Համացանցում 40 միլիոն հետևորդ ունեցող հայ պարուսույցը ներկայացնում է իր նորամուծությունները
Yutube-ում ու Ֆեյսբուքում 40 միլիոնից ավելի դիտորդ ունեցող պարուսույց Հարութ Սօլաքյանի հետ «Արմենպրես»-ը զրուցել է հայ-արաբական բարեկանության կարեւորության եւ նոր ծրագիրների մասին NDIGITEC ընկերության հետ:
Հարութ Սօլաքյանի մասին կարճ տեղեկությունը և հարցազրույցը ներկայացնում ենք արևմտահայերենով:
Յարութ Սօլաքեան ծնած է Հալէպ, հետեւած է Հալէպի համալսարանի Քիմիագիտութեան ճիւղին,ետքը մասնագիտացած արհեստավարժ պարի ասպարէզին մէջ: Ան եղած է անդամ զանազան պարային խումբերու եւ գտնուած է տարբեր եկիրներ՝ մասնակցելով Փառատօներու, համագումարներու եւ մրցումներու-ինչպէս Տուպայ, Պահրէյն, Թունէս, Քաթար, Ալճերիա եւ շատ մը ուրիշ տեղեր:
Վերջին 4 տարիներուն գրեթէ հաստատուած է Հայաստան, առանց խզելու կապը միջազգային շրջագայութիւններէ եւ զանազան ծրագիրներէ. այլ ընհակառակը Հայաստանի մէջ վարած է հարուստ մշակութային կեանք՝ հիմնելով «Ապագայի Կամուրջներ»պարային խումբը ,դասաւանդելով «Ունօ Տանս Կրուփի» կեդրոնէն ներս եւ համագործակցելով «Շանթ» հեռուստացոյցային ալիքին հետ,ինչպէս նաեւ «Բարեկամութիւն» պարային համոյթին հետ:
Ան կը համարուի թէ արհեստավարժ պարող եւ նոյն ժամանակ պարասոյց եւ ձեւաւորող:
-Առաջին պարային փորձ-ներկայացումդ մարզանքի գործիքին (թրիտմիլին)վրայ շատ մեծ ընդունելութիւն գտաւ,ինչպէս յառաջացաւ միտքը եւ սպասելի է՞ր քեզի այսպիսի անդրադարձ:
-Երեւանի մարզման մէկ սրահներէն մէկուն մէջ երբ Արաբ նշանաւոր երգիչ Ալաա Զալզալիիի երգին տակ մարզանքի հետ պարի նոր շարժումներով կարճ Վիտէօ պատրաստեցի,շատ մեծ ակնլկալիք չունէի որ մեծ թիւով նայողներ եւ արագ տարածում պիտի ունենայ ներկայացումս:
Բնականաբար Թրիտմիլին վրայ ուրիշ պարեր կային բայց սոյն պարը իմ մտահղացումն էր,ուրախ էի ադրիւնքէն եւ արաբական աշխարհին մէջ բաւական ճանաչում բերաւ ինձ եւ 40 միլիոն եւ շարունակուող շրջանարութեան մէջ եղող վիտէօ երիզը. համարուեցաւ իւրահատուկ եւ զուարճալի:
Հերթաբար հարցազրոյցներու, հանդիպումներու եւ արուեստի ոլորտին վերաբերող զանազան առաջարկներ ստացայ տարբեր հաստատութիւններէ եւ անձերէ եւ փորձս իմ մէջ նոր միտքերու, ծրագիրներու տեսլականներ յառաջացուց:
-Ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ կապը NDIGITEC հետ եւ ի՞նչ համագործակցութեամբ ընթացաւ:
– NDIGITEC Միտիայի,տպագրութեան եւ IT ոլորտին մէջ աշխատող ընկերութիւն է Տուպայ, որուն սեփանակատէր եւ ընդհանուր տնօրէն՝ Վաչէ Քավլաքեան տեսնելով իմ կատարած միւս աշխատանքները առաջարկեց Տուպէյ եղած իմ շրջանին իրագործել ծրագիր մը: Ընկերութիւնը իր կապերը ունէր Արաբ արուեստի ասպարէզին մէջ յայտնի անձնաւորութիւններու հետ եւ այս պարագային մեր համագործակցութեան առաջին արդիւնքը եղաւ նշանաւոր արաբ դերասան Սամէր Մասրիի հետ Վիտէոյի մը նկարահանումը:
-Քիչ մը կրնաս մանրամասնել նոր Վիտէօին մասին միտքը,նպատակը …եւայլն:
-Երբ NDIGITEC նախաձեռնեց ծրագրին արդէն 29,Ապրիլ,2016-ին հրատարակեցինք այն եւ երկրորդ օրը շատ մեծ թիւով դիտորդ ունէր ֆէյսպուքով: Միտքը Վիտէոյին (կը տեսնէք յղուած՝ Արմէնփրէս) Թրիտմիլին վրայ եղած պարի,մարզանքի հետ ,ընդհանուր զուարճալից,տրամադրութիւն ստեղծող եւ նոյն ժամանակ պար սորվեցնող եւ պատգամ փոխանցող գործ մըն է, որը նոյնպէս մեծ ընդունելութիւն գտաւ: Պարային ներկայացումին հետ հայերէն ալ երգի մը ընկերակցութիւնը կար հոն եւ թէ NDIGITEC տնօրէնութեան եւ թէ իմ նպատակս էր նորութեան կողքին նաեւ հայ մշակոյթէն ալ պատառիկ մը փոխանցել:
-Իսկ խօսելով ապագայ ծրագիրներու մասին նոյն NDIGITEC հետ:
NDIGITEC նպատակը նոյն այս ծրագիրը թարգմանել երկու ոլորտով՝
Նախ շարունակական վիտէօ երիզներ պատրաստել Միտիայի եւ ինթըրթէյմընթի ոլորտներուն մէջ եւ համագործակցիլ արաբ դերասաններու հետ(այս պարագային Սամէր Մասրիի),մշակութային ալ պարունակութեամբ: Եւ այս ծրագիրը վերածել (personal trainer անունը) App-ի (VR+treadmill dance application),որը աննախադէպ կը համարուի իր տեսակին մէջ եւ յատկանշական ծրագիրի պիտի վերածուի ,հասանելի ըլլալով լայն շերտերու:
Եւ NDIGITEC նպատակ ունի մարզանքի,երգի,պարի տարածումը ապահովել եւ տեսողական իրականութեան (visual reality) ընդմէջէն միշտ շեշտը դնել հայկական մշակոյթին առնջուած ծրագիրներու վրայ:
-Հայաստանի հետ կապդ ինչպէ՞ս դրսեւորուեցաւ եւ ապագային ի՞նչ ծրագիրներ ունիս Հայաստանի հետ:
Արդէն 4 տարի է Հայաստան գրեթէ կը գտնուիմ ծնողքիս հետ եւ միշտ ալ ինձ համար երազելի էր այդ մէկը: Ներկայիս երբ Հայաստանի հողին վրայ եմ աւելի կը գիտակցիմ անոր արժէքը,բնականաբար շատ մը նախաձեռնութիւններ եւ համերգներ կատարեցինք Հայասատանի մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայացումներ:Պատուիրակութեամբ ճամբորդութիւններ ունեցան զանազան պարային խումբերու հետ,ճիշտ է որ Հալէպը (իբրեւ ծննդավայրս եւ իբրեւ մայր հայկական գաղութ)մեծ կարօտ կ՝արթնցնէ մէջս,քանի այդտեղ հասակ առած է եւ այդտեղ սկսած ասպարէզս,բայց Հայաստան ինծի աւելի լիցք ու մղում տուաւ նոր ծրագիրներ յ աջողցնելու:
-Հայ-արաբական կապերուն եւ համագործակցութեան մասին ի՞նչ միտքեր ունիս:
Կը կարծեմ որ շատ կարեւոր է Արաբ եղբայր ժողովուրդին հետ կապերը զարգացնել եւ այդ մէկը կատարելու ամենավառ եւ բովանդակային ու զարգացնող բնագաւառը մշակոյթն է: Հայ մշակոյթը խորապէս գնահատուած է արաբական աշխարհին մէջ եւ ես կը տեսնեմ կապերու եւ կամուրջներու ամպրապնդման մեծագոյն շարժիչ ուժը մշակոյթին մէջ: Այս մեկնակէտէն նոյն NDIGITEC ընկերութեան եւ իմ մօտեցումներս համըկնած են՝ հայ մշակոյթը ներկայացնել նոր տարազներով եւ ստեղծել մշակութային համագործակցութեան նոր ձեւաչափեր արաբական աշխարհին հետ:
Հարցազրոյցը NDIGITEC ընկերութեան կերդոնէն ներս-Տուպայ:
Հարցազրույցը` Տիգրան Գաբոյանի