյ «Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ» (Մտ 4.1)։ «Տարուեցաւ» բառը ցոյց կու տայ որ Յիսուս ինքնիրեն անապատ չգնաց, այլ ուրիշը զինք տարաւ, կամ առաջնորդեց, այս պարագային՝ Սուրբ Հոգին։
Ինչո՞ւ Յիսուս ուրիշին կողմէ տարուեցաւ անապատ։ Այս ինչո՛ւ-ին պատասխանը գտնելու համար, պէտք է հետեւեալը մեր մտքին մէջ ունենանք։ Հին Կտակարանին մէջ յիշուած քաւութեան նոխազը (Ղւ 16.20-22), նախապատկերացումն էր Քրիստոսի զոհագործական մահուան։ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան խօսելով քաւութեան նոխազին մասին կ՚ըսէ.
«Քաւութեան նոխազը (արու այծ) մէկն է այն երկու նոխազներէն, որ ամէն տարի Թըշրին ամսուն, այսինքն՝ 7-րդ ամսուն 10- րդ օրը պէտք էր արձակուէր ժողովուրդին մեղքերը անոր վրայ դնելէ ետք, խորհրդանշական արարքով մը։
Կը բերէին այծը վկայութեան խորանին մուտքին, քահանայապետը ծիսական հանդիսաւոր արարքով մը ձեռքը կը դնէր անոր վրայ եւ ժողովուրդին մեղքերը կը խոստովանէր, ըսելով՝ որ բոլորին մեղքերը Աստուած կ՚առնէ այդ կենդանիին վրայ դնելու համար, եւ յետոյ այդ կենդանին կը տանէին բանակատեղիէն դուրս, անապատ տեղ մը…։
Այծը անապատ տանիլը կամ անբնակ վայրի մէջ արձակելը, ձեւով մը կը նշանակէր, որ ան իր վրայ դրուած մարդոց մեղքերը հետը կը տանէր եւ կը կորսնցնէր զանոնք։
Աստուծոյ կողմէ անցեալին մէջ կարգադրուած այդ քայլը խորհրդանշական պատկերացում մըն էր։ Աստուած հարկաւ գիտէր որ մենք չենք կրնար մեր մեղքերը կենդանիին փոխանցել կամ անոր վրայ դնել եւ ո՛չ ալ կենդանին երբ անապատ տարուի, կրնայ հետը տանիլ մեր մեղքերը եւ անյայտացնել կամ ջնջել զանոնք (Եբր 10.4)։
Աստուած այս կերպին դիմեց, որպէսզի սորվեցնէ մեզի թէ մարդ անհատը ի՛նքը իր մեղքերը չի կրնար քաւել կամ իր անձին վրայէն թօթափել, եթէ երբեք Աստուած մեր մեղքերը չառնէ իր անձին վրայ ու իր անձով զանոնք մեզմէ չհեռացնէ։ Փաստօրէն Քրիստոս մեր մեղքերը առաւ իր անձին վրայ. «Ահաւասիկ Աստուծոյ գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։
Ինչո՞ւ Յովհաննէս կ՚ըսէ թէ Գառնուկը աշխարհի մեղքերը իր վրայ կը վերցնէ։ Ի՞նչ կը հասկնանք «կը վերցնէ» ըսելով։ Երկու իմաստ կայ անոր մէջ։ Առաջին, վերցնելու գաղափարը բարձրացնելու ալ գաղափարը ունի, մեղքերը բարձրացնելու, որ խաչի գաղափարը պիտի ըլլար։
Երկրորդ, «կը վերցնէ» ըսելով կը հասկնանք նաեւ, որ այդ մեղքերը իր վրայ կ՚առնէ, զանոնք կը շալկէ կամ կը կրէ, որպէսզի զանոնք տանի եւ ջնջէ, քաւէ…։ Արդ, Քրիստոս մկրտութենէն ետք մարդոց մեղքերը իր վրայ առաւ եւ Սուրբ Հոգիին կողմէ անապատ տարուեցաւ, որպէսզի քաւութիւն դառնար իր ժողովուրդին համար։ Ինչպէս քաւութեան նոխազը որ նախապատկերացումն էր Քրիստոսի, ուրիշին ձեռքով անապատ կը տարուէր (Ղւ 16.21), այնպէս ալ Քրիստոս ուրիշին կողմէ պէտք է տարուէր անապատ»։
Սիրելի՛ ընթերցող, ինչպէս քահանայապետը կ՚առնէր ժողովուրդին մեղքերը եւ կը դնէր նոխազին վրայ եւ ապա նոխազը անապատ կը ղրկէր, այնպէս ալ մեր երկնաւոր Հայրը, առաւ մեր մեղքերը եւ դրաւ զանոնք Յիսուս-Գառնուկին վրայ, եւ զանոնք միանգամընդմիշտ հեռացուց մեզմէ։ Դուն բարեկամ, թոյլ տուա՞ծ ես որ Աստուած մեղքերդ դնէ Գառնուկին վրայ եւ զանոնք սրբէ իր արիւնով։ Մի՛այն Յիսուս կրնայ սրբել մեր մեղքերը եւ մեզ փրկել։ Պետրոս կ՚ըսէ. «Միայն անո՛վ կրնաք փրկուիլ» (Գրծ 4.12)։ Մէ՛կ Փրկիչ կայ, եւ փրկութեան միայն մէ՛կ միջոց։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից