Բաժիններ՝

Դամասկոսում թեժ մարտեր են. Վիրավորների մեջ հայուհի կա

Դամասակոսի մէջ այսօր դարձեալ պատերզամական իրավիճակ կը տիրէ եւ հրթիրարձկման թիրախ կը դառնան խաղաղ բնակչութեան թաղամասերը: Այս մասին «Հայ Ձայն» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն:Մեր աղբիւրին համաձայն երէկ «Ալ Քուսուր» շրջանին վրայ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորուած է հայուհի մը ՝Մարի Հարինցեան անունով:

Հայուհիին վիճակը կը գնահատուի բաւարար եւ նախնական տոպւեալներով ան այսօր հիւանդրանոցէն դուրս պիտի գայ:«Սանա» գործակալութեան փոխանցմամբ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Սուրիոյ բանակը թէժ մարտեր կը մղէ մայրաքաղաքի «Հայ Ժոպար եւ արեւելեան «Ղութա» շրջաններուն մէջ, ուր տեղակայուած են «Ալ Նըսրա» ճակատի զինեալները:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ սուրիական բանակը յաջողած է ետ մղել «Ալ Նուսրա»ի զինեալները, որոնք երէկ փորձած էին յառաջխաղացք արձանագրել «Հայ ժոպար»ի հիւսիսային հատուածին մէջ եղող «Մահամէլ» շրջանին մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ նոյպէս մարտեր կը գրանցուին մայրաքաղաքի ծայրամասային համարուող տարբեր շրջաններուն մէջ: Յիշեցնենք, որ երկու օր առաջ հրթիռարձակման ենթարկուած եւ հրկիզուած էր Ժոպար շրջանի Ֆարէս Խուրի թաղամասին մէջ գտնուող Փամպուքեաններու բնակարանը, որուն հետեւանքով շրջանին մէջ ապրող հայորդիները ստիպուած եղած էին փոխադրուիլ աւելի ապահով վայրեր:

Ըստ մեր աղբիւրին պատերազմական իրավիճակին պատճառով այսօր եւս մայրաքաղաքի բոլոր շրջանները յայտնուած են անդամալուծուած վիճակի մը մէջ:

haydzayn.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս