Բաժիններ՝

Ոտքի՛ ել Տէր Յիսուսի՛ անունով

«Ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա» (Մր 2.11)։ Եւ անդամալոյծը իսկոյն հնազանդեցաւ Տէրունական այս հրահանգին եւ ոտքի ելաւ։ Ելաւ առա՛նց տատամսելու։ Ելաւ առա՛նց կասկածելու։ Ան չըսաւ թէ անկարող էր շարժելու, ո՛չ ալ առարկեց թէ իրեն ըսուածը անտրամաբանական էր։ Փորձեց հնազանդիլ ու ելլել եւ տեսաւ որ կարող էր հնազանդիլ։ Փորձեց կատարել Քրիստոսի խօսքը եւ ելլել, եւ ո՜վ զարմանք, ինքզինք ելլելու կարողութեամբ օժտուած գտաւ։

Հոսկէ կը սորվինք, թէ ան որ կը փափաքի հնազանդիլ Քրիստոսի խօսքին, Աստուած անոր պիտի շնորհէ հնազանդելու կարողութիւն, եւ իրմէ պահանջուածը ի գործ դնելու զօրութիւն։ Եթէ անդամալոյծը սպասէր իր մարմինէն ներս գերբնական զօրութեան մը մուտքին հուսկ ապա ոտքի ելլելու, հաւանաբար մինչեւ իր կեանքին վերջը սպասէր։

Սիրելի՛ ընթերցող եղբայր եւ քոյր, մի՛ սպասեր որ Աստուած զօրութիւն տայ քեզի որպէսզի կարենաս հնազանդիլ իրեն, այլ ոտքի՛ ել Տէր Յիսուսի անունով եւ փորձէ՛ հնազանդիլ, ջանա՛ հնազանդիլ, եւ ա՛յն ատեն, Աստուած քեզ պիտի լեցնէ իրեն հնազանդելու կարողութեամբ։

«Ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա»։ Այո՛, ե՛լ։ Ե՛լ Յիսուսի անունով՝ առանց նայելու անզօր ոտքերուդ։ Ե՛լ Յիսուսի անունով՝ առանց նայելու դողդոջուն ու թրթռուն սրունքներուդ։ Ե՛լ. մարմինիդ տկարութիւնը թող քեզ չմտահոգէ։ Ե՛լ հնազանդելու. անզօրութիւնդ թող քեզ չյուսահատեցնէ։ Ե՛լ քալելու Տիրոջ անունով ու Տիրոջ ճամբէն. այդ ճամբուն վրայ բուսած փուշերը թող քեզ չսարսափեցնեն։ Ե՛լ Յիսուսի անունով, եւ Տէրը քեզի հետ ու քեզի համար պիտի ելլէ։ Ե՛լ վկայելու նախանձախնդրութեամբ, եւ Աստուած քեզի վկայութեան ու արիութեան Հոգի՛ն պիտի պարգեւէ։

Ելլելու փափաք ունեցիր ու փորձէ ելլել, եւ վստահ եղիր որ Քրիստոս ելքդ յաղթական ելքի պիտի վերածէ։ Անդամալոյծը պիտի չկարենար քալել դէպի տուն եթէ նախ ոտքի չելլէր։ Եթէ կ՚ուզես քալել դէպի երկնային տունդ, նախ ոտքի՛ պէտք է ելլես, եւ ելլես Յիսուսի անունով։

Մի՛ սպասեր երկնային զօրութեամբ լեցուելու, յետո՛յ միայն քալելու համար Աստուծոյ ճամբէն։ Այսպէս ընելը ճիշդ չէ։ Ոտքի՛ ել եւ քալէ՛, եւ Աստուծոյ զօրութիւնը ինքնաբերաբար պիտի հանգչի վրադ։

Եթէ սէր ունիս հանդէպ Յիսուսի, ոտքի՛ ել Յիսուսի անունով եւ սկսիր սիրել զԱստուած եւ նմանդ, եւ սէրդ պիտի յորդի։

Եթէ հնազանդիլ կ՚ուզես Աստուծոյ, ոտքի՛ ել Յիսուսի անունով եւ սկսիր հնազանդիլ, եւ Աստուած պիտի զօրացնէ քեզ եւ հնազանդելու կարող դարձնէ։

Ե՛լ, հնազանդելու համար Աստուծոյ խօսքին, եւ Աստուած հնազանդող սի՛րտ պիտի տայ քեզի։ Ե՛լ, ապաշխարելու համար, եւ Սուրբ Հոգին ապաշխարութեան հոգի՛ պիտի տայ քեզի։ Ե՛լ մեղքի մահիճէդ խաչի՛ն զօրութեամբ։ Ե՛լ յուսահատութեան գերեզմանէն Քրիստոսի արիւնով։ Անդամալոյծին ուղղուած «Ե՛լ»ը՝ քեզի՛ ալ ուղղուած է։ Եթէ ունի՛ս հաւատք Քրիստոսի հանդէպ՝ հնազանդէ՛ իր խօսքին ու ե՛լ։ Ե՛լ հաստատ քայլերով։ Ե՛լ անվարան։ Ե՛լ Յիսուսի անունով։ Ե՛լ իբրեւ վկայ Յիսուսի։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս