Արթո՛ւն եղիր, ժողովուրդ հայոց, Կովկասէն ներս համաթուրանական նոր դաշնակցութեան մը կազմաւորումով Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը փորձեն իրենց օղակին մէջ խեղդել Հայաստանը. Արամ Ա
«ԱՊՐԻԼ 24-Ը ՍՈՍԿ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ ՕՐ ՉԷ, ԱՅԼ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԿԱՄՔԸ ԱՌԱՒԵԼ ԱՄՐԱՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ Է». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման առիթով։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մեծ թիւով հայորդիներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։
Սոյն հաւաքին պաշտօնական խօսքերով հանդէս եկան յիշեալ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական ոգեշունչ պատգամը ուղղեց մեր պահանջատէր ժողովուրդի համայն զաւակներուն։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը սկսաւ՝ ընդգծելով, որ «Ապրիլ 24-ը սոսկ նահատակներու ոգեկոչումի օր չէ, այլ մեր պահանջատիրական կամքը առաւել ամրացնելու կոչ է»։ Ան ըսաւ, որ այնքան ատեն, որ Թուրքիա եւ իր «կրտսեր եղբայր» Ազրպէյճան կը շարունակեն ուրանալ իրենց գործած համամարդկային ոճիրները, խեղաթիւրել հայոց պատմութիւնը, ոչնչացնել հայոց դարաւոր հետքերը, եւ այնքան ատեն, որ արցախահայութիւնը պոկուած կը մնայ իր հողերէն, հայ ժողովուրդը անխախտօրէն պիտի շարունակէ իր պայքարը։
«Այսօր, երբ Թուրքիոյ անվերապահ զօրակցութիւնը վայելող Ազրպէյճանը Հայաստանի ամբողջականութիւնը հարցականի տակ դնող եւ անվտանգութիւնը խախտող պահանջներ կը ներկայացնէ ու կը սպառնայ նոր տարածաշրջաններ գրաւել Հայաստանէն, կ’արհամարհէ միջազգային օրէնքի սկզբունքները եւ կ’անտեսէ իր ստորագրած համաձայնագրերը, ու երբ Թուրքիան, իր կարգին, կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ մեր ազգի ու հայրենիքի հիմնարար արժէքներուն ու իտէալներուն առնչուած յօդուածներ ջնջել ու վերջ տալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդման, հայ երգին բառերով բարձրաձայն կ՚ըսենք՝ «Հիմի՞ էլ լռենք, երբ մեր թշնամին իր սուրն է դրել մեր կրծքին…», ըսաւ Հայրապետը։
Ուստի, ան յորդորեց հայ ժողովուրդը արթուն մնալու տեղի ունեցած համաթուրանական նոր դաշնութիւններուն դիմաց, որոնց նպատակը Հայաստանի գոյութիւնը վտանգել է։ Ան յայտարարեց մեր կտրուկ մերժումը՝ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը վտանգող տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններուն, միակողմանի զիջումներուն եւ պարտադրուած կացութիւնները ընդունելու վտանգալից մօտեցուներուն։
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց, որ աշխարհէն գութ ու արցունք չէ սպասուածը, այլ պահանջուածը արդարութեան վերականգնում է եւ՝ միջազգային օրէնքի գերակայութիւն. «Մենք պատմութիւն կերտեցինք, հայրենիք պահեցինք, մշակոյթ ստեղծեցինք, նոյնիսկ արեան գնով, «ո՛չ» ըսելով բոլոր տեսակի համակերպումներուն: Կը պահանջե՛նք Արցախի ժողովուրդին վերադարձը Արցախ եւ անոր իրաւունքներուն վերականգնումը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ: Կը պահանջե՛նք Ազրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած բոլոր գերիներուն առանց պայմանի շուտափոյթ ազատ արձակումը: Կը պահանջե՛նք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան դատապարտումը՝ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ, եւ՝ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցումը», պահանջեց Վեհափառ Հայրապետը։
Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս մէջբերեց Թուրքիոյ նախագահին քանի մը ժամ առաջ տուած պատասխանը թղթակիցներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած հարցումին. «մոռցէ՛ք անհիմն յիշողութիւնները եւ երեւակայական պատմութիւնները»։ Առ այդ, մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու սրբազան աճիւններուն դիմաց կանգնած, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղեց Թուրքիոյ նախագահին՝ հարց տալով. «Պարոն նախագահ, ուրկէ՞ եկան այս աճիւնները մեր նահատակներուն։ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս քու պապերուդ կողմէ ջարդուեցան մեր պապերը։ Պատմութիւնը կը վկայէ, նոյնիսկ թուրք պատմագէտներու կողմէ, թէ ինչ որ կատարուեցաւ 1915-ին ի՛մ պապերուս դէմ քո՛ւ պապերուդ կողմէ, Ցեղասպանութիւն էր՝ ծրագրուած ու գործադրուած պետական մաշտապով»։
Իսկ պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահին Հայաստանը Սփիւռքին եւ Սփիւռքը Հայաստանին հակադրելու անիմաստ փորձերուն, որ վերոյիշեալ հարցազրոյցին մէջ թղթակիցներուն ըսած էր՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.
«Պարոն նախագահ, մի՛ փորձեր Սփիւռքը հակադրել Հայաստանին։
Հայաստան եւ Սփիւռք՝ մէ՛կ ամբողջութիւն է, մենք մէ՛կ ազգ ենք՝ մէ՛կ պահանջատիրութեամբ։
Հետեւաբար, Արթո՛ւն եղիր, ժողովուրդ հայոց, Կովկասէն ներս համաթուրանական նոր դաշնակցութեան մը կազմաւորումով Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը փորձեն իրենց օղակին մէջ խեղդել Հայաստանը։ այաստանին ցեղասպան դրացիները խաղաղութեան հաստատման համար պայմաններ դնելով՝ փաստօրէն կը սպառնան Հայաստանի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան, նոյնիսկ՝ գոյութեան»։
Վերջապէս, Նորին Ս. Օծութիւնը թելադրեց համախմբուելու ազգին ու հայրենիքին սրբազան արժէքներուն, համահայկական օրակարգի մը՝ թէկուզ տարբեր մօտեցումներով, եւ անվիճելի իրաւունքներու շուրջ՝ Հայաստանի փրկութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով։
«Յարգա՛նք՝ մեր բիւրաւոր նահատակներուն եւ պատի՛ւ՝ մեր արի ժողովուրդին» ըսելով՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս եզրափակեց իր պատգամը։