Բաժիններ՝

Վարդան Պետրոսյան. «Ես գիտէի, որ անընդհատ պէտք է լռեմ, որովհետեւ թակարդներ լարուած էին դիմացս». «Ազդակ»

Վարդան Պետրոսեանի հետ «Ազդակ»-ին հարցազրոյցը, ուր կեանքի դասերը կը տողանցեն` արուեստէն շատ աւելի անդին ու խոր:       

– Աւելի քան 4 տարի առաջ կիսատ մնացած երգը նախորդ շաբաթավերջին երեք ելոյթներով շարունակուեցաւ Լիբանանի մէջ, անկէ առաջ` Միացեալ Նահանգներու: Օրին երգը կանգ առաւ` անկախ ձեր կամքէն, սակայն այսօր անիկա կը շարունակուի ձեր կամքով ու վճռակամութեամբ: Յաղթանակ է ասիկա, ինչ որ մեծ անակնկալ չէ ձեր արուեստին հետեւած եւ ձեր նկարագիրին ծանօթ արուեստասէրներուն եւ հայորդիներուն: Ինչպէ՞ս շարունակուեցաւ այդ երգը, եւ ինչպէ՞ս էր բեմ վերադարձը:

– Այսպէս կամ այնպէս ես շատ երկար սպասեցի այդ վերադարձին եւ վերադարձի ուղիս պատրաստեցի տարիներ շարունակ: Եթէ նայինք կեանքին, պիտի տեսնենք, որ կեանքը ինքնին անվերջ վերադարձ է,  անվերջ վերադարձ` դէպի յստակ ու լուսաւոր կէտ մը, դէպի մեր հոգիին խորքը: Մեր կեանքը  անվերջ վերադարձ է դէպի մեր փնտռտուքներու վերջնական արդիւնքը: Բնականաբար պատրաստուած եմ, պատրաստուած եմ կամաց-կամաց, երբ դուրս ելայ դէպի բաց կալանք, ես արդէն պատրաստ էի ներկայացման. թէ՛ շատ նիւթ ունէի, թէ՛ շատ բան գրեր էի, սակայն մտածեցի, որ տակաւին յարմար ժամանակը չէր:

Հաւանաբար կային հոգեբանական գործօններ, մթնոլորտին մէջ տակաւին կար լարուածութիւն, ինչպէս Աստուածաշունչի Ժողովողի գիրքին մէջ կ՛ըսուի.

«Կայ քարերը թափելու ժամանակը, կայ քարերը հաւաքելու ժամանակը». ես հասկցայ, որ քարերը հաւաքելու ժամանակն էր, բայց տակաւին` ոչ թափելու: Բաց կալանքէն ետք տարի մըն ալ անցաւ, մինչեւ որ ազատեցայ ամբողջովին եւ ահա սկսայ մենաներկայացումներուն, որոնց ժամանակը հասաւ արդէն, տարբեր երկիրներու մէջ պիտի ցուցադրեմ զայն եւ կը պատրաստուիմ նաեւ յառաջիկայ տարի Հայաստան վերադառնալու:

– Ցարդ գո՞հ էք ձեր վերադարձի արդիւնքէն:

– «Գոհ եմ» արտայայտութիւնը չի կրնար լիովին դրսեւորել իմ զգացումներս. ես շա՜տ, շա՛տ երջանիկ մարդ եմ, ես հոգեկան շատ մեծ բաւարարուածութիւն ստացած եմ ու կը ստանամ իմ ելոյթներէս, այդ փոխյարաբերութենէն: Իմ թատրոնս, մենաթատրոնս, կարծես ձեւով մը անկեղծ խոստովանութեան վայր է, անիկա տեղ մըն է, ուր ես կրնամ ուղղակի կապ հաստատել մարդոց հետ, կը տեսնեմ անոնց աչքերը, կը զգամ անոնց հոգեվիճակը, ինծի համար շատ մեծ նուէր է ունենալ հանդիսատես, որ ո՛չ միայն հանդիսատես է եւ երկրպագու, ինչպէս կ՛ըսուի յաճախ, այլ` հանդիսատես, որ քեզի համար կը դառնայ հարազատ, բարեկամ, ընկեր. հանդիսատես, որ այս վերջին տարիներուն կիսեց իմ ճակատագիրի ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանը, իսկ հիմա ան եկած է ողջունելու զիս` բեմ վերադարձիս առիթով: Շատեր, շա՜տ շատեր կը կարծէին, թէ ես այլեւս երբեք բեմ չեմ վերադառնար, շատեր կը կարծէին, թէ ընդհանրապէս պիտի կոտրուիմ եւ երբեք ոտքի պիտի չկանգնիմ ալ, շատ բարդ ու դժուար էր պատկերացնել իմ վերադարձս` ֆիզիքապէս, հոգեբանօրէն, իսկապէս դիւրին չէր:

Բայց տեղի ունեցաւ այն, ինչ որ պէտք էր տեղի ունենար. այնուամենայնիւ, ես գիտէի, որ պիտի վերադառնամ բեմ. ես բեմ վերադարձայ նաեւ շնորհիւ իմ հանդիսատեսին,  շնորհիւ այդքա՜ն անձկութեամբ եւ այդքա՜ն երկար ինծի սպասած մարդոց:

Տակաւին նոր կալանաւորուած էի, առաջին օրերն էին Կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ. ինծի գրուած նամակներէն յատկանշական էր նամակ մը, որուն մէջ երիտասարդ մայր մը կը գրէր իր դստեր մասին` նշելով, որ մինչ դուրսը ցուրտ էր, տրամադրութիւնը բաւական խառն էր, իմ դատական գործընթացս տակաւին չէր սկսած, շատ բաներ չէին յստակացած, անորոշ եւ լարուած վիճակ կար, Դիմատետրի վրայ աղմուկ էր ու աղաղակ, մարդիկ իրար կը քարկոծէին, կը հայհոյէին, շատ շիկացած մթնոլորտ կը տիրէր անունիս եւ տեղի ունեցածին գծով. մայրը կը գրէր, որ այս ամբողջ իրարանցումին մէջ ինք եւ դուստրը ցուրտին տունէն ելած` կը սպասէին թաքսիի մը. փոքր աղջնակը յանկարծ կը դառնայ մօրը եւ կ՛ըսէ.

«Մա՜մ,  հապա եթէ Վարդան Պետրոսեանը մեռնի, ո՞վ իր տեղը բեմ պիտի բարձրանայ». մայրը կը նշէ, որ ինք պատասխան չէ գտած իր դստեր տալիք ու կը գրէ. «Ձեզմէ շատ կը խնդրեմ, յանկարծ չմեռնիք, որովհետեւ ես չեմ գիտեր` ո՛վ պիտի բարձրանայ բեմ»:  Ասիկա ինծի համար չափազանց յուզիչ էր, նման նամակներ շա՜տ շա՛տ էին` երեխաներէն, մեծերէն, իսկ այս բոլորը մեծապէս գօտեպնդեցին զիս, ուժ տուին ինծի:

Հաւանաբար դուք ալ նկատած կ՛ըլլաք. երբ փոքր էի, յաճախ կը հարցնէի, թէ մամաս ինչո՞ւ չի հիւանդանար. մենք չորս երեխայ էինք, բոլորս ալ կը հիւանդանայինք  տարբեր տեսակի հիւանդութիւններով. տնեցիք եւս յաճախ հիւանդ կ՛ըլլային, բայց մաման` ոչ. գիտէ՞ք` ինչո՛ւ. որովհետեւ մայրական բնազդով ան գիտէ, որ եթէ հիւանդանայ, երեխաներուն խնամող, բուժող չկայ, իրեն կարիք ունենալով մայրական ներքին ձայնը, գիտակցութիւնը, չեն արտօներ, որ ինք տապալի: Ես միշտ հիացած եմ մայրերով, ծնողներով:

Իմ մէջս ալ նման զգացում ծնաւ, թէ` ես անհրաժեշտ եմ մարդոց, ասիկա շատ կարեւոր էր: Ի՜նչ զգացում է, ի՜նչ երջանիկ կ՛ըլլայ մէկը, երբ յանկարծ իր կեանքին մէկ պահուն զգայ, թէ մարդիկ որքա՛ն կարիք ունին իրեն, ասկէ աւելի մեծ երջանկութիւն չկայ, տակաւին ի՞նչ կը փնտռենք այս աշխարհին մէջ,  ինչպէ՞ս կը փորձենք իմաստաւորել մեր կեանքը` ինքնին ատով, թէ մենք որքանո՞վ անհրաժեշտ ենք մարդոց, մեր կեանքով ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշին ցաւին դարման ըլլալ, որքանո՞վ կրնանք մենք աղքատի մը հաց ու ջուր տալ, ծիծաղեցնել, երեխայի մը ժպիտ պարգեւել: Վերոյիշեալ նամակին մէջ մատնանշուած 6 տարեկան երեխան կը զուարճանայ ինձմով, մէջս բան մը կը գտնէ, այդ պատճառով ալ ան կը մտահոգուի իմ մահովս. այդ փոքրիկ բալիկը իմ վաղուան հանդիսատեսս պիտի դառնայ:

Ա՜յ քեզ զարմանք, Լոս Անճելըսի ներկայացումներուս  ապշեցայ, որովհետեւ լեցուն դահլիճը երիտասարդ էր. ես կը կարծէի, որ հանդիսատեսս մօտաւորապէս իմ տարիքիս կամ քիչ մը նուազ տարիքի է` 40-70 տարեկան, բայց զարմանքով տեսայ, որ դիմացս նստած էին 20-30-40 տարեկան երիտասարդներ:

Ուրեմն կը նշանակէ, որ փոքրիկ բալիկները մեծցած են իմ ներկայացումներով եւ անոնք եկած էին ողջունելու իմ վերադարձս, ողջունելու այն, որ ես ո՛չ միայն չկոտրուեցայ, այլ համարձակութիւն ունեցայ բարձրանալու բեմ եւ խօսելու իմ դառն օրերուս մասին, բայց ինչպէս միշտ, ես չանձնականացուցի այս պատմութիւնը, չսարքեցի մարդու մը ողբերգութիւն, այլ այս նիւթը ինծի համար առիթ էր, որպէսզի անգամ մը եւս հանդիպինք, համախմբուինք, ձեռք ձեռքի տալով` երգենք ու միաւորուինք: Ասիկա կ՛ողջունէր հանդիսատեսը, որ մեր Վարդանը, հին Վարդանը վերադարձաւ, ինք բանտ մտաւ, ինք տանջուեցաւ, բայց միեւնոյնն է, թէկուզ բանտէն մեզի հեռաձայնելով` յոյս եւ կորով կու տար, կը գօտեպնդէր, իսկ հիմա բեմ բարձրացաւ եւ կրկին պատասխան տուաւ մեր հարցումներուն, կրկին ըսաւ` պի՛նդ մնացէք, գօտեպնդուեցէ՛ք, տակաւին ամէն ինչ մեր դիմացն է:

– Վարդան Պետրոսեան ինչպէ՞ս կրցաւ իր այս ցաւը շրջանցել եւ զայն վերածել արուեստի: Բնական է, որ դուք` իբրեւ արուեստագէտ, իբրեւ մտաւորական ատիկա պիտի ընէիք, բայց քիչ մը դժուար է հաւատալ, որ նման բան իսկապէս իրականութիւն դարձաւ: Մարդիկ երբեմն իրենց ամէնէն մանր հարցերուն մասին կրկին խօսելէ կը խուսափին, իսկ դուք խրոխտ կանգնած էիք բեմին վրայ, իսկ այն հանդիսատեսը, որ մօտէն ու մնայուն կերպով հետեւեցաւ ձեր դատին եւ անցուցած դժուար փուլին շատ լաւ գիտէ, որ բեմին վրայ տեղի ունեցածը թատրոն չէ, այլ իրական կեանք է, այդ ալ` այս բոլորը ներկայացնողին կեանքը: Վստահաբար դիւրին չէր ուղին, կայի՞ն յուսահատութիւններ եւ նման գործ մը գլուխ հանելու կամքը մի՞շտ առկայ եղաւ ձեր մէջ:

– Ճիշդ է, որ այդ ժամանակաշրջանը հոգեբանօրէն շատ բարդ եւ դժուար փուլ էր ինծի համար. դիւրին չէր դիմակայել թէ՛ վերէն բանեցուող հոգեկան ճնշումները եւ թէ՛ տոկալ այն մթնոլորտին, որ կը ստեղծուէր դատական դահլիճներուն մէջ. եւ ես գիտէի, որ անընդհատ պէտք է լռեմ, որովհետեւ թակարդներ լարուած էին դիմացս. բանտակից ընկերներս ալ յաճախ կը զգուշացնէին զիս, որ երբեք չխօսիմ, որովհետեւ իմ արտասանած իւրաքանչիւր բառէս շատ բան կախեալ է. սխալ արտայայտութենէ մը կրնան կառչիլ եւ ինչ-ինչ պատմութիւններ հիւսել գլխուս:

Ուրեմն ես պէտք էր լռէի, լռէի, լռէի, ինչ որ շատ դժուար էր ինծի համար, երբեմն աթոռը այնքան ամուր կը սեղմէի, որ կարծես պիտի կոտրուէր, սակայն այդ բոլորը կը տանէի` քաջ գիտնալով, որ պէտք չէ ձայն հանեմ, հակազդեմ. այդ ամբողջ աղմուկ-աղաղակը, այդ սարսափելի մթնոլորտը իմ լռութեանս դիմաց կը շրջէին ու կը թափէին այդ բոլորը ստեղծողներուն վրայ: Միւս կողմէ` ես լաւապէս կը հասկնայի, որ ինծի` իբրեւ յայտնի անձնաւորութեան, իբրեւ որոշ ժողովրդականութիւն եւ փառք վայելող անձի, հաւատացէք, կեանքի մէջ անհրաժեշտ են նման զրկանքներ եւ նուաստացումներ. նուաստացումներ անհրաժեշտ են, որպէսզի իւրաքանչիւրս սորվի խոնարհ ապրիլ, նուաստացումները խոնարհութեան դեղահատերն են:

Կը մտածէի, որ եթէ ինծի դէմ կը կիրարկուին նման բաներ, որքան դժուար է պարագան, երբ այդ բոլորը կրողը սովորական քաղաքացի մըն է, որ բանտին մէջ կը փտի իբրեւ սովորական ապրանք, ատիկա որքան ծանր է իրեն ու իր ծնողներուն համար: Դուք տեսաք, թէ ինչպէ՛ս աշխարհը կանգնած էր իմ թիկունքիս` փաստաբաններ, ազգականներ, երկրպագուներ, մեծ աստղեր` Ազնաւուր, Ալեն Տըլոն եւ այլն, ֆրանսական մամուլ, Հայաստանի մտաւորականութիւն եւ շա՜տ շատեր® Բայց չէ՞ որ կան մարդիկ, որոնք այս բոլոր կարելիութիւնները չունէին, անոնք մոռացութեան ենթարկուած էին, մութ անկիւն մը նստած էին, զրկուած` սնունդէն, իրենց բանտակից ընկերոջ վրայ դրած էին իրենց յոյսերը: Անոնք ի՞նչ պիտի ընէին® Ուրեմն ես լաւապէս հասկցայ, որ անհրաժեշտութիւն է այս բոլորը մարսել ու ապրիլ աւելի խոնարհ: Ասիկա ինծի համար խոնարհութեան մեծ դպրոց էր, եւ կը կարծեմ, որ բաւական խոնարհութիւն ձեռք ձգեցի. ի դէպ, ըսեմ, որ մարդ խոնարհութիւն ձեռք կը ձգէ այնքան, որքան կը կորսնցնէ իր փառասիրութիւնը:

Ասիկա շատ կարեւոր բան է. խոնարհութիւնը մեր մէջ եղող գանձ է, հողին մէջ պահուած մեծ գանձ, որ կեանքի ընթացքին այդ նուաստացումներուն շնորհիւ հողէն դուրս գալով` կը մաքրուի քիչ քիչ եւ խոնարհութիւնը լոյս աշխարհ կու գայ, իսկ մենք խոնարհութիւն ձեռք կը ձգենք մեր կորսնցուցածին չափ. որքան բան կորսնցնես, այնքան կը դառնաս խոնարհ: Իսկ ասիկա մարդուն դիմաց նոր ճամբայ մը կը բանայ, բոլորովին նոր եւ իւրայատուկ ուղի մը, հոգեւոր ուղի մը, ուր քու չափանիշները ուրիշ են, նոյն նպատակները կան, բայց միջոցները այլ են, ուր լոյսը աւելի պարզ ու յստակ կը տեսնես, ուր աւելի պինդ ես եւ կրնաս օգտագործել այդ զրկանքները, նուաստացումներն ու դառնութիւնները իբրեւ տիեզերքի մեծագոյն բժիշկին` քեզի տուած դեղահատերը:

Գիտէք` ես միշտ իմ բանտակից ընկերներուս կ’ըսէի, որ գոյութիւն ունի երեք առողջութիւնը` մարմնական, հոգեկան եւ հոգեւոր: Մարմնական առողջութեամբ կը զբաղին աշխարհի բժիշկները. կ’երթաս, կը քննեն, դեղահատեր կու տան. այսինքն` մարմնական առողջութեան համար անհրաժեշտ է բժիշկ, ճիշդ սնունդ կամ դեղահատ, բայց հոգեկան առողջութեան համար անհրաժեշտ է ջերմ, մխիթարող խօսք. կայ նաեւ հոգեւոր առողջութիւն, որ կ’ենթադրէ առկայութիւնը միւս բոլոր առողջութիւններուն, որովհետեւ  հոգեւոր առողջութենէն կախեալ են միւս առողջութիւնները, իսկ հոգեւոր առողջութեան համար անհրաժեշտ է զրկանք: Եւ ես հոգեւոր առողջութեան դեղահատեր կ’առնէի` զրկանքի ձեւով, կ’ընդունէի զանոնք հլու, խոնարհ, բայց մեր տիեզերքի ստեղծիչ Արարիչին համար` խոնարհ:

Ոմանք կը փորձէին սխալ հասկնալ եւ մեկնաբանել այդ խոնարհութիւնը, իբր թէ` առջեւը այն մարդոց, որոնք կը փորձէին նուաստացնել զիս. երբեք այդպէս չէր, անոնց դիմաց ես զգաստ, զուսպ ու հանգիստ կը փորձէի ըլլալ, չտարուիլ զգացումներով, իսկ ամբողջ խոնարհութիւնը Աստուծոյ առջեւ կը դնէի, կը սփռէի: Ա՛յս էր այն որակը, զոր ես պիտի ստանայի եւ ստացայ, ա՛յս էր, որ կը նախապատրաստէր իմ դուրս ելլելս, ա՛յս էր, որ նորովի կը պատրաստէր իմ բեմ վերադարձս` կրկին Վարդանը, կրկին նոյն չարաճճին, մեր եղբայրը, մեր որդին,  ինչպէս Սօս Սարգսեանը կ’ըսէր` «Էլի մեր զաւակը», բայց այս անգամ` քիչ մը ուրիշ:

– Այս մենաներկայացումը պատրաստելու ատեն բնականաբար ձեռքիդ տակ բաւական շատ նիւթ ունէիր, ինչպէ՞ս կրցար ասոնք ընտրել, եւ արդեօք կա՞յ ուրիշ ներկայացում մը` նոյն նիւթով:

– Շատ դժուար էր, որովհետեւ ինչ որ ես բեմ բարձրացուցած եմ, մէկ տասներորդն է գիրքին մէջ իմ գրածիս, որովհետեւ ես նաեւ կը գրեմ գիրք` նոյն նիւթին մասին, բայց եւ այնպէս գիրքին մէջ տեղ գտածը մէկ տասներորդն է անոր, զոր ես ապրեցայ բանտին մէջ: Կան շա՜տ շա՛տ բաներ, որոնց մասին ես չեմ ուզեր խօսիլ, որոնց մասին կարիք չկայ խօսելու: Խուցին մէջ տղաքը հետեւեալ արտայայտութիւնը կ’ունենան. «Կան բաներ, որոնք խուցէն դուրս պէտք չէ ելլեն»:

Մենք` հայերս ունինք առած մը, ըստ որուն, աղբը տունէն դուրս պէտք չէ հանել: Խուցին մէջ տեղի ունեցածը զուտ ներքին է, ես ինծի չեմ թոյլատրեր այդ մասին խօսիլ, ատիկա մեր կեանքի գաղտնիքն ու քաղցրութիւնն է միեւնոյն ատեն, մենք կը յիշենք, մենք կը խնդանք կամ կը տխրինք, միայն մեզի կը պատկանի: Կան բաներ, որոնք բանտէն դուրս չեմ կրնար հանել, պէտք չկայ, ատիկա մեր բանտինն է: Ասիկա իմ կարծիքս է, ուրիշներ կրնան այլ կերպ մտածել, որ տեղի ունեցածներուն մասին հրապարակաւ պիտի խօսին եւ այլն: Ես նման բան չեմ ըներ, որովհետեւ լաւապէս գիտեմ, որ այդ բոլորը ըսելով` ոչ թէ որեւէ բան չի փոխուիր, այլ աւելի վատ կ’ըլլայ վիճակը:

Ես կը յիշեմ, որ Սերվանթեսին «Տոն Քիշոթ»-ին մէջ կայ դրուագ մը, երբ մարդ մը կը ծեծէ իր ծառան, իսկ Տոն Քիշոթը կու գայ եւ ծառան կը հեռացնէ, կը պաշտպանէ երեխան իր նիզակով, կը սպառնայ մարդուն, կը գրկէ երեխան ու կը շարունակէ իր ուղին: Որոշ ժամանակ ետք Տոն Քիշոթը կը վերադառնայ նոյն ճամբէն եւ կը տեսնէ, որ նոյն երեխան կու լայ. կը հարցնէ, թէ ինչո՛ւ կու լայ ան` յիշեցնելով, որ ինք օրին օգնած էր անոր: Երեխան կ’անիծէ Տոն Քիշոթը` ըսելով, որ իր տէրը ապուշին մէկն է, ատենը մէյ մը կը ծեծէր իրեն, սակայն երբ Տոն Քիշոթը սպառնացած անոր, ան շատ զայրացած է եւ զայրոյթէն փոխած է իր վերաբերումը ծառային հետ` դառնալով շատ աւելի յարձակողական: Տոն Քիշոթը պահ մը մտածեց, որ այդ բանը ընելով` արդեօք սխալեցա՞ւ:

