
ՍԴՀԿ-ն դատապարտում է

«Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը խստիւ կը դատապարտէ և անընդունելի կը գտնէ՝ Քիւրտիստանի Հասարակութեանց Միութեան (KCK) գործադիր խորհուրդի համանախագահ Պէսէ Հօզաթի անհիմն ու վտանգաւոր յայտարարութիւնը այն մասին, որ իբր հայ, յոյն և հրեայ լոպիստական կազմակերպութիւնները Թուրքիոյ պաշտօնական պետութեան զուգահեռ ընթացող պետութիւններ կազմաւորած են, նպատակ ունենալով Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը խանգարել:
Այս արտառոց յայտարարութիւնը ամէն բանէ առաջ անարգանք է իր բնօրրանէն արմատախիլ եղած հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին և առհասարակ Օսմանեան կայսրութեան և անոր ժառանգորդ երիտթուրքերու լուծին տակ կեղեքուած ու իրաւազրկուած շատ մը ժողովուրդներու հասցէին, ներառեալ քիւրտ ժողովուրդին, որուն իրաւունքներու պաշտպանութեան կոչուած է տիկին Հօզաթի ղեկավարած կուսակցութիւնը:
Առ այդ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անունով կոչ կ’ուղղենք Քիւրտիստանի Հասարակութեանց Միութեան(KCK) ղեկավարութեան յստակօրէն պարզաբանել իր տեսակէտը այս հարցի կապակցութեամբ, հետամուտ ըլլալ, որ յետայսու նման երեւոյթներ չկրկնուին և վերջապէս աջակցիլ՝ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին»:
Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւն