Սևակ Արծրունի. Հայցվոր կողմը արևմտահայությունն է

Այսօր՝ դեկտեմբերի 8-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին  յարաբերություններու մշտական յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան խորհրդարանական լսումներ «Աշխարհը առանց ցեղասպանութիւններու» խորագրոխ, նուիրուած՝  ցեղասպանութիւններու իրաւական հարցերուն:

Լսումներուն մասնակցեցան ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կառավարութեան ներկայացուցիչներ, պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով ներկայ էր Ուրուկուէյի Սենատի նախագահ՝ Դանիլո Աստորին:

Լսումներուն  որպէս  Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի  ներկայացուցիչ ելոյթ ունեցաւ  ԱԱՀ գլխաւոր քարտուղար Սեւակ Արծրունին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք  ելոյթը  ամբողջութեամբ:

Ա.Ա.Հ.  գլխ. քարտուղար Սեւակ Արծրունիի ելոյթը (ՀՀ Ազգային ժողով, 5 Դեկտեմբեր 2014:)

Յարգարժան  Նախագահող,
Յարգարժան ներկաներ,

Եթէ  փորձենք մէկ նախադասութեամբ բնութագրել Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հիմքը պիտի ըսենք՝ «Նախ Օսմանեան կայսրութիւնը, ապա Թուրքիան բազմաթիւ, բազմապիսի, համակարգուած, կանխամտածուած եւ շարունակական ծրագրերով իրենց տիրապետութեան տակ եղող տարածքներուն վրայ բնակող եւ պետական պաշտպանութեան տակ ապրող հայ եւ քրիստոնեայ հպատակներն ու այնուհետեւ քաղաքացիները՝ ազգային եւ կրօնական պատկանելութեան պատճառով ենթարկեցին ժողովրդագրական բնաջնջման»:

Այս իմաստով ինչպէս թուրք հրապարակախօս Ջենգիզ Ակտարը գրած է, հայ պատմագիտութիւնը տարած է «Ճշմարտութեան յաղթանակ»: Այդպես է: Պատմագիտական ոլորտին մէջ անքննարկելիօրեն ապացուցուած է, որ իրականացուած  է արեւմտահայութեան, այսինքն Օսմանեան կայսրութեան նախկին հայ քաղաքացիներու կանխամտածուած բնաջնջում:

Ապացուցուած է նոյնիսկ, որ իրականացուած է ցեղասպանութեան շարունակական գործընթաց, սկսած հաւանաբար 16-րդ դարու պարսկա-օսմանեան պատերազմներէն եւ քրտական ցեղերու հայկական բարձրավանդակ վերաբնակեցման շարունակական գործողութիւններէն, մինչեւ 20-րդ դարու վերջ:

Այսինքն Օսմանեան կայսրութեան կորիզը՝ Մերձավոր Արեւելքը հայ, հոյն, ասորի եւ այլ քրիստոնեայ ազգերու դէմ ցեղասպանական գործընթացը տեւած է ավելի քան 400 տարի, իսկ 1915-1923 ժամանակաշրջանը եղած  է այդ գործընթացի գագաթնակէտը:

Պատմագիտական տեսանկիւնէն այս իրողութիւններն այլեւս ապացուցելու կարիք չկայ: Այս իրողութիւնները բացահայտուած են, առկայ են բաւարար նիւթեր, միջազգային եւ թուրք-օսմանեան հարիւրաւոր փաստաթղթեր, օսմանեան, գերմանական, բրիտանական եւ այլ ատեաններու կողմէ հաստատուած դատական եւ նախաքննական նիւթեր, վճիռներ, եւ այլն:

Արեւմտահայութեան կանխամտածուած, մասսայական բնաջնջման փաստը նաեւ ճանչցուած է միջազգային հանրութեան կողմէ:

Ճանչցուած է Առաջին աշխարհամարտը յաղթանակած պետութիւններու կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ, բայց նաեւ Մուտրոսէն յետոյ, Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանի եւ խորհրդարանական տարբեր կուսակցութիւններու կողմէ: Այդ մասին գրած է այդ օրերու թրքական մամուլը, այդ մասին յայտարարած է նաեւ թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր՝ Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթուրքը ոչ միայն ինչպես գիտենք Ամերիկեան լրատվամիջոցին այլ նաեւ հոկտեմբեր 1927ի իր երկար ճառով որը յայտնի է   «Նութուք»  անունով:

Միանշանակ կրնանք հաստատել, ինչպէս թուրք մտաւորական՝ Իսմայիլ Բեշիկչին  փաստած է, որ Օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետական թուրքիոյ կողմէ հետապնդուած համաթրքականութեան ազգայնամոլական քաղաքականութեան հեռանկարին մէջ միջին ասիական տարածքաշրջանը միազգ դարձնելու ձգտումը եղած է առաջնային:

Այս ձգտումը ահագնացած է Սուլթան Համիտի ժամանակ, այնուհետեւ երիտթուրքերի «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան ժամանակ եւ ապա Թուրքիոյ անկախութեան պատերազմի եւ Քեմալական Թուրքիոյ ժամանակ: Իսկ երիտթուրք ջարդարարներէն շատերը եղան հանրապետական Թուրքիոյ հիմնադիրներ, այս մասին կան գրաւոր անքննարկելի նիւթեր, որոնցմէ նշեմ մասնաւորապէս թուրք մտաւորական գործիչ՝ Սայիդ Չեթինողլույի եւ Լեյդենի համալսարանի ծագումով հոլանտացի պրոֆէսոր Էրիք Յան Զուրքերի աշխատութիւնները:

Արձանագրենք նաեւ հետեւեալ անվիճելի փաստը: Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող ժամանակակից թուրքիոյ պատմագիտական եւ քաղաքական գործողութիւնները, թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան կայքէջի եւ թուրք պատմութեան կաճառի կողմէ հրապարակուող հրատարակութիւնները, բացահայտուող նիւթերը, նոյնպէս յաւելեալ ապացոյցներ կը բերեն այն մասին, որ իրականացուած է արեւմտահայութեան բնաջնջման հետեւողական ծրագիր:

Արդ վերոնշեալ մտքերը ամփոփելով ըսենք.

Առաջին. Պատմագիտութեան դաշտին մէջ մենք ապացուցելու ոչինչ չունինք եւ տարած ենք յաղթանակ յանուն ճշմարտութեան:

Երկրորդ. Միջազգային հանրութիւնը բաւարար անգամներ ճանչցած է թուրքիոյ կողմէ Արեւմտահայութեան կանխամտածուած բնաջնջման փաստը այս ուղղությամբ նոյնպէս ընելիք չունինք: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է:

Երրորդ. Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը անիմաստ է եւ հիմնուած է ոչ թէ գիտութեան այլ քաղաքական ուժի կիրառման վրայ:

Այնինչ,  պատմագրութիւնը ապացուցած եւ քաղաքական աշխարհը ընդունած է, որ իրականացուած է մարդու եւ քաղաքակրթութեան դէմ ոճիր արեւմտահայութիւնը մասնակի կամ ամբողջական բնաջնջման ենթարկելու համար, արդէն  կ’ապացուցէ, որ իրաւական առումով, տեղի ունեցած է այն, ինչ 1948 դեկտեմբերի 9-ին ՄԱԿ-ի գլխավոր Ասամբլիայի կողմէն ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխման և պատժման կոնվենցիա»-ի համաձայն կը կոչուի  «ցեղասպանութիւն»: Ցեղասպանութիւն անկախ զոհերու թիւէն, անկախ արձանագրուած հետեւանքներէն, քանի որ կան գործողութիւններ, որոնք կը բացայայտեն ցեղասպանական մտադրութեան եւ դիտաւորութեան փաստացի առկայութիւնը:

Յարգելի ներկաներ,

Այս անքննարկելի իրողութիւններու լույսի տակ, մենք՝ «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»ը հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը տեղափոխած ենք իրաւական պահանջատիրութեան դաշտ, եւ 2006 թուականէն արդէն համագումարի հիմնադիրները յայտարարուած են այսպէս՝ կը մէջբերեմ «անմիջականօրեն ներկայացնել արեւմտահայութեան օրինական իրաւունքները եւ պահանջները միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ, բանակցիլ թրքական իշխանութիւններուն եւ այլ շահագրգիռ կողմերու հետ»:

Արդ, Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հարցերու քննարկումը, ինչպէս ցանկացած ցեղասպանութեան պարագային, պետք է կենդրոնացնել գործուած ոճիրի պատճառած վնասներու սրբագրման վրայ:

Արեւմտահայութիւնը արդէն աւելի քան մեկ դար է, իր նկատմամբ իրականացուած շարունակական ցեղասպանութեան հետեւանքով վերածուած է գաղթականութեան: Գաղթականները, իրենց նախնիներու՝ օսմանեան կայսրութեան նախկին հայ քաղաքացիներու կորսնցուցած  իրաւունքներու ամբողջական իրավատէրերն են: Սա է ցեղասպանութեան իրաւական հարցի եթե ոչ միակ ապա գլխաւոր նպատակն ու ճանապարհը:

Արեւմտահայ  կը նշանակէ հայցուոր անհատ:

Արեւմտահայութիւն  կը նշանակէ հայցուոր հասարակութիւն:

Մեր իրաւական պահանջը յստակ է, ցանկացողներուն համար՝ վերադառնալ, վերաբնակիլ մեր շէներուն եւ բնակավայրերուն վրայ եւ շարունակել մեր քաղաքակրթական գործընթացը:

Բոլորի համար՝ վերանորոգել մեր կորսուած իրաւունքները, վերակագնուած կամ հատուցուած: Եւ այս ամէնը, ոչ թե անահատական, այլ հաւաքական մօտեցումով:

Մենք առանձնացուցած ենք իրաւական խնդրի բոլոր իրական բաղադրիչները: Այսպէս՝

1.  Ոճիրը՝ հայութեան նկատմամբ գործուած ցեղասպանական գործընթացն է:

2. Ոճիրի մտադրութիւնը՝ էթնիք զտումն է: Համատարած եւ համակարգուած եղանակով իրականացուած միջոցառումները, ուղղուած Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն դէմ: Իրականացուած են գործողութիւններ ինչպիսիք են բռնի տեղահանութիւնը, մասսայական սպանդները, մահուան քայլերը, թրքացումը, կրօնափոխությունը, ունեզրկումը, հայկական տնտեսութեան թրքացումը, առեւանգումները եւ այլն.:

3.  Զոհը՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետական թուրքիոյ հայ քաղաքացիներն են:

4.  Մեղադրեալը՝ համաթրքական ազգայնամոլութիւնը եւ «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան ոճիրը որոշող եւ իրականացնող անհատները:

5. Պատասխանող կողմը՝ թուրքիոյ հանրապետութիւնն է, որպէս իրաւական շարունակող, յաջորդող եւ կատարուած վնասը ցարդ չսրբագրած պետութիւն:

6.  Հայցուոր  կողմը՝ արեւմտահայութիւնն է:

7.  Ոճիրի իրականացման իրաւական ապացոյցներն են՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետական թուրքիոյ խորհրդարաններու ընդունած հարիւրաւոր օրէնքները, օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետական թուրքիոյ կառավարութիւններու կողմէ հրապարակուած կամ գաղտնի շրջանարուած հազարաւոր հրամանները, շրջաբերականները, կարգադրութիւններն ու ակտերը, յայտարարութիւնները, արձանագրութիւնները, եւ այլն. Ինչպէս նաեւ օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետական թուրքիոյ կողմէ ստանձնուած եւ չկատարուած տասնեակ միջազգային համաձայնությունները, մասնաւորապես 1899-ի եւ 1907-ի Հաագայի, ապա Լոզանի, Ազգերու Լիգայի, կոնվենցիաները, մարդու իրաւունքներու Եվրոպական Կոնվենցիան, եւ այլն, որոնք բոլորն ալ կը պարտաւորեցնեն Թուրքիան պաշտպանելու իր քաղաքացիներու եւ անոնց ժառանգներու անժամանցելի իրաւունքները:

Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հարցերու քննարկումը որպէս նպատակ չի կրնար հետապնդել թուրքիան եւ թուրքիոյ բնակիչներուն պատժելու իրավական իմաստով անհիմն եւ յուզական մտադրութիւնը, այլ ցեղասպանութեան զոհերու՝ արեւմտահայութեան կորսնցուցած իրաւունքներու վերականգնումը եւ իրաւունքներու ամբողջական հատուցումը: Արեւմտահայութիւնը մահացած կատեգորիա չէ, այն  յուշ չէ, յաղթանակած է ոչ միայն ճշմարտութեան դաշտին մէջ, այլ նաեւ ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանած ըլլալու անշրջանցելի փաստով: Արեւմտահայութիւնը կայ: Մինչ համայն հայ ժողովուրդը բարոյապէս պահանջատէր է, արեւմտահայութիւնը իրաւական իմաստով փաստացի հայցուոր է: Ան  իրաւական միաւոր է եւ գիտակից է, որ ունի մշտնչենական իրաւունքներ:

Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հարցերու քննարկումը կարող է տեղի ունենալ երկու տարածութիւններու վրայ, կամ թրքական եւ միջազգային ատեաններու, եւ կամ թուրքիոյ իշխանություններու հետ բանակցութիւններու միջոցաւ: Մենք չենք ուզեր եւ իրաւունք չունինք բացառել նաեւ երկրորդ՝ երկխօսութեան ճանապարհը:

Ցեղասպանութեան իրավական խնդիրը վերջապէս կը պահանջէ ըլլալ իրատես, պատասխանատու, բանիմաց, համախմբուած եւ նպատակասլաց: Այս պատճառով, կրկին անգամ, Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի անունով կը հրաւիրեմ բոլորին, պատուիրակներ գործուղղել եւ մասնակցիլ 2015 թուականի Մարտի 28ին եւ 29ին Արեւմտահայոց Փարիզի 4րդ համագումարին, ուր պիտի ներկայացուի եւ ընդունուի իրաւական պահանջներու մասին փաստաթուղթ:

Շնորհակալություն ուշադրութեան համար:

Տեսանյութեր

Լրահոս