Դեսպան Աթաբէկեանի հետ Արամ Ա-ի զրոյցը կեդրոնացաւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Հայաստանի եւ Յունաստանի դեսպանները:

Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ Նորին Սրբութեան զրոյցը կեդրոնացաւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Ապրիլ 24-ի նշումին վրայ՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Յունաստանի դեսպանուհի Տեսփինա Քուքուլոփուլուն եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդին դատը արդարութեան դատ է, եւ յոյն ժողովուրդը կը միանայ յանուն արդարութեան ու մարդկային իրաւանց դարաւոր պայքարին:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ նետելու Լիբանանը յուզող խնդիրներուն ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան վրայ:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ

Տեսանյութեր

Լրահոս

Լուրերի օրացույց

Ապրիլ 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիրակի
« Մարտ   Մայիս »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930