Բաժիններ՝

Հայրենադարձման համակարգման ուղիով

Զանգուածային՞ թէ այլ վիճակի հայրենադարձութիւն՝սփիւռքը պիտի շարունակէ մնալ որպէս ապրող ներկայութիւն։ Եւ այս իրականութիւնէն մեկնելով արժէ դիտարկել եւ տեսնել սփիւռքը որպէս «մնայուն» ներկայութիւն որ երեւի կրնայ դրական ազդեցութիւն եւ ներդրում ունենալ համահայկական տարբեր օրակարգերու համար եթէ լաւապէս համադրուի եւ կազմակերպուի։

Հրայր Ճէպէճեան

Պետք է սահմանել Հայաստան-Սփյուռք հարաբերությունները

Հայաստանում գոյություն ունեցող խնդիրներից մեկը երբեք չդադարող արտագաղթն է եղել։ Ինչո՞վ կբացատրեք այդ երևույթը։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը ստացաւ 1991 տարին։ Դժբախտաբար արտագաղթը չի դադրեցաւ այդ թուականէն սկսեալ եւ մինչեւ այսօր։ Հիմնական պատճառը եթէ տնտեսական էր եւ քաղաքացիին համար բարւոք կեանք ապահովելու պակաս՝նաեւ շրջանային քաղաքական անորոշութիւնը ու տակաւին Հայաստանի վրայ կիրարկուած սահմանային շրջափակումը դրացի երկիրներու կողմէ։ Պիտի նաեւ տեսնել թէ Հայաստանի պատմութեան երեսուն եւ աւելի երկար ժամանակահատուածի մէջ կարելի չեղաւ պետականութիւն մը ամրագրել երկրի վարչամեքենայի որպէս ամուր կռուան՝ուր քաղաքացիին պիտի շնորհէր յոյս ու անոր քաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ վստահութիւն։ Այս բոլորին վրայ պիտի աւելցնել նաեւ Հայաստանեան կեանքի մէջ ընդհանրացած կաշառակերութիւնը՝ինչ որ հայրենի քաղաքացիական կեանքի յառաջխաղացքին օգտակար չեղաւ։

2020թ․ պատերազմից հետո ՀՀ-ում շատերի մոտ ուժեղացել է երկրից հեռանալու ձգտումը։ Արդյո՞ք պարտությունը պատերազմում իրոք անվտանգային ծայրահեղ խնդիրներ է առաջացրել ՀՀ բնակիչների համար, թե այդ տրամադրությունները առավելապես հետպատերազմյան բախումներն ուղեկցող ու պարտությունից հետո մնացած ընկճվածություն է։

Քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմը եւ պարտութիւնը ծանր հետեւանքներ ձգեց հայութեան հոգեբանութեան վրայ եթէ Հայաստանի բայց նոյնքան սփիւռքեան մակարդակներու վրայ։ Կայ յուասահատութեան եւ յուսախաբութեան մէջ ապրող հայկական իրականութիւն մը որ նաեւ մղած է զայն անտարբերութեան։ Այս իրավիճակին վրայ եթէ պատերազմը եւ պարտութիւնը իրենց բաժինը թողած են՝նոյնքան նաեւ յետ-պատերազմեան անմիաբանութիւնը հայաստանեան իրականութեան մէջ։ Հայկական կեանքի մէջ ներքին պառակտուածութիւնը, անհամերաշխութիւնը եւ զիրար չ՚ընդունելու տրամադրութիւնները այսօր մեծապէս կ՚ազդեն հայուն իր երկրէն հեռանալու տրամադրութիւններուն վրայ։ Պատերազմի պարտութիւնը եւ անոր ստեղծած հոգեկան ներկայ օրերու այս դժուար տրամադրութիւնը կարելի պիտի ըլլար որոշ չափով աւելի դրական կեցուածքով ամոքել եթէ հայութիւնը աւելի միասնական եւ համախոհական ձեւով իր ազգային-քաղաքական եւ ընկերային համակարգերը համադրեր։ Ազգային միասնական կեցուածք մը շատ աւելի «բուժիչ» միջոցառում մը պիտի ունենար եւ հայ ժողովուրդը հոգեպէս աւելի լաւ պիտի կարենար դէմ դնել պատերազմին պատճառած յուսախաբութեան եւ յուսալքութեան տրամադրութիւնները։ Այս իմաստով՝ եթէ պարտութիւնը իր բաժինը ունի ներկայ օրերու այս տրամադրութիւններուն, նոյնքան նաեւ յետ-պատերազմի ստեղծած անմիաբանութիւնը եւ ներքին պառակտումերը ու արճակատումները։

Մշտապես շեշտվել է, թե ինչ հսկայական վնասներ է հասցրել արտագաղթը հայ ժողովրդին, իսկ ի՞նչ վիճակում է գտնվում ՀՀ Սփյուռքը։ Որո՞նք են Սփյուռքի հիմնական խնդիրները։

Հայկական սփիւռք-սփիւռքները նոյնպէս կապրին յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան տրամադրութիւնները եւ հոգեվիճակը։ Հայաստանեան քաղաքական եւ ընկերային կեանքի իրավիճակները եւ իրականութիւնները նոյնպէս իր ժխտական ազդեցութիւնները կունենան սփիռքահայ իրականութիւններու վրայ։ Այս մէկը շեշտակի կերպով ակնյայտ եղաւ քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմէն ետք ու անոր պատճառած ներ-հայկական անմիաբանութեան համար։

Հայաստանեան քաղաքական տարակարծութիւնները նոյնպէս եւ նոյնքան կը տեղափոխուին սփիւռքահայ իրականութիւններու մէջ՝եւ այս ուղղակի կամ անուղղակի կերպով։ Սփիւռքն ալ այսօր կապրի իր ներ-հայկական տարակարծութիւնները եւ բաժանումները եւ տակաւին պառակտումներ սկսած են իւրաքանչիւր ազգային-կուսակցական միաւոր ինք իր կառոյցին մէջ։ Այս բոլորին վրայ կուգայ աւելնալու Սփիւռքահայ իրականութիւններու եւ կեանքերու վերանորոգումի եւ վեարաշխուժացումի հրամայականը։ Անհրաժեշտ դարձած է ներկայ աշխարհի պարտադրած կեանքի պայմաններուն նկատմամբ որդեգրել անհրաժեշտ պատրաստուածութիւն սփիւռքահայ բոլոր իրականութիւններու մէջէն։

Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքի հայերը լեզվամտածողությամբ արդեն իսկ տարբեր մշակութային խմբեր չեն ներկայացնում իրենցից։ Ինչպե՞ս կարող են տարբեր հոգեբանություն և մտածելակերպ ունեցող մարդիկ մեկ ընդհանուր համաձայնության գալ միմյանց հետ ցանկացած հարցում։

Հայաստանի մէջ ապրող հայերը եւ դասական սփիւռքի հայութիւնը ունին լեզուամտածողութեան տարբերութիւնները եւ այս արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մէջէն։ Ու տակաւին կան կենցաղային եւ ապրելակերպի ու նոյնքան նաեւ դաստիարակութեան տարբերութիւններ։ Պէտքը չէ նաեւ դերագնահատել սփիւռքի մէջ ծնած եւ մեծցած հայուն կեանքի պայմանները՝իր ազգային ու քաղաքացիական պիտակներովը որ կը տարբերի Հայաստանի մէջ ապրող հայուն կեցուածքներէն։ Այս բոլոր տարբերութիւններուն մէջէն կայ մէկ հիմնական եւ կարեւոր յայտարար մը՝ որ բոլորս ալ ՀԱՅ ենք եւ ունինք եւ կը պատկանինք նոյն մշակութային աւանդին։ Այս իմաստով պիտի աշխատիլ որպէսզի Հայաստանը եւ Սփիւռքը զիրար գօտեպնդող օղակներ եւ միջոցառումներ ստեղծեն։ Եւ հոս պիտի կայանայ Հայաստան- Սփիւռք յարափերութիւններու կարեւորութիւնը ուր կարելի պիտի ըլլայ կամուրջներ հաստատել որպէսզի ընդհանուր յայտարարներ ստեղծել։ Այս իմաստով՝Սփիւռքի Նախարարութեան վերստեղծումը եւ վերաշխուժացումը շատ անհրաժեշտ միջոցառումներ են որպէսզի Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան մէջ ստեղծուի հասարակաց գիծեր։ Այս բոլորին վրայ կուգայ աւելնալու սփիւռքեան նոր իրականութիւնը՝ուր դասական սփիւռքի կողքին այսօր կազմաւորուած է Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներ։ Եւ հոս ալ կան տարբերութիւններ որ պէսք է կամրջուին։ Այս երկու սփիւքներու միջեւ ալ չիկան պէտք եղած համակրման միջոցառումներ։ Անհրաժեշտութիւնը կայ հասարակաց գիծեր ստեղծել նաեւ սփիւռքեան մակարդակներու մէջ։ Հայաստանի եւ անոր Սփիւռքի նախարարութեան դերը նոյնպէս անհրաժեշտութիւն է այս իրավիճակներուն համար։

ՀՀ և Սփյուռքի հայերը շատ հարցերում փոխվստահություն չունեն միմյանց նկատմամբ։ Ո՞րն է հիմնական պատճառը և ինչպե՞ս լուծել այդ հարցը։

Առաջին հերթին պէտք է սահմանել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։ Սփիւռքը Հայաստանի համար ինչ՞ կրնայ նշանակել։ Եթէ կայ համախոհութիւն մը՝ինչ որ ներկայ օրերուն քանիցս կը յիշուի՝որ սփիւռքը Հայաստանի դաշնակիցն է եւ երեւի միա՞կ դաշնակիցը։ Այս իմաստով՝ինչ՞ կրնայ նշանակել դաշնակից եւ ինչ՞ են պարտաւորութիւնները եւ երկուստեք։ Հայաստանի համար սփիւռքը ինչ կրնայ ըլլալ եւ հակառակն ալ ճիշդ է։ Արդյո՞ք սփիւռքը Հայաստանի համար նիւթական ապահովող իրականութիւն է եւ միայն այդ։ Թէ կայ նաեւ անհրաժեշտութիւնը հայրենիքը կերտել ՄԻԱՍԻՆ։ Եթէ սփիւռքեան տնտեսական ներուժը անհրաժեշտ է՝բայց նոյնքան նաեւ պիտի աշխատիլ որպէսզի սփիւռքեան մտաւոր ու մասնագիտական ներուժը ներմուծել հայրենաշինութեան եւ Հայաստանաշինութեան գործընթացին մէջ։ Անհրաժեշտութիւնը կայ Հայաստանեան եւ սփիւռքահայ մտաւոր, տնտեսական եւ մասնագիտական ՈՒԺԵՐԸ համախմբելու եւ համադրելու եւ իրար հետ-միջեւ ներմուծելու գրաւականը։

Կայ նաեւ ներ-Հայաստանեան իրավիճակը որ նոյնպէս իր ազդեցութիւնը ունի այս իմաստով։ Ինչպէս վերեւ յիշեցինք՝կայ զորաւոր պետականութիւն մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը որ կրնայ վայելել յարգանք եւ վստահութիւն բոլոր հայերու կողմէ եւ որ կրնայ մեծապէս նպաստել որպէսզի փոխ վստահութիւն ստեղծուի երկու հայկական «բեւեռներու» միջեւ։ Ուժեղ եւ անկողմնակալ պետականութիւն մը լաւապէս պիտի կարենայ հայութիւնը իր տարբեր մտածողութիւններով իրար քով բերել եւ հայկական կեանքը համադրել։ Եւ այս տեսակի պետականութիւն մըն է որ համահայկական իրականութիւններու համար յաջողութեան լաւագոյն գրաւականը կրնայ դառնալ։

ՀՀ-Սփյուռք հարաբերություններում ժամանակ առ ժամանակ առաջացող լարվածությունը ի՞նչ պատճառներով է առաջացել և ի՞նչ հետևանքներ է թողնում ինչպես Հայաստանի, այնպես էլ Սփյուռքի վրա։

Նախ պէտք է ներկայացնել Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու պատմական ենթահողը որպէսզի աւելի լաւ հասկնալ եւ տեսնել ներկայ օրերու մթնոլորտները։ Սովետական ժամանակահատուածին կար «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն» որ լաւ աշխատանք տարաւ Հայաստան-սփիւռք մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտներու եւ անոնց յարափերութիւններու զարգացմանը մէջ։ Անկախութենէ ետք ստեղծուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը որ լաւ աշխատանք տարաւ որպէսզի Հայաստան եւ սփիւռք փոխ յարաբերութիւնները ստեղծուին եւ երկու միաւորները զիրար աւելի լաւ ճանչնան։ Բայց այս գործընթացը դիւրին եւ արագ չեղաւ։ Երկար ժամանակ խլեց որպէսզի Հայաստան եւ սփիւռք զիրար «ճանչնան»։ Եւ ճանչնալէն ետք փոխ-վստահութիւն հաստատել։ Եւ հոս արժէ յիշել թէ կրցանք արձանագրել յաջողութիւններ։ 2018 թուականէն եւ յատկապէս քառասուն եւ չորս օրերու պատեէազմէն ետք՝ճեղքը Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ խորացաւ եւ այն ինչ որ կրցանք իրականացնել տարիներու վրայ երկարած՝ փոխուեցաւ եւ նոյնիսկ պիտի համարձակիմ ըսելու վերացաւ։ Ասոր պատճառները մէկէ աւելի է։ Սփիւռքեան տեսադաշտէն ելլելով՝այսօր կայ յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան մթնոլորտ մը Հայաստանի իրավիճակի նկատմամբ բայց նաեւ կայ անտարբերութիւն եւ անվստահութիւն։ Յարաբերութիւններու միջեւ կայ անջրպետ եւ այս իրավիճակը որեւէ ձեւով օգտակար չէ ոչ սփիւռքի համար եւ նոյնքան ալ Հայաստանի։ Կայ կարեւոր առաքելութիւնը վերակազմակերպել յարաբերութիւնը եւ վստահութիւնը եւ այս իմաստով անհրաժեշտութիւնը կը տեսնենք սփիւռքի նախարարութեան վերստեղծումին։

Շատերն այն կարծիքին են, որ արտագաղթն ավերում է Հայաստանը և մեզ հիմա կազմակերպված ու զանգվածային հայրենադարձություն է պետք։ ՀՀ-ը և Սփյուռքը պատրա՞ստ են զանգվածային հայրենադարձության։

Ես չեմ կրնար տեսնել թէ ներկայ իրավիճակի մէջ կարելի է «զանգուածային հայրենադարձութիւն»։ Հայաստանի ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակները չեն կրնար կազմակերպել այս մէկը։ Սփիւռքն ալ պէտք ունի վերահաստատել Հայաստանի նկատմամբ իր վստահութիւնը եւ մեկնարկէ այս իրադարձութեան որ դուք կը մատնանշէք։ Բայց կարելի՞ է մեկնարկել «փուլային-փաթեթային» հայրենադարձութիւն։ Յատկապէս այն գաղութները, ինչպէս է միջին արեւելեանը, ուր քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամ կապրին եւ այս երկիրներու կացութիւնը անյստակ է, կարելի է քաջալերել հայեր այս երկիրներէն, օրինակի համար, որպէսզի Հայաստան հաստատուին։ Այս վերջինը իրականացնելու համար նոյնքան անհրաժեշտ է ընկերա-տնտեսական ու քաղաքացիական լաւ մշակուած ծրագիրներու։

Կայ այլ իրականութիւն եւ տուեալ մը։ Ներկայ աշխարհի մէջ շատ են իրավիճակներ ուր մարդիկ կապրին երկու տարբեր երկիրներու մէջ։ Աշխատանքային թէ այլ պատճառներու համար, բաւական է թիւը նաեւ հայորդիներու որոնց մէկ ոտքը մէկ երկրի մէջ է իսկ միւսը այլ։ Այս երեւոյթը նաեւ կարելի է քաջալերել որպէսզի սփիւռքահայեր նկատի ունենան իրենց «մէկ ոտքը» զետեղել հայրենիք։ Եւ այս կրնայ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայուն համար փոխ շահաւէտ ըլլալ եւ տարբեր իրականութիււներու մէջէն։

Այս բոլոր իրավիճակներէն անդին կայ այլ իրականութիւն մը որ պէտք է նկատի ունենալ։ Զանգուածային՞ թէ այլ վիճակի հայրենադարձութիւն՝սփիւռքը պիտի շարունակէ մնալ որպէս ապրող ներկայութիւն։ Եւ այս իրականութիւնէն մեկնելով արժէ դիտարկել եւ տեսնել սփիւռքը որպէս «մնայուն» ներկայութիւն որ երեւի կրնայ դրական ազդեցութիւն եւ ներդրում ունենալ համահայկական տարբեր օրակարգերու համար եթէ լաւապէս համադրուի եւ կազմակերպուի։

Որո՞նք են հայրենադարձությանը խանգարող հիմնական պատճառները։ Սփյուռքը ցանկանո՞ւմ է հայրենադարձություն։

Այս հարցին երեւի վերը յիշեցի եւ բաւական մանրամասնութեամբ։ Պիտի ուզէի մէկ հարց մըն ալ աւելցնել հոս եւ վերը յիշուած բոլոր ըսուածները վերահաստատելով։

Հայաստանը հայութեան ամրոցն է թէ սփիւռքի, Արցախի եւ նոյնինքն Հայաստանի համար։ Հայաստանը հայրենիք է, որ ինքնութիւն, պատկանելիութիւն եւ ապրելու ուժ կը սրսկէ համայն հայութեան համար եւ ի մասնաւորի սփիւռքահայուն։ Շատ են պարագաները ուր սփիւռքահայեր իրենց ազգային պատկանելիութիւնը վերագտած են եւ ամրացուցած Հայաստան իրենց այցելութեամբ եւ հայրենիքի հետ իրենց փոխ կապուածութեամբ։ Այնպէս որ Հայաստանի ուժեղացումը եւ վերակազմակերպումը անհրաժեշտ գրաւական է մէկ կողմէ հայրենադարձութեան օրակարգի դիտանկիւնէն բայց նոյնքան նաեւ սփիւռքահայուն ազգային ինքնութեան ամրապնդումին, երբ ան որոշած է, որ գէթ մէկ կարեոր միաւորը՝ ապրիլ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ։ Այս վերջին մատնանշումը նոյնքան կարեւոր գոյծընթաց է ինչպէս որ է հայրենադարձութիւնը։

ՀՀ-ից արտագաղթող և ՀՀ վերադարձող հայերը սովորաբար ի՞նչ հիմնական խնդիրների են բախվում ամեն մեկն իր առումով և ո՞ւմ համար է ավելի բարդ նոր միջավայրին հարմարվելը։

Հոս կայ կենցաղային եւ մտածողութեան, ապրելակերպի ու ընկերային սովորութիւններու տարբերութիւնները որ երբեմն կրնան մեծ ըլլալ։ Բոլորս հայ ենք բայց տարբեր ենք։ Ու տակաւին, սփիւռքահայը ինք իր մէջ ունի տարբերութիւններ՝ինչպէս օրինակի համար լիբանանահայը կրնայ տարբեր ըլլալ Ֆրանսահայէն ՝բայց նոյնքան նաեւ եւ աւելի Հայաստանի հայէն։ Եւ այս իրավիճակը կրնայ ստեղծել համարկման մէկ մեծ մարտահրաւէր։ Եթէ մէկ կողմէ լեզուական բայց նոյնքան նաեւ հոգե-մտածողութեամբ եւ կենցաղային։ Այս իմաստով անհրաժեշտ է ստեղծել համարկման միջոցառումներ եւ այս պետական թէ այլ նախաձեռնութիւններով՝ որ պիտի կարենայ յաղթահարել այս իրավիճակները եւ գոյակեցութիւն ստեղծել։ Այս բոլորը «բնական» երեւոյթներ են եւ պէտք չէ մեզ յուսալքէ։ Հայկական պատմութեան «պարտադրած» իրավիճակն է երբ ցեղասպանութենէ ետք աշխարհով մէկ տարածուեցանք եւ դարձանք սփիւռք։ Եւ սփիւռքեան իրականութիւններու մէջէն իւրաքանչիւր հայ իւրացուց իր ապրած երկրի նկարագիրը եւ կենցաղը եւ մէջտեղ եկան հայեր եւ հայկական իրականութիւններ իրենց տարբերութիւններով։ Բայց այս իրավիճակն ալ կարելի է վերածել ՈՒԺԻ եթէ կրնանք բոլոր այս տարբերութիւնները տեսնել որպէս ներդրում՝ուր յուրաքանչիւր սփիւռքահայ կրնայ իր փորձառութիւնը իր ապրած երկրին մէջէն ներմուծել հայրենի իրականութեան եւ անոր յառաջխաղացքին համար։ Եւ հոս կայ պարտականութիւն մը. թէ՞ ինչպէս հայրենի պետականութիւնը պիտի ուզէ համարկման միջոցառումներ ստեղծել որպէսզի տարբերութիւնները վերածէ յաղթող իրականութիւններու։

Եթե զանգվածային հայրենադարձություն տեղի ունենա, դա նշանակո՞ւմ է, որ Սփյուռքը նվազելու է ինչպես մարդկային ռեսուրսի, այնպես էլ ֆինանսական և նյութական առումով։ Եվ եթե այո, արդյո՞ք դա վտանգներ չի առաջացնի, քանի որ հայկական Սփյուռքը այսօր ոչ միայն օտար երկրներում ապրող հայերի խումբ է, այլև քաղաքական, ֆինանսական, նյութական հզոր խաղաթուղթ։

Ինչպէս վերեւ յիշեցի, չեմ խորհիր ներկայիս եւ մօտիկ ապագային կարելի է զանգուածային հայրենադարձութիւն տեղի ունենայ ինչպէս որ դուք կ՚ակնարկէք։ Բայց եթէ տեղի ունենայ, սփիւռքեան իրադարձութեանը համար այդ պիտի ըլլայ թեկուզ թիւի-մարդուժի նուազում։ Սփիւռքահայ մեր իրականութիւններ ունինք, որոնք կրած են այս մարդուժի եւ թիւի նուազումները, ինչպէս է միջին արեւելեան հայաշատ գաղութները։ Այս ըսելով՝պատմութիւնը եւ փորձը ցոյց կուտայ թէ նոյն այս գաղութները որոնք մարդուժի նուազում ունեցած են, կրցած են պահել իրենց կենսունակութիւնը եւ իրենց ներդրումը շարունակել մէկ կողմէ իրենց ներ գաղութային կեանքին բայց նոյնքան նաեւ համահայկական իրականութիւններու համար։ Կայ նաեւ այլ իրականութիւն մը որ վերեւ դարձեալ յիշեցի։ Ներկայ օրերուն կարելի է որ հայը ապրի եթէ Հայաստան բայց նաեւ առընչուածութիւն եւ կապ ունենայ իր ծննդավայրի հետ։ Ու տակաւին՝տեղեկատուութեան աշխարհի ընձեռնած կարելիութիւնը եւ յառաջխաղացքը այսօր կրցած է աշխարհագրական հեռաւորութիւնները նուազեցնել եւ այս զգալի ձեւով։ Աշխարհ այսօր շատ աւելի արագ եւ դիւրին ձեւով ինք իր եւ իրար միջեւ ընդելուզուած է։ Հայը այս իմաստով շատ աւելի լաւ կերպով կրնայ ինք իր կեանքը համախմբել տարբեր մակարդակներու եւ երկիրներու միջեւ։ Հայուն կը մնայ կամքը եւ պատրաստակամութիւնը այս բոլոր իրագործելու համար։

Ինչպե՞ս եք գնահատում այս տարվա հոկտեմբերին տեղի ունեցած համահայկական խորհրդաժողովը։

Հոկտեմբերին կայացած համահայկական խորհրդաժողովը լաւ կազմակերպուած էր եւ նիւթերու ներկայացումը եւ անոնց բովանդակութիւնը այժմէական։ Այն ինչ որ ակներեւ էր դասական սփիւռքի եւ անոր տարբեր կառոյցներու եւ ներկայացուցիչներու բացակայութիւնը՝ ինչ որ չի նպաստեց խորհրդաժողովի նպատակներու իրագործմանը համար։

Հայաստան-Սփյուռք հարաբերությունները շատերի համար ամփոփվում են Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին ամեն տարի կատարվող նվիրատվությունների սահմաններում։ Արդյո՞ք միայն ֆինանսական աջակցությունը բավական է, թե իրականում դա էլ իր տեսակի խնդիր է։

Այսօր կայ մէկ մեծ անհրաժեշտութիւն-հրամայական մը։ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը պէտք չէ դիտարկել եւ վերածել զայն միայն նիւթական եւ տնտեսական կապերու եւ իրագործումներու համար։ Կայ մեծ կարիքը սփիւքահայ մտաւոր եւ մասնագիտական ներուժին մասնակցութեանը հայրելի կեանքի բոլոր մարզերու մէջ՝ներառեալ քաղաքական կեանքին եւ պետականաշինութեան համար։ Հայաստանի դիմագրաւած շատ մը տարածաշրջանային հիմնահարցերուն մէջ՝ անհրաժեշտութիւնը կայ սփիւռքի մասնակցութեանը եւ օժանդակութեանը ներ-Հայաստանեան կեանքի կազմաւորումին ի խնդիր։ Այս իմաստով պէտք է համոզուիլ որ ժամանակն է փոխելու Հայաստան-սփիւռք փոխ յարաբերութեան «ռազմավարութիւնը»։

Ի՞նչ կարող են և պիտի անեն ՀՀ-ը և Սփյուռքը միմյանց համար։

Հայ ժողովուրդի ընդհանրական հարստութիւնը իր ՄԱՐԴՈՒԺԻՆ մէջ է։ Եւ մարդուժը իր տարբեր մասնագիտական ոլորտներուն մէջէն։ Այս իմաստով՝Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք ունին հսկայական մարդուժի ցանց մը որ կրնայ մեծ իրագործումներ կատարել եթէ համադրուի։ Այն ինչ որ կը պակսի մեզ համար այս համադրումի պատրաստակամութիւնն է եւ զայն իրագործելու ցանկութիւնը եւ միջոցառումը։

Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքը համահայկական մասշտաբով ունեն մեկ ընդհանուր գաղափարախոսություն և նպատակ։

Երեւի այսօր չունին՝ բայց այդ չի նշանակեր թէ պէտք չէ որ ունենան։ Հայը իր պատմութեան բոլոր ժամանակահատուածներու մէջէն անցած է շատ մը դժուար եւ ողբերգական իրավիճակներու մէջէն։ Բայց ան կրցած է ոչ թէ միայն ապրիլ այլ իր պատմութիւնը տանիլ հորիզոնէն անդին եւ ապահովել նոյնինքն իր պատմութեանը շարունակականութեան գործընթացը։ Ու տակաին՝ան կրցած է համաշխարհային քաղաքակրթութեանը մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունենալ իր պատմա-մշակութային մեծ աւանդի միջոցաւ։ Եւ այս նպատակի իրագործումին պիտի հաւատալ եւ աշխատիլ իրագործելու համար զայն։

Հայաստան-Սփյուռք հար աբերությունների ձեր իդեալական մոդելը։

Ստեղծել Հայաստան-Արցախ եւ սփիւռք երամիասնութեան ամուր կռուան։ Հայուն պատմութեան շարունակականութեան ամուր հիմքը եւ ապահովութիւնը այս եռամիասնութեան մէջ է։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Ընդհանուր Քարտուղար Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

Քուէյթ

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս