
Քեսապահայերին նյութական օգնություն ցուցաբերելու համար հաշվեհամար է բացվել

Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով վտանգուած ժողովուրդը աջակցութեան, զօրակցութեան եւ օժանդակութեան անհրաժեշտ կարիքը ունի: Սուրիահայութիւնը անբաժան մասը ըլլալով սուրիացի ժողովուրդին, ինք եւս կրեց, եւ կը շարունակէ կրել, հետեւանքները ներկայ տագնապին: Սուրիահայութիւնը մեր ազգի եւ Միջին Արեւելքի կարեւոր մէկ համայնքը ըլլալով, բնականօրէն ամբողջ հայութեան հոգատարութեան արժանի է:
Գոհունակութեամբ կ’ուզենք յայտնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոչերն ու շրջաբերականները լայն արձագանգ գտան մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: Անոնք վստահութեամբ եւ անմիջական փութով ընդառաջեցին Վեհափառ Հայրապետի փափաքին: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մեր ազգակիցները իրենց թեմերուն եւ երկիրներուն մէջ յառաջացուցին հանգանակութեան միացեալ յանձնախումբեր, եւ ժողովրդային օժանդակութիւնները հանգրուանային կերպով սկսան փոխանցել Կաթողիկոսարանին ճամբով Ազգային Առաջնորդարան:
Բոլոր անոնք, որոնք ազգային գիտակցութենէն մղուած կը փափաքին իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերել մարդասիրական եւ ազգօգուտ այս օժանդակութեան իրենց նիւթական նուէրները կրնան փոխանցել Կաթողիկոսարան, յատկապէս այս առիթով բացուած դրամատնային հետեւեալ հաշիւին.-
Bank:
FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon
Name of account:
CATHOLICOSSAT ARMENIEN DE CILICIE
IBAN:
LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501
SWIFT Code:
FSAB LBBX
Եւ կամ ուղղակիօրէն իրենց միջոցներով փոխանցումը կատարեն Ազգային Առաջնորդարան (Հալէպ):
ԴԻՒԱՆ
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