Ասիկա կը պատմեմ ըսելու համար, որ եթէ դուն բանի մը մասին պիտի խօսիս եւ այդպիսով աւելի պիտի վատթարացնես մարդոց վիճակը, ուրեմն պէտք չէ խօսիս, եթէ պիտի քննադատես եւ յոխորտաս, թէ դուն ի՛նչ ճշմարտութիւններ կը բացայայտես, իսկ միւս կողմէ` բանտարկեալի մը վիճակը աւելի գէշ պիտի ըլլայ, ուրեմն այդ մասին եւս պէտք չէ խօսիլ: Կան նաեւ բաներ, որոնք շա՜տ շա՛տ հետաքրքրական են, սակայն անոնց եւս չեմ կրնար անդրադառնալ, որովհետեւ անոնք կը վերաբերին այն մարդոց, որոնք ինծի նկատմամբ շատ լաւ ու արդար եղած են. բայց այդ մարդիկ համակարգին մէջ կ’աշխատին, անոնք իրենց կրցածին չափ լաւութիւն ըրին ինծի, հիմա ի՞նչ իմաստ ունի այդ բոլորին մասին խօսիլը, ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ զանոնք աշխատանքէ արձակեն: Չկարծենք, որ վերեւները գտնուողները կրնան ըսել` ոչինչ, գիրք մըն է, գրուեր է: Երբե՛ք, անոնք շուտով կը բռնեն ու կը տանին, այդ համակարգը շատ բարդ համակարգ է, ատոր համար ալ պէտք է շատ զգուշ ըլլալ: Ոմանք կ’ըսեն, որ գրեմ եւ աւելի ուշ հրատարակեմ, հաւանաբար մահէս ետք, սակայն հարցը մեռնելէ ետք տպելու խնդիրը չէ, այլ մէկու մը վնաս հասցնելը` կենդանի, թէ մեռած:

Սկիզբը շատ արագ գրեցի մենաներկայացման բեմագրութիւնը, յետոյ տեսայ, որ շատ արագ կը գրեմ, եւ որ` ատիկա շատ նման է միւսներուն: Մէկդի դրի, երկար մտածեցի, կրկին փորձեցի վերապրիլ այդ բոլորը ու գրեցի երկրորդ տարբերակը. այդ ալ դրի մէկդի, ապա` երրորդ տարբերակը. անկէ ետք ալ շատ փոխեցի, կրկին գրեցի ու ի վերջոյ ձեւաւորուեցաւ այն, ինչ որ ունինք այսօր, սակայն ասիկա նոյնիսկ վերջնական տարբերակը չէ, այլ կարելի է յաւելեալ աշխատանք տանիլ ասոր վրայ ալ: Ներկայիս փափաքս է գիրքը գրել. փափաքս է, որ յաջորդ տարի, երբ ելոյթներ ունենամ Հայաստանի մէջ, ինծի հետ տանիմ իմ գիրքերս, որովհետեւ ներկայացումը կը տեսնեն, գիրքը կը գնեն ու մնացածը կը կարդան, իսկ գիրքին մէջ կան շատ բաներ, որոնց մասին կարելի չէ խօսիլ մենաներկայացման ատեն:

– Դուք Հայաստանի տագնապներով ապրող անձնաւորութիւն էք, որ չէք զլանար մատնացոյց ընել, քննադատել, լուսարձակ սփռել. յանդգնութիւն մը, որ կը պակսի շատերու, թերեւս ալ այդ յանդգնութեան գինը յաճախ սուղ վճարած էք ու վճարեցիք: Արդեօք օր մը պիտի տեսնե՞նք ձեր ու բոլորիս երազած Հայաստանը:

– Խնդիրը այն է, որ մենք ինչպիսի՞ կեցուածք ունինք մեր երազներուն հանդէպ, ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք մեր երազներու իրականացման ուղին եւ միջոցները: Եթէ մենք միայն նստինք ու երազենք, մեր Հայաստանը կը մնայ հիւանդագին երազ մը. մենք պէտք է ընդունինք, որ մենք շա՛տ պիտի աշխատինք, տքնաջան եւ շա՛տ ծանր պիտի աշխատինք, բայց նաեւ սիրով պէտք է աշխատինք, որովհետեւ աշխատանքը շա՛տ հաճելի բան է, եթէ կը կատարես սիրով, եթէ մենք աշխատինք ամբողջական նուիրումով, ուրեմն ես կը վստահեցնեմ, որ սայլը անպայման տեղէն կը շարժենք: Մենք սայլը շարժենք, մեզմէ ետք եկողները քիչ մը աւելի թող շարժեն, յաջորդները` քիչ մըն ալ, մէկը ճամբան կը բանայ, միւսը քարերը ճամբեզր կը տանի, եւ այդպիսով ամէն ինչ կարելի կը դառնայ:

Սակայն ասոր համար պէտք է շատ ու նուիրուածութեամբ աշխատիլ, ատոր համար պէտք է ըլլալ նուիրեալ ու շատ սիրել Հայաստանը, շատ սիրել ընդհանրապէս մարդիկը, իսկ հայը` յատկապէս: Ըսեմ, որ հայ մարդը սիրելը դիւրին չէ, հայ մարդը ինքնին դիւրին անձ է, պէտք է ճանչնալ զայն, գիտնալ անոր լաւ ու վատ կողմերը, լաւը սիրելը դիւրին է, սակայն մութը գիտնալը կարեւոր է ու զայն սիրելը հիմնական: Այդ յամառ աշխատանքն է, որ արդիւնք կու տայ, իսկ նման աշխատանքէ մը շնորհակալութեան, երախտագիտութեան խօսքեր  պէտք չէ ակնկալել, այլ պէտք է այս աշխատանքը տանիլ լռութեամբ, խոնարհութեամբ, տաժանակիր կերպով: Եթէ մենք այս ուղին որդեգրեցինք, այն ատեն կ’ունենանք այն Հայաստանը, զոր ունենալ կ’երազենք:

Եկէք` առնենք մարդու օրինակը. անոր մեծագոյն ճակատամարտը կեանքի կռիւն է ինքնիր դէմ, իսկ մեծագոյն յաղթահարումը  ինքնայաղթահարումն է: Ուրեմն մենք ալ ազգային ինքնայաղթահարման գործընթացէ պէտք է անցնինք, եւ այս է դժուարը, երբ ազգը ինք զինք կը յաղթահարէ: Ասոր համար ալ մտաւորականութիւնը ինքն իր մէջ պէտք է ուժ գտնէ, որպէսզի ստանձնէ առաջնորդի դերակատարութիւնը, եթէ մտաւորականութիւնը այդ մէկը չընէ, ժողովուրդը նպատակ եւ ուղղութիւն չ’ունենար, ցիրուցան կ’ըլլայ, քամիին ուղղութեան հետ կը տարուի եւ կը գործէ` «Ուր հաց, հոն կաց» սկզբունքով:

Այդպէս է ժողովուրդը, մեղադրելի չէ: Բայց մտաւորականը պէտք է գիտակցի այս բոլորին եւ ըմբռնէ, որ ինք կոչում ունի, պէտք է հասկնայ, թէ ո՛վ է ինք, ուրկէ՛ է եւ դէպի ո՛ւր կ’երթայ: Այն ատեն մեր ժողովուրդն ալ սիրով կը քալէ մտաւորականներուն ետեւէն: Ժողովուրդը մտաւորականներուն մէջ պէտք է տեսնէ անաչառ, անկաշառ առաջնորդներ, նուիրեալներ, որոնք չեն ընկրկիր իշխանութիւններու հարուածներէն, մտրակներէն, պիտի չերթան իշխանութեան ոտքերուն, իրենք պէտք է հասկնան իրենց կոչումը, տէր ըլլան իրենց կեցուածքին, իրենք պէտք է ուսուցանեն իշխանաւորներուն` առանց երբեք իրենց մակարդակէն իջնելու: Շատ կը ցաւիմ, որ մեր մէջ շատ քիչ են նման մտաւորականներ: Մտաւորականը պէտք է ըմբռնէ իր հոգեւոր էութիւնը, իսկութիւնը, կոչումը եւ ստանձնէ առաջնորդի պատասխանատուութիւնը: Ասիկա շատ ծանր ու կարեւոր աշխատանք է:

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս