
Մարդ չի՛ կրնար երկու տէրերու ծառայել

Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին» (Մտ․ 6.24)։
Աշխարհի մէջ ապրող ամէն մարդ կամայ թէ ակամայ ծառայութիւն մատուցանող էակ մը կը նկատուի։ Կարեւորը այն է, թէ որո՞ւ կամ ի՞նչ բանի է որ կը ծառայենք։ Ընդհանրապէս մենք կը ծառայենք ա՛յն բանին կամ ա՛յն անձին որ կը սիրենք։ Եթէ զԱստուած կը սիրենք, բնականաբար պիտի ծառայենք Աստուծոյ, իսկ եթէ դրամը կը սիրենք՝ դրամին է որ պիտի ծառայենք։ Երկուքը սիրել եւ երկուքին հաւասարապէս ծառայել կարելի բան չէ։
Ասորեստանի հողերուն վրայ գերութեան մէջ եղող Յուդայի բնակիչներուն վերաբերեալ կը կարդանք. «Թէպէտ Տիրոջմէ կը վախնային, բայց իրենց կուռքերուն ալ ծառայութիւն կ՚ընէին» (Դ.Թգ․ 17.41)։ Ոչինչ փոխուած է պատմութենէն։ Այսօր ալ քիչ չէ թիւը այն մարդոց, որոնք թէեւ կը յայտարարեն թէ կը վախնան Աստուծմէ, եւ սակայն, երբեք ալ չեն քաշուիր ապրելու կռապաշտ կեանք մը։ Կռապաշտութիւնը միայն փայտէ կամ քարէ շինուած կուռքը պաշտելը չէ։ Ինչ բան որ կը սիրենք, ինչ բանի որ կապած ենք մեր սիրտն ու հոգին, ատիկա մեզի համար կը դառնայ կուռք։
«Անոնք Տիրոջմէ կը վախնային, նաեւ իրենց աստուածներուն ծառայութիւն կ՚ընէին…» (Դ.Թգ․ 17.33)։ Զարմանալի թող չթուի այս խօսքը։ Մեզմէ ո՞վ չէ հանդիպած այնպիսի դրամասէրներու որոնք ո՛չ կ՚ուզեն դրամէ հրաժարիլ եւ ո՛չ ալ կ՚ուզեն Աստուծմէ հեռանալ։ Մարդիկ այնքա՛ն անձնասէր դարձած են որ կը փորձեն իրենց մէկ ձեռքին մէջ ունենալ Աստուած եւ միւս ձեռքին մէջ ունենալ դրամ։ Այդպիսի մարդիկ կամաւորապէս կը մոռնան մեր Տիրոջ խօսքը. «Մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել»։ Հետաքրքրական է որ Քրիստոս “տէր” բացատրութիւնը կը գործածէ նիւթեղէն աշխարհին համար, աւելի նեղ առումով մը՝ դրամին համար։
Դրամը ի՛նքն ալ «տէր» մըն է այն իմաստով, որ կատարելապէս կը տիրէ եւ կ՚իշխէ զինք սիրողներուն սիրտին վրայ։ Դրամը կը ստրկացնէ հոգիները բոլոր անոնց՝ որոնք պաշտամունք կը մատուցանեն իրեն։ Ան բռնակալ եւ դաժան տէր մըն է։ Չկա՛յ ազատութիւն դրամասէր մարդոց համար։ Չկա՛յ հանգիստ եւ խաղաղութիւն անոնց համար։ Դրամը անագորոյն բռնապետ մըն է որ մեզ կը հեռացնէ մեր գթառատ Փրկիչէն։
Դրամասէր մարդուն համար դրամը արգելք մըն է սիրելու եւ վստահելու Աստուծոյ։ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Դրամ ունեցող մարդը Աստուծմէ հեռանալու փորձութեան ենթակայ է։ Ինչո՞վ դրամը մարդը կը հեռացնէ Աստուծմէ։ Կը հեռացնէ անով, որ փոխանակ իր վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դնելու, կը դնէ դրամին վրայ։ Դրամը կարծէք զԱստուած փոխարինելու կու գայ։ Պօղոս առաքեալի, ինչպէս նաեւ Յակոբոս առաքեալի մտածողութեան մէջ կը տեսնենք որ դրամը կուռք նկատուած է։ Դրամասիրութիւնն ու ագահութիւնը կռապաշտութիւն նկատուած են, որովհետեւ դրամը սիրող մարդուն համար դրամը տեսակ մը կուռք կը դառնայ։ Կուռք մը, որուն սիրահարը կը դառնայ, անոր ծառայ ու հպատակ եւ զանիկա կ՚ընդունի իբրեւ տէր»։
Կռապաշտութեան համազօր խօսք մը չէ՞ ժողովրդական բացատրութիւնը. «Վերը Աստուած, վարը դրամ» կամ «Դրամը ամէն բան կ՚ընէ»։ Դրամը ամէն բան չի՛ կրնար ընել։ Օրինակ, դրամը չի՛ կրնար մարդոց սիրտերը սիրով եւ խաղաղութեամբ լեցնել իրարու նկատմամբ։ Դրամը անկարող է աստուածսիրութեան եւ աստուածպաշտութեան առաքինութիւններով զարդարել մեր հոգիները։ Դրամը երբեք չի կրնար մեզ առաջնորդել հաւատքի, փրկութեան եւ արդարութեան։
Դրամը կրնայ մեզ տիրող եւ իշխող դարձնել աշխարհի մէջ, բայց նաեւ կրնայ տիրապետութիւն եւ իշխանութիւն հաստատել մեր ներաշխարհին վրայ։ Այլ խօսքով, դրամը մեզ կը վերածէ իշխուած իշխողներու, տիրապետուած տիրապետողներու։
Յիշեցէք մեծահարուստ երիտասարդին պարագան (Մր․ 10.17-23)։ Ան վստահաբար իր ունեցած հարստութեան պատճառով տիրող ներկայութիւն մըն էր իր շրջապատին մէջ. բայց միւս կողմէն չենք կրնար ուրանալ որ ան միաժամանակ տիրապետուած եւ ստրկացուած անձ մըն էր իր հարստութեան կողմէ, որովհետեւ երբ Քրիստոս կոչ ուղղեց իրեն իր ունեցածը ծախելու եւ աղքատներուն տալու, ան ո՛չ միայն չհնազանդեցաւ կոչին, այլեւ տրտում-տխուր հեռացաւ Քրիստոսէ։
Դրամ ունենալը սխալ բան չէ։ Սխալը դրամին կապուիլն է։ Սխալը դրամէն չկարենալ բաժնուիլն է։ Մեծահարուստ երիտասարդը դրամէն բաժնուելու Տէրունական հրահանգին չէր կրցած հնազանդիլ։ Երբ բան մը կայ որմէ չենք կրնար բաժնուիլ, կը նշանակէ թէ այդ բանին ստրուկը դարձած ենք։
Դրամէն շա՛տ աւելին կ՚արժէ հօրենական տուն մը կամ զաւակ մը։ Աբրահամ երբ հրաման ստացաւ Աստուծոյ կողմէ բաժնուելու իր հօրենական տունէն (Ծն․ 12.1) կամ իր միածին զաւակէն (Ծն․ 22.2-3), ան կատարեալ հնազանդութիւն ցուցաբերեց։ Պէտք չէ թիւր մեկնութեան երթալ ըսելու համար, որ Աբրահամ իր ամբողջ սիրտով չէր սիրեր իր Իսահակ որդին։ Ամէն կասկածէ վեր է որ Աբրահամ իր ամբողջ սիրտով կը սիրէր իր որդին, բայց ան իր սիրտը լիովին կապած էր Աստուծոյ։ Իրեն համար Աստուծոյ հրահանգին հնազնդիլը կ՚արժէր հազար հատ Իսահակ։ Աբարահիմ սրտին տէրը Աստուած ի՛նքն էր եւ ո՛չ թէ դրամը, զաւակը, հօրենական տունը կամ ազգականները։
Սիրելի՛ ընթերցող, մի՛ ընդունիր գերեվարուիլ ոեւէ մէկու մը կամ որեւէ բանի մը կողմէ։ Աստուծմէ զատ ուրիշ բան չսիրելու կոչ մը չէ որ կ՚ուղղեմ քեզի, այլ՝ զԱստուած ամէն բանէ աւելի սիրելու կոչ մը։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից