
Աստուած գործի մարդոց է որ գործակից կըլլայ

Մեզմէ ոեւէ մէկը կասկած պէտք չէ ունենայ թէ մի՛այն Աստուծոյ շնորհքով կրնանք փրկուիլ, եւ թէ «փրկութիւնը մեր արժանիքը չէ, այլ՝ Աստուծոյ պարգեւն է։ Մեր գործերով շահուած չէ անիկա, որպէսզի ոեւէ մէկը չպարծենայ» (Եփ 2.8-9)։
Օրէնքի գործադրութեամբ արդարանալ ուզողներուն, առաքեալը կըսէ. «Եթէ փորձէք Օրէնքի գործադրութեամբ արդարանալ՝ ա՛լ Քրիստոսի հետ ձեր կապը կտրած կըլլաք եւ զրկուած՝ անոր շնորհքէն» (Գղ 5.4 Հմմտ Հռ 3.24, Բ.Տմ 1.9, Տիտ 2.11, Ա.Պտ 1.13): Մենք չե՛նք ուրանար գործերուն կարեւորութիւնը, բայց կը ձաղկենք մեր գործերով փրկուիլ աշխատելու ամէն ջանք։
Աբրահամ գործի՛ մարդ էր, բայց Սուրբ Գիրքը խօսելով անոր կատարած գործերուն մասին կըսէ. «Հաւատքը անոր գործերուն ընկերացաւ» (Յկ 2.22)։ Այո՛, մեր գործերը պէ՛տք ունին մեր հաւատքի ընկերակցութեան։ Ինչպէս որոտումը առանց անձրեւի ընկերակցութեան օգուտ մը չունի, այնպէս ալ մեր գործերը առանց հաւատքի ընկերակցութեան ոչինչով կօգտեն մեզի։ Փոշի՛ է մարդուն գործը առանց հաւատքի։ Ինչպէս փոշին չի՛ կրնար կենալ մրրիկին առջեւ, այնպէս ալ մարդուն գործերը առանց հաւատքի հովանաւորութեան պիտի չկրնան դատաստանի օրը պարծիլ։
Սոյն յօդուածին սկսման կերպը կրնայ ըլլալ այն տպաւորութիւնը ձգեց, որ գործի ու հաւատքի մասին է որ պիտի խօսիմ, եւ սակայն, գործի ու հաւատքի մասին չէ որ պիտի խօսիմ, այլ Աստուածաշնչական մէջբերումներով ցոյց պիտի տամ թէ ինչպէս Աստուած գործի՛ մարդոց է որ գործակից կըլլայ եւ ո՛չ թէ անգործ նստած մարդոց։
Ոմանց մօտ կը գտնենք այն համոզումը, թէ «պէտք է դադրինք գործելէ որպէսզի Աստուած սկսի գործել»: Այս խօսքը Աստուծոյ շնորհքով փրկուած մարդու խօսք չէ՛։ Շնորհքը անգործութեան չի՛ դատապարտեր մեզ, այլ՝ գործի կը մղէ (Տիտ 2.12)։ Շնորհքը շնորհքին օգտագործումով միայն կը բիւրեղանայ եւ կը պտղաբերի: Նո՛յնը կըսէ Պօղոս առաքեալ. «Աստուծոյ ինծի տուած շնորհքը ապարդիւն չեղաւ, որովհետեւ բոլոր առաքեալներէն աւելի ե՛ս աշխատեցայ…» (Ա.Կր 15.10)։
Առաքեալը Աստուծոյ շնորհքը ընդունելէ ետք անգործ չնստաւ։ Ան յստակօրէն կը յիշէ, որ շնորհիւ իր ժրաջան աշխատանքներուն էր որ Աստուծոյ «շնորհքը ապարդիւն չեղաւ»: Պարզ է հետեւաբար, որ չաշխատողին կեանքին մէջ՝ Աստուծոյ շնորհքը կը դառնայ ապարդիւն: 12-րդ դարու վարդապետ՝ Սարգիս Շնորհալի, կըսէ. «Ապերախտ չըլլանք այս աշխարհին մէջ մեր Երախտաւորին հանդէպ եւ ամէն բան անկէ ունենալ չուզենք, այլ մեր բարեգործութեամբ նպաստենք անոր շնորհքներուն»։ Այս խօսքը ցոյց կու տայ երկու բան. առաջին.- բարեգործութեան կեանք մը չապրող մարդը ապերախտ գտնուած կըլլայ Աստուծոյ նկատմամբ, եւ երկրորդ.- մեր բարեգործութիւնները կը բազմապատկեն Աստուծոյ շնորհքները մեր կեանքերուն մէջ։ Աստուծոյ շնորհքով փրկուած մարդը գործի՛ մարդ պէտք է ըլլայ։ Անգործութիւնը անշնորհքութիւն է։ Աստուծոյ շնորհքը կը գործէ գործողներուն կեանքին մէջ։ Աստուած կաշխատի աշխատողներուն կեանքին մէջ: Տանք քանի մը օրինակներ Աստուածաշունչէն.-
1- Երբ Մովսէս եւ Յեսու պիտի կռուէին Ամաղէկի դէմ, չմտածեցին ծալապատիկ նստիլ եւ սպասել որ Աստուած պատերազմի իրենց փոխարէն: Մէկ կողմէն Մովսէս ձեռքերը բարձրացուցած կաղօթէր եւ զԱստուած օգնութեան կը կանչէր, իսկ միւս կողմէն, Յեսու կը կռուէր եւ սուրի բերնէ կանցընէր Ամաղէկը (Ել 17.11-13): Արդ, ո՞վ յաղթեց Ամաղէկին: Աստուա՞ծ, թէ՝ Մովսէս եւ Յեսու: Երեքը միասնաբար: Մսվսէս աղօթքով զԱստուած Յեսուին պատերազմակից դարձուց եւ այդպէս յաղթեցին: Մովսէս զԱստուած օգնութեան կանչեց եւ Աստուած պատերազմի դաշտ իջաւ Յեսուին օգնելու: Աստուած չի՛ պատերազմիր պատերազմէն փախչողի մը ճամբով: Սիրելի՛ ընթերցող, բանանք մեր աչքերը եւ նայինք մեր չորս կողմը։ Անհամար է թիւը մեր կեանքերուն մէջ վխտացող Ամաղէկներուն։ Մեր ձեռքերը բարձրացնենք դէպի Աստուած ինչպէս Մովսէս բարձրացուց, որպէսզի կարենանք չարին դէմ կռուիլ ինչպէս Յեսու կռուեցաւ։ Քրիստոնեայ մարդուն կոչումը չէ՞ ունենալ Մովսէսին աղօթող սիրտը եւ Յեսուին պատերազմող ձեռքը։
2- Պետրոս առաքեալ կըսէ. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ» (Ա.Պտ 5.8): Արթուն եւ պատրաստ ըլլալը, պատերազմական ճակատի վրայ եղող մարդուն պարտականութիւնն է:
Առաքեալը արթուն եւ պատրաստ ըլլալու մասին է որ կը խօսի եւ ո՛չ թէ քնանալու կամ անգործ նստելու մասին: Ինչպէ՞ս կարելի է անգործ մնալ երբ մեր դիմաց առիւծի պէս մռնչող Սատանայ մը ունինք: Ո՞վ կրնայ մռնչող առիւծի մը ներկայութեան անտարբեր մնալ: Յիշենք մանաւանդ որ մռնչող առիւծը՝ Սատանան, «ազատ» արձակուած է:
Մէկ համար անդին առաքեալը կըսէ.- «Հաստատուն հաւատքով դէմ դրէք անոր» (Ա.Պտ 5.9): Հոս առաքեալը միայն հաւատքի մասին չէ՛ որ կը խօսի, այլեւ՝ դէմ դնելու մասին: Իսկ դէմ դնելը ծալապատիկ նստելով չըլլար: Այս համարին մէջ, հաւատքն ու հաւատքով դէմ դնելը միասնաբար կը յիշուին: Անկարելի է հաւատալ առանց դէմ դնելու եւ կամ դէմ դնել առանց հաւատալու: Հաւա՛տքն է որ մեր ներսիդին կը զօրացնէ Չարին դէմ դնելու ոգին։ Պէտք է դէմ դնել Սատանային մի՛շտ ապաւինելով Աստուծոյ շնորհքին, եւ ապաւինիլ Աստուծոյ շնորհքին մի՛շտ դէմ դնելով Չարին։
3- «Մրցադաշտին վրայ վազքի մասնակցողներուն օրինակը գիտէք չէ՞: Վազելը՝ բոլորն ալ կը վազեն, բայց մրցանակը մէկ հոգի կը շահի:
Դուք ալ այնպէս վազեցէք՝ որ մրցանակին հասնիք» (Ա.Կր 9.24): Արդեօք առաքեալը «Այնպէս վազեցէք՝ որ մրցանակին հասնիք» խօսքով, խաղաղ եւ հանգիստ կեանք մը ապրելու կո՞չ է որ կուղղէ մեզի, թէ՝ վազելու կոչ մը։ Յստակ է որ վազելու կոչ մը։ Իսկ վազելը՝ քրտնիլ, տքնիլ, գլորիլ եւ վերստին կանգնիլ չե՞նթադրեր։ Աստուծոյ շնորհքով փրկուած մարդուն կեանքը անդադար վազքի կեանք մըն է: Սիրելի՛ բարեկամ, չվախնանք վազելու ու քալելու Քրիստոսով մեր առջեւ բացուած հաւատքի ճամբուն վրայ։ Բնա՛ւ չմտահոգուինք որ կրնանք թուլնալ, յոգնիլ եւ ընկրկիլ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքով փրկուած մարդոց «ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին» (Ես 40.31)։
Պօղոս առաքեալ որ բոլորէս աւելի Սուրբ Հոգիով լեցուած եւ բոլորէս աւելի աշխատած ու չարչարուած էր, կըսէ. «Ես այսպէս կը վազեմ, ահա, եւ ո՛չ թէ անորոշ ուղղութեամբ. կը մրցիմ կռփամարտիկի մը պէս, որ օդը չի ծեծեր: Բայց ինքզինքս սեղմումներու կենթարկեմ ու կը զսպեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ես ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես՝ որ ուրիշներուն կը քարոզեմ» (Ա.Կր 9.26-27): Առաքեալը ուրիշներուն քարոզելն ու ինքզինքին ուշադրութիւն դարձնելը իրարմէ չի զատեր։ «Ինքզինքս սեղմումներու կենթարկեմ» խօսքը, անգործ նստած մարդու մը կեանքին պատկերացումը չէ: Եթէ Պօղոս առաքեալ փրկութիւնը կորսնցելու մտավախութիւնը ունէր, հապա մենք ի՞նչ ըսենք եւ ի՞նչ ընենք: Նստի՞նք եւ սպասենք որ Աստուծոյ շնորհքը գործէ մեր կեանքերուն մէջ։
4- «Ո՛չ տնկողը կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ, ո՛չ ալ ջրողը, այլ աճեցնողը՝ Աստուած» (Ա.Կր 3.7): Առաքեալը իր այս խօսքով չի՛ հերքեր կարեւորութիւնը տնկողին եւ ջրողին, այլ կը շեշտէ առաջնահերթութիւնը աճեցնողին՝ Աստուծոյ: Բնականօրէն պատիւը աւելի Աճեցնողին է որ կերթայ քան տնկողին եւ ջրողին, բայց եթէ տնկուած ու ջրուած բան չկայ, Աճեցնողը ի՞նչ բան պիտի աճեցնէ: Հետեւաբար, Աստուած եւ մենք միասնաբար պէտք է գործենք, մէկս միւսին հետ եւ մէկս միւսին կողքին:
5- Երբ Քրիստոս կը խօսի արքայութեան մասին, զայն կը նմանցնէ մանանեխի հատիկի մը որ մարդ մը առնելով կը ցանէ իր արտին մէջ (Մտ 13.31-32): Բոլորս ալ գիտենք որ հատիկ մը որպէսզի ծլի, աճի, ծաղկի եւ պտուղ բերէ, մեծ աշխատանքի կը կարօտի: Ջրուիլ, դեղուիլ, մաքրուիլ, շուրջը փորուիլ եւ այլ բաներ կը պահանջէ: Քրիստոսի ըսել ուզածը այն է, որ արքայութեան համար աշխատանք պէտք է տանինք: Ինչպէս հատիկը հետեւողական խնամքով միայն կրնայ հետզհետէ աճիլ եւ կատարելութեան հասնիլ, այնպէս ալ անդուլ աշխատանքո՛վ միայն երկինքի արքայութիւնը կատարեալ ներկայութիւն կը դառնայ մեր կեանքերուն մէջ։
6- Քրիստոս «բարի եւ հաւատարիմ ծառայ» կոչեց այն մարդը, որ հինգ հարիւր ոսկի դրամին կողքին հինգ հարիւր եւս շահեցաւ (Մտ 25.21), իսկ «չար ու ծոյլ ծառայ» կոչեց անոր՝ որ ո՛չ մէկ ճիգ թափած էր իրեն տրուած դրամը շահարկելու համար (Մտ 25.26): Բացայայտ է հետեւաբար, որ Քրիստոսի հայեացքով, անգործութիւնն ու ծուլութիւնը չարիք են: Աստուծոյ կողմէ տրուած դրամը խորհրդանիշ է Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւներուն եւ շնորհքներուն, ձիրքերուն եւ կարողութիւններուն, հարստութեան ու իմաստութեան, եւ ամէն տեսակի առաւելութիւններուն։ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած շնորհքները պէտք չէ գերեզմանենք մեր սիրտերուն մէջ, այլ զանոնք պէտք է օգտագործենք Աստուծոյ փառքին համար, որպէսզի անոր լիառատ շնորհքէն մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստանանք (Յհ 1.16)։
Եթէ չօգտագործենք աստուածատուր մեր շնորհքները, անոնք օր մը կրնան լիովին խլուին մեր ձեռքերէն, ինչպէս Քրիստոս ինքն իսկ առակին աւարտին կըսէ. «Չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն ալ» (Մտ 25.29)։ Աստուած կողորմի անոնց՝ որոնք կը գործեն Աստուծոյ ողորմութեան ապաւինելով: Անգործութիւնը կը «զարմացնէ» զԱստուած։ Յիսուս անգործ նստածներուն հարցուց. «Ինչո՞ւ ամբողջ օրը պարապ կեցեր էք հոս» (Մտ 20.6)։ Այս հարցումը ուղղուած է ոեւէ մարդու որ անգործ նստած կը սպասէ որ Աստուած գործէ իր փոխարէն:
Վերեւ յիշուած բոլոր բացատրութիւններով, երբե՛ք ըսել չենք ուզեր որ Աստուած առանց մեզի բան մը չի՛ կրնար ընել: Աստուած առանց մեզի ամէն բան կրնայ ընել (Ես 40.13-14: 43.13), մե՛նք է որ առանց իրեն բան մը չենք կրնար ընել (Յհ 15.5)։ Փաստօրէն, յիշեցէք առաքեալներուն վիճակը Քրիստոսի յարութենէն եւ խաչելութենէն ետք։ Անոնցմէ ո՞վ կրցաւ Աւետարանը քարոզել Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ լեցուելէ առաջ։
Անոնք բոլորը ահով լեցուած իրենց պատեաններուն մէջ քաշուած էին։ Սուրբ Հոգին ստանալէ ե՛տք միայն իրենց ահը փարատեցաւ եւ դարձան գործակիցներն ու վկաները Քրիստոսի։ Առաքեալները Տիրոջ գործակցութեամբ Աւետարանը քարոզեցին (Մր 16.20): Աստուած չի՛ գործակցիր գործէն փախչողին հետ:
Ոեւէ մարդ որ Քրիստոսի փրկութեան ժառանգորդը դառնայ, անպայմանօրէն պիտի ուզէ եւ աշխատի որ ուրիշներն ալ դառնան։ Դո՛ւք ըսէք, ծալապատիկ եւ անգործ նստած մարդը, Յիսուսի աշխարհ բերած փրկութիւնը կրնա՞յ տարածել իր շրջապատին մէջ: Միթէ բարին գործելը չէ՞ որ հոգեկան գոհունակութիւն կու տայ մեզի։ Հոգեկան ի՞նչ գոհունակութիւն կրնայ ունենալ անգործ նստած մարդը։ Աստուած երբեք պիտի չուզէր որ իր շնորհքով փրկուած մարդը չաշխատէր ուրիշներու փրկութեան համար։
Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ կուզես գործել Աստուծոյ համար եւ Աստուծոյ գործը, եթէ կուզես դառնալ Աստուծոյ գործակիցը եւ զԱստուած դարձնել գործակիցդ, նախ թոյլ տուր որ Քրիստոսի արիւնը եւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին գործեն սիրտիդ մէջ՝ քեզ հաշտեցնելու համար մեր երկնաւոր Հօրը հետ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից