Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի Յայտարարութիւնը

Յունիսի 7-ին կայացան Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց նախնական արդիւնքներով տասնամեակներ ետք թրքական խորհրդարանի մէջ տեղ գտան երեք հայ պատգամաւորներ:

Նորընտիր Խորհրդարան մտած են իշխող«Արդարութիւն և զարգացում» կուսակցութիւնէն առաջադրուած Մարգար Եսայեան, Քրտական «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական-HDP» կուսակցութիւնէն առաջադրուած Կարօ Փայլան,

Եւ քեմալական «Ժողովրդահանրապետական-CHP» կուսակցութիւնէն առաջադրուած փաստաբան Սէլինա Էօզուզուն Տողան:

Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը կ՛ողջունէ ընտրուած երեք հայ երեսփոխանները եւ կը մաղթէ, որ անոնք կարենան ազատօրէն արտայայտուիլ եւ գործել, թուրքիոյ «ժողովրդավարացման» գործընթացին մէջ:

Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը նաեւ յաջողութիւն կը մաղթէ յանուն արդարութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ընտրուած բոլոր խորհրդարանականներուն, յուսալով որ պիտի կարենան իրենց կարելին ընել նաեւ՝ Օսմանեան կայսրութեան նախկին հայ քաղաքացիներու աշխարհացրիւ ժառանգներու՝ միլիոնաւոր Արեւմտահայերու իրաւունքներու վերականգնման եւ անոնց սեփական հայրենիքին հետ կապ հաստատելու անշրջանցելի գործին մէջ:

Փարիզ, 8 Հունիս 2015

Տեսանյութեր

Լրահոս