
Սատանան սկիզբէն մարդասպան է

Անիկա (Սատանան) սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը» (Յհ․ 8.44)։ Տուեալ համարէն երեք բաներ կը սորվինք Սատանային մասին.
Առաջին.- անիկա մարդասպան է։ Մարդասպանը միայն մարմնապէս մարդը սպաննողը չէ։ Իրական մարդասպանը մարդուն հոգին սպաննողն է, այլ խօսքով, մարդուն հոգիին յաւիտենական կորստեան պատճառ եղողն է։ Քրիստոս կը պատուիրէ մեզի չվախնալ «անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել», այլ վախնալ «անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ» (Մտ․ 10.28)։
Քրիստոս այստեղ Աստուծոյ մասին է որ կը խօսի եւ ո՛չ թէ Սատանային մասին, ինչպէս յաջորդող համարները կը պարզեն։ «Ան կրնայ…»։ Այս բառերով Քրիստոս ըսել կ՚ուզէ որ Աստուած կատարեալ իրաւասութիւնն ու իշխանութիւնը ունի մարդուն «թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ»։ Թէեւ Աստուած կրնայ մարդը յաւիտենական կորստեան մատնել, եւ սակայն, ինք չէ պատճառը մարդուն կորստեան։ Պատճառը մարդը ի՛նքն է, որ յանձն կ՚առնէ կամաւորաբար Սատանային կամքը կատարել։
Աստուած մարդասպան չէ, այլ՝ մարդասէր։ Մարդասպանը Սատանան ի՛նքն է որ մարդատեաց է։ Ան կը սպաննէ մարդուն մէջ մարդկային բաժինը եւ մարդը կը դարձնէ գազան։ Ան կը բնաջնջէ մարդուն մէջ Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը։ Ան արմատախիլ կ՚ընէ մարդէն ամէն բան որ բարի ու գեղեցիկ է, ամէն լաւ ցանկութիւն ու փափաք։ Ան կը չէզոքացնէ մարդուն կեանքէն երջանկութեան ամէն աղբիւր։ Ան ահաւոր քինախնդիր մէկն է։
Ան երբ տեսաւ թէ անկարող է պայքարիլ Աստուծոյ դէմ, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց մարդկային ցեղին վրայ։ Ան եղաւ եւ կը շարունակէ մնալ մարդկութեան դժբախտութեան պատճառ եւ առիթ։ Իր ոխակալութեան ոգիէն ան դրաւ եւ կը դնէ մարդուն մէջ։ Ան չհանդուրժեց եւ չի հանդուրժեր հանդուրժողութեան ոգի տեսնել մարդոց մօտ իրարու նկատմամբ։ Ան չներեց եւ չի ներեր իրարու ներող մարդիկը։
Երկրորդ.- «Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր»։ Սատանան ժամանակի ընթացքին չէր որ մարդասպան եղաւ, այլ սկիզբէն այդպիսին էր։ Ի՞նչ կը հասկնանք «սկիզբէն» ըսելով։ «Սկիզբէն» ըսելով ակնարկութիւնը Սատանային ստեղծման օրուան չէ։ Յստակ է որ Աստուած Սատանան իբրեւ Սատանայ չստեղծեց, այլ իբրեւ Աստուծոյ սուրբ լերանը վրայ ապրող քերովբէ (Եզ․ 28.14)։
Աստուած խօսքը ուղղելով իրեն կ՚ըսէ. «Դուն ճամբաներուդ մէջ կատարեալ էիր, քու ստեղծուած օրէդ մինչեւ այն օրը, երբ քու վրադ անօրէնութիւն գտնուեցաւ» (Եզ․ 28.15)։ Որոշ է որ «անօրէնութիւնը» որուն մասին կը խօսի Աստուած, Սատանային կողմէ ի գործ դրուած Աստուծոյ գահը գրաւելու ճիգն էր (Ես․ 14.13-14) եւ ոչ թէ Ադամն ու Եւան խաբելու գործողութիւնը։
Եթէ երբեք «սկիզբէն» ըսելով չ՚ակնարկուիր իր ստեղծման օրուան եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ գահը գրաւել փորձելու օրուան, հապա ի՞նչ բանի կ՚ակնարկուի։ «Սկիզբէն» բառը պէտք է կապել մարդկային ցեղի սկզբնաւորութեան, որովհետեւ Սատանան մարդասպան է եւ ո՛չ թէ աստուածասպան։
Աստուած Արուսեակ քերովբէին մեղանչումէն ետք էր որ ստեղծեց Ադամն ու Եւան։ Արուսեակ որ արդէն իսկ Սատանայի վերածուած էր Աստուծոյ տեղը առնել փորձելուն համար, նախանձով, ատելութեամբ եւ դառնութեամբ լեցուեցաւ երբ տեսաւ որ Աստուած իր պատկերով ու նմանութեամբ, իր ձեռքով ու Հոգիով, իր շունչով ու փառքով ստեղծեց երկու անձեր՝ Ադամն ու Եւան, որոնցմէ «ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ, որպէսզի աշխարհի բոլոր կողմերը բնակին» (Գրծ․ 17.26)։ Իր նախանձին արդիւնքը եղաւ այն՝ որ Ադամն ու Եւան եւ ապա ամբողջ մարդկութիւնը իր թիրախը դարձնէ։
Երրորդ.- «Ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը»։ Ստախօսութիւնը Սատանային նկարագիրին գիծերէն ամէնէն գլխաւորն է։ Ստախօսը կամայ թէ ակամայ Աստուծոյ կամքին եւ խօսքին հակադրուող մէկն է։
Աստուած Ադամին ըսաւ. «Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես՝ անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն․ 2.17, 3.3)։ Իսկ Սատանան հերքած եղաւ Աստուծոյ խօսքը երբ Եւային ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծն․ 3.4-5)։
Աստուած ուտելու եւ մեռնելու մասին կը խօսի, իսկ Սատանան՝ ուտելու եւ չմեռնելու մասին։ Ստախօսը միշտ կը հակասէ Աստուծոյ խօսքին քանի որ անիկա «ճշմարտութեան կողմնակից չէ»։ Զուր տեղը չէ որ Քրիստոս Հրեաները կը կոչէ Սատանային զաւակները (Յհ․ 8.44)։ Ինչպէս Սատանան ստախօս եւ ճշմարտութեան անկողմնակից մէկն էր, այնպէս ալ Հրեաները ստախօս եւ ճշմարտութեան հակադրուող ժողովուրդ եղան։
Անոնք չկահադրուեցա՞ն Քրիստոսի որ յայտարարեց. «Ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը» (Յհ․ 14.6)։ Անոնք չփորձեցի՞ն «Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն գտնել» որպէսզի զայն սպաննէին (Մտ․ 26.59-61)։ Սատանան հեռացաւ ճշմարտութենէն երբ հեռացաւ Աստուծմէ։ Ան Աստուծմէ հեռանալով սկսաւ հակադրուիլ ճշմարտութեան, հակադրուիլ Քրիստոսով իրագործուած փրկութեան։ Աստուծմէ հեռացողը կը դառնայ թշնամի Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից