
Չփախչինք Աստուծմէ

Չփախչինք Աստուծմէ։ Եւ ինչո՞ւ փախչինք Աստուծմէ որ մեզի բարիք ընելու համար է որ մեզի կը մօտենայ (Եր 32.41): Ինչո՞ւ փորձենք հեռանալ Տիրոջմէն որ կուզէ մեզ հանգստացնել այնպէս` ինչպէս մայր մը կուզէ իր տղան հանգստացնել (Ես 66.13): Ինչո՞ւ լքենք զԱստուած որ կը կամենայ մեզ պաշտպանել իր որսը պաշտպանող առիւծի նման (Ես 31.4): Ինչո՞ւ թողունք կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ Աստուած, եւ մեզի համար փորենք ծակոտ գուբեր որոնք չեն կրնար ջուր պահել (Եր 2.13):
Աստուծմէ փախչելու եւ իրմէ ազատելու խորհուրդը մեր միտքի ծայրէն անգամ պէտք չէ անցընենք: Մեր ճիգը պէտք ըլլայ Աստուծոյ ձեռքով ազատիլ եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ ձեռքէն ազատիլ: Աստուծոյ ձեռքը մեզ խաչել ուզող դատաւորի մը ձեռքը չէ, այլ մեզի համար եւ մեր փոխարէն խաչուած Տէր Յիսուսի ձեռքն է ատիկա: Առանց Աստուծոյ ձեռքին՝ չկայ ազատութիւն Աստուծոյ ձեռքէն:
Ի՜նչ դժբախտութիւն է որ մարդիկ փորձեն փախչիլ իրենց ազատութեան համար դէպի իրենց երկարող ձեռքէն։ Պետրոս առաքեալ կընկղմէր երբ «Յիսուս անմիջապէս ձեռքը երկարելով բռնեց զայն» (Մտ 14.31): Ինչո՞ւ փորձենք փախչիլ Քրիստոսէ որ մեզ տեսակ-տեսակ ընկղմումներէ ազատել կուզէ։ Ազատութի՞ւն է որ կը փնտռենք: Յիշե՛նք ազատարար Յիսուսին խօսքը. «Եթէ Որդին ձեզ ազատէ, այն ատեն իրապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յհ 8.36):
Ազատի՞լ կուզենք մեզ մահէն ազատել ուզող Յիսուսէն: Հեռանա՞լ կուզենք մեզ երկինքին մօտեցնողէն։ Մերժե՞նք Բարձրեալն Աստուած որ կուզէ մեզ բարձրացնել իր ուսերուն վրայ: Երե՞ս դարձնենք իր երեսը մեր վրայ փայլեցնել ուզող Փրկիչին: Ինչո՞ւ մերժենք զԱստուած որ կը ցանկայ մեզ ցանկապատել եւ մեր ցանկութիւնը դառնալ: Ինչպէս առանց ցանկապատի պարտէզ մը ենթակայ է ամէն տեսակի ոտնձգութիւններու, այնպէս ալ Աստուծմով չցանկապատուած մարդը, մնայուն կերպով երթակայ է սատանայական ամէն տեսակի յարձակումներու:
Ըսէ՛ ինծի, ո՞վ փորձեց փախչիլ Աստուծմէ եւ յաջողեցաւ: Աստուած Սաւուղը ընտրեց իբրեւ թագաւոր բայց Սաւուղ պահուըտած էր կարասիներուն մէջ: Սաւուղ փորձած էր փախչիլ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած պաշտօնէն: Մարդիկ փնտռեցին Սաւուղը բայց չգտան։ Երբ խնդրեցին Աստուծմէ որ օգնէ իրենց որպէսզի կարենան գտնել զանիկա, Աստուած ըսաւ. «Անիկա կարասիներուն մէջտեղը պահուըտած է» (Ա.Թգ 10.22): Սաւուղ չկրցաւ ծածկուիլ Աստուծոյ տեսողութենէն: Արդեօք մենք ալ երբեմն չե՞նք փորձեր Աստուծոյ տեսողութենէն ծածկուելու համար տեսակ-տեսակ «կարասիներու» մէջ պահուըտիլ:
Յովնան մարգարէն ալ փորձեց փախչիլ Աստուծմէ բայց չյաջողեցաւ: Աստուած ուզեց զինք Նինուէ ղրկել որպէսզի այդտեղի ժողովուրդը ապաշխարութեան հրաւիրէր, «բայց Յովնան ելաւ որ Տիրոջ երեսէն Թարսիս փախչի» ծովու ճամբով (Յվն 1.2-3): Աստուած փոթորկեցուց ծովը: Նաւին մէջ եղողները վիճակ ձգեցին գիտնալու համար թէ փոթորիկը որո՞ւ պատճառով եղած էր։ Վիճակը Յովնանին ելաւ։ Մարդիկ Յովնանը ծով նետեցին: Աստուած հրամայեց կէտ ձուկի մը որ Յովնանը կլլէ (Յվն 1.17): Յովնան երեք օր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց: Ան աղօթեց, խոստովանեցաւ իր մեղքը եւ խոստացաւ Տիրոջ հնազանդիլ (Յվն 2.5, 7-10):
Յովնանին անհնազանդութիւնն էր որ ծովը փոթորկեցուց։ Քննե՛նք մենք զմեզ: Կրնայ պատահիլ որ մեր ալ անհնազանդութիւնը Աստուծոյ բարկութիւնը բորբոքէ օր մը: Ինչպէս Աստուած Յովնանը ղրկեց Նինուէացիներուն որպէսզի զիրենք ապաշխարութեան հրաւիրէր, այնպէս ալ մեզ ղրկած է ամբողջ աշխարհ որպէսզի իրեն համար վկայենք (Գրծ 1.8, Մտ 28.19-20)։ Յովնանի նման մենք ալ յաճախ չե՞նք փորձեր փախչիլ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարտականութիւններէն։ Յիշեցէք Մովսէսին օրինակը։ Աստուած ուզեց Մովսէսը փարաւոնին ղրկել որպէսզի ազատ արձակէր Իսրայէլացիները։ Մովսէս խուսափելու համար աստուածատուր առաքելութենէն, պատրուակեց թէ «ծանրախօս ու ծանրալեզու» մէկն էր։ Անոր պատրուակը մերժուեցաւ։ (Ել 4.10-17): Նոյնն է պարագան մեզմէ իւրաքանչիւրին: Յաճախ առաքելութեան մը կը կանչուինք Աստուծոյ կողմէ, եւ սակայն, փոխանակ զայն ի կատար ածելու միջոցի մը մասին մտածենք, ընդհակառակը, կը մտածենք անկէ փախչելու կերպի մը մասին: Եթէ ծառաներն ենք Աստուծոյ, պէտք է հնազանդինք իրեն: Եթէ ծառայ մը ունէիր որ կը մերժէր հնազանդիլ քեզի եւ կամքդ կատարել, պիտի չբարկանայի՞ր անոր եւ զինք գործէ պիտի չարձակէի՞ր: Ահա նոյնպիսի վերաբերմունք կրնայ որդեգրել Աստուած մեզի հանդէպ եթէ շարունակենք ընդդիմանալ իր կամքին:
Չկա՛յ մէկը որ Աստուծոյ ձեռքէն կարենայ ազատիլ (Ես 43.13) եւ ո՛չ ալ մէկը որ կարենայ մեզ ազատել Աստուծոյ ձեռքէն (Յոբ 10.7): Կա՞յ արդեօք կերպ մը որով կարելի է ազատիլ Աստուծոյ ձեռքէն։ Անշուշտ։
Աստուծոյ ձեռքէն ազատելու միակ կերպը Աստուծոյ ձեռքերուն յանձնուիլն է: Այսպէս ըրաւ Դաւիթ մարգարէ: Աստուծոյ ձեռքը գիշեր ու ցերեկ հալածեց Դաւիթը մինչեւ որ Դաւիթ Աստուծոյ դարձաւ, խոստովանեցաւ իր մեղքերը եւ ներում ստացաւ (Սղ 32.3-5):
Ինչպէս ոստիկանութիւնը կը շարունակէ հալածել փախուստի դիմած մահապարտ մարդը մինչեւ որ զայն բռնէ եւ պատժէ, նմանապէս ալ Աստուած պիտի շարունակէ մեղապարտները հետապնդել, մինչեւ որ բռնէ զանոնք, մեծ տարբերութեամբ մը սակայն, ո՛չ թէ պատժելու համար զանոնք, այլ անոնց պատիժը իր վրայ առնելու (Ես 53.5):
Դարձեալ, ինչպէս ոստիկանութենէ փախչող աւազակը եթէ ոստիկանութեան յանձնուի, նուազ պատիժ կը ստանայ, կամ բոլորովին կը ներուի անոր յանցանքը, նոյնպէս ալ Աստուծմէ փախչող մեղաւորը, եթէ Աստուծոյ յանձնուի՝ ներում կը գտնէ: Նոյնը կուսուցանէ Աստուծոյ խօսքը. «Դարձի՛ր, ո՛վ ապստամբ Իսրայէլ, կըսէ Տէրը, իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր. քանզի ես ողորմած եմ, յաւիտեան ոխ չեմ պահեր» (Եր 3.12): «Քու յանցանքներդ՝ մէգի պէս ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի։ Ինծի՛ դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի» (Ես 44.22)։
Մենք պէտք է աշխատինք Սատանայէն փախչիլ եւ ո՛չ թէ Աստուծմէ։ Ենթադրենք պահ մը որ ծովը կը լողայինք եւ յանկարծ կը նշմարենք որ կէտձուկ մը մեր աջ կողմէն դէպի մեր կողմը կը սուրայ, իսկ մեր ձախ կողմը նաւ մը կայ։ Ի՞նչ պիտի ընէինք նման պարագայի մը։ Դէպի կէտձուկի՞ն կողմը պիտի փորձէինք լողալ, թէ դէպի նաւուն կողմը։ Վստահաբար նաւուն։ Այդ կէտձուկը Սատանան ի՛նքն է, որ մեզ կլլել կուզէ (Ա.Պտ 5.8), իսկ նաւը՝ Քրիստոս։ Ո՛չ ոք ազատարարը ձգելով դէպի զինք կլլել ուզող կէտձուկին կողմը կը վազէ։ Ո՛չ ոք տաք եւ հեղձուցիչ օդէն ազատելու համար ինքզինք կրակին գիրկը կը նետէ, երբ անդին «կենսատու ջուրի գետեր» իրեն կը սպասեն (Յհ 7.38)։
Չփախչինք Աստուծմէ՝ մեր պաշտպանէն ու պահապանէն։ Ո՞վ է այն մարդը որ ինքնիր պաշտպանէն պաշտպանուիլ կը փորձէ։ Ո՞վ այն անձը որ ինքնիր պահապանէն պահպանուիլ ու պահուըտիլ կաշխատի։ Կարելի՞ բան է մերժել Աստուծոյ ձեռքին պաշտպանութիւնը երբ պատերազմի մէջ ենք երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ (Եփ 6.12):
Քանի որ հոգեւոր պատերազմի մէջ ենք, չե՞նք ուզեր Աստուծոյ նման անպարտելի թիկնապահ մը ունենալ (Ես 52.12), զօրաւոր ախոյեան մը (Եր 20.11), մեր ձեռքերը պատերազմի վարժեցնող մը (Բ.Թգ 22.36)։ Քանի որ պատերազմի մէջ ենք Սատանային դէմ, ուրեմն, ապաւինինք Աստուծոյ։ Դուն քու սեփական ուժովդ չես կրնար յաղթել (Ա.Թգ 2.9)։ Յաղթողն ու յաղթանակել տուողը Աստուած ի՛նքն է (Ա.Թգ 17.47)։ Պատերազմը զօրաւորներունը չէ (Ժղ 9.11), այլ՝ Աստուծոյ զօրութեան ապաւինողներուն։
Սիրելի՛ ընթերցող, մարդիկ կան որոնք կը փորձեն փախչիլ Աստուծմէ, որովհետեւ կը կարծեն որ Աստուած կրնայ իրենց դժբախտութեան պատճառ դառնալ: Սակայն Աստուած որ երջանկութիւնն ու երջանկացնողն է, ինչպէ՞ս կրնայ դժբախտութեան պատճառ դառնալ:
«Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ստանաս» (Յոբ 22.26)։ Աստուծմէ ուրախութիւն կը ստանանք եւ ո՛չ թէ տրտմութիւն։ Աստուած կը մխիթարէ մեզ եւ ո՛չ թէ սուգի կը մատնէ (Ես 51.12)։
Աստուած մեր երջանկութիւնը առնելու համար չէ որ կը մօտենայ մեզի, այլ մեր երջանկութիւնը դառնալու համար: Եթէ երբեք մեր ոտքին մէջ մխուած սուր մը ունէինք եւ տեսնէինք որ Յիսուս մեզի կը մօտենար որպէսզի սուրը մեր ոտքէն դուրս հանէր, անմտութիւն ըրած պիտի չըլլայի՞նք եթէ փորձէինք անկէ փախչիլ, կարծելով որ ան կու գար սուր մը եւս մխելու մեր ոտքին մէջ։
Արդէն իսկ խոցոտուածին խոցոտելը՝ անգթութիւն է: Իսկ Աստուած անգութ չէ, այլ՝ կատարեալ գթութիւն եւ գորով (Բ.Մն 30.9, Սղ 86.15, 145.8)։ Ըսել ուզածս այն է, որ մենք արդէն իսկ մեղքերով խոցոտուած ենք եւ Աստուած այդ մէկը շատ լաւ գիտէ: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս թոյլ կու տանք մենք մեզի մտածելու որ Աստուած մեղքի սուրով խոցոտուածներուս կու գայ անգամ մը եւս խոցոտելու։ Այդ ձեւով մտածողները, գթառատն Աստուած անգութ էակի մը տեղ դրած կըլլան:
Ո՞վ կրնայ ամէնուրէք Աստուծմէ մը փախչիլ։ Կրնա՞նք փախչիլ տեղ մը ուր Աստուած չկայ: Սաղմոսագիրքը կը պատասխանէ ըսելով. «Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ ու քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ: Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես, եթէ դժոխք իջնեմ, դարձեալ հոն ես» (Սղ 139.7-8): Աստուած իրմէ փախչողներուն կըսէ. «Մէկը ծածուկ տեղեր կրնա՞յ պահուըտիլ, որ ես զանիկա չտեսնեմ: Միթէ երկինքն ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ» (Եր 23.24): Երկինքն ու երկիրը լեցնող Աստուածորդին մե՛զ ալ կրնայ լեցնել: Միթէ Աստուած իր լեցունութենէն բան մը պիտի կորսնցնէ՞ եթէ մեզ լեցնէ: Միթէ պիտի աղքատանա՞յ եթէ հոգեւորապէս մեզ հարստացնէ:
Սիրելի՛ ընթերցող, «գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ գէշ ու դառն բան մըն է, որ քու Տէր Աստուածդ կը թողուս…» (Եր 2.19): Աստուած չի՛ հեռանար մեզմէ եթէ զԱստուած մեզմէ հեռացնող յամառութիւն ցոյց չտանք: Յամառ մարդուն հետ ո՛չ Աստուած կրնայ գործել եւ ո՛չ ալ մարդը: Յամառները Աստուծոյ դէմ կռուող մարդիկ են։ Չկռուի՛նք մեր մեղքերուն դէմ կռուող Աստուծոյ Հոգիին դէմ: Մեր կեանքին ղեկը Սուրբ Հոգիին յանձնենք: Յաւիտենական կեանքին հասնելու համար, Աստուծոյ յաւիտենական Հոգին պէտք է առաջնորդէ մեզ: Մենք անսխալական առաջնորդի մը պէտք ունինք, որովհետեւ «ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կերեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահ է» (Առ 14.12):
Եթէ Աստուծոյ դառնանք Աստուած ալ մեզի պիտի դառնայ (Զք 1.3) եւ մենք Աստուծմով լեցուն բաժակներու պիտի նմանինք: Իւրաքանչիւրս բաժակ մըն է Աստուծոյ ձեռքին մէջ: Ամօ՛թ է մեզի եթէ Աստուծոյ ձեռքին մէջ եղած բաժակներս պարապ ըլլանք: Աստուծոյ ձեռքը պարապ բաժակ չի՛ տրուիր: Ի՞նչ պիտի ընենք եթէ Աստուած նայի իր ձեռքին մէջ եղած բաժակներուս եւ զանոնք հաւատքէ պարպուած տեսնէ: Ի՞նչ պիտի ընենք եթէ Աստուած սկսի Կենաց Գիրքին մէջ արձանագրուած անունները աչքէ անցընել եւ հոն չհանդիպի մեր անունին: Ըսէ՛ք ինծի, ի՞նչ պիտի ընենք…։
Այն ինչ որ կրնանք ընել հիմա՛ է որ պէտք է ընենք. դառնալ մեր դարձին սպասող Քրիստոսի, լեցուելու համար անոր սիրով եւ ապրիլու համար անոր ներկայութեան մէջ այժմ եւ յաւիտեանս։ Ամէն:
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից