Բեյրութում Հունգարիայի դեսպանին հուշագիր են ներկայացրել
Լիբանանի մայրաքաղաքում անցկացված բազմամարդ ցույցի ժամանակ այդ երկրի հայ ավանդական կուսակցությունները համատեղ հուշագիր են ներկայացրել Բեյրութում Հունգարիայի դեսպանին, որում մասնավորապես գրված է.
«Նորին վսեմութիւն Լասզիօ Վարատի,
Լիբանանի մէջ Հունագրիոյ դեսպան,
Հունգարիոյ դեսպանատուն
Պէյրութ
Յարգելի պրն.դեսպան,
Ձեզի կը գրենք Հունգարիոյ մէջ 2004-ին ՕԹԱՆ-ի Յանուն խաղաղութեան գործընկերութիւն ծրագիրի մասնակցութեան ընթացքին հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած վիճակի մէջ վայրագօրէն կացինահարելու ոճիրին համար ցկեանս բանտարկութեան դատարապուած ազրպէյճանեան բանակի հարիւրապետ սպայ Ռամիլ Սաֆարովի՝ Հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ արտայանձնման, ապա Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ անոր ներումի շնորհման հարցով մեր խոր մտահոգութիւնն ու դատապարտումը արտայայտելու։ Մեզի համար անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ Հունգարիան սառնասիրտ եւ իր արարքին համար չզղջացող ոճրագործ մը ազատ արձակելու համաձայն գտնուեցաւ՝ վստահելով երաշխիքներուն Ազրպէյճանի, որ սուտի քարոզչութեամբ եւ բացայայտ հակահայ քաղաքականութեամբ ծանօթ երկիր մըն է։
Թէեւ ազրպէյճանեան իշխանութիւնները Հունգարիոյ առ երեւոյթ երաշխաւորած էին, թէ իրենք պիտի շարունակեն Սաֆարովի պատիժը կիրարկել, Ալիեւ անմիջապէս անոր ներում շնորհեց, իսկ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ անոր հազարապետի կոչում տուաւ։ Վայրագ ոճրագործը Ազրպէյճան վերադառնալէն ի վեր հերոսի վերաբերմունքի կ՚արժանանայ, ինչ որ մարդասպանութեան յստակ պարագայի մը հարցով միջազգային արդարադատութեան եւ օրէնքի իշխանութեան բացայայտ բռնաբարում մըն է։ Հունգարիոյ կողմէ Սաֆարովի արտայանձնումը, ապա Ազրպէյճանի մէջ անոր ազատ արձակումը ոճրագործներու առիթ կ՚ընծայեն ոչ միայն այլ երկիրներու մէջ իրենց գործած ապօրէն արարքներուն համար իրենց ստացած արդար պատիժէն փախուստ տալու, այլ նաեւ ցեղային հիմքի վրայ ոճիրներ գործելու համար գովաբանուելու։ Աւելի՛ն. այս զարգացումները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնարարքներու վերանորոգման վտանգը կը ներկայացնեն։ Այս անբարոյ եւ խորապէս գրգռիչ արարքով Ազրպէյճան կը շարունակէ իր քաղաքացիներուն մէջ հակահայ ատելութիւնը քաջալերել եւ արդարացնել։ Հունգարիոյ կողմէ Սաֆարովի արտայանձնումը Ազրպէյճանի առիթ ընծայած է անգամ մը եւս ղարաբաղեան խաղաղութեան հոլովոյթին նկատմամբ, զինադադարին իր յաճախակի խախտումներուն եւ շարունակական պատերազմի սպառնալիքներուն համահունչ, իր ոչ կառուցողական մօտեցումը ցուցաբերելու։
Այս նամակով, հայ եւ հունգար ժողովուրդներու բարեկամութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութենէ մղուած, ձեզի կոչ կ՚ուղղենք՝ հրապարակաւ դատապարտելու այս խայտառակ եւ վտանգաւոր արարքները։ Այս առթիւ կը պահանջենք, նաեւ, որ Սաֆարով անմիջապէս բանտարկուի՝ շարունակելու համար իր ցկեանս բանտարկութեան դատավճիռի գործադրութիւնը։ Հունգարիոյ եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ այս մեծ անարդարութեան խիստ դատապարտութեան մը բացակայութիւնը, իր քաղաքացիները բռնարարքներու մղելու մէջ Ազրպէյճանը աւելի յանդուգն դարձնելով, կ՚ականահարէ իսկական եւ տեւական խաղաղութեան հեռանկարները։ Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն սադրանքները նաեւ կ՚աճեցնեն Կովկասի մէջ զինեալ բախումի մը հաւանականութեան վտանգը։
Յարգանօք,
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն,
Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան
Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն
Պէյրութ,
Լիբանան»: