
Աստուա՞ծ ստեղծեց սատանան

Հետեւեալը Սատանային եւ անոր չար ոգիներուն եւ դեւերուն մասին շատ համառօտ ձեռնարկ մըն է։ Աստուած Սատանան չէ ստեղծած իբրեւ Սատանայ, ինչպէս ոմանք կենթադրեն։ Աստուած զանիկա ստեղծեց իբրեւ քերովբէ մը (Եզ 28.14), որուն անունն էր Արուսեակ (Ես 14.12)։
Արուսեակ քերովբէն իր ստեղծումէն քանի՞ հարիւր կամ քանի՞ հազար տարի ետք ըմբոստացաւ Աստուծոյ դէմ եւ Սատանայի վերածուեցաւ, ո՛չ ոք գիտէ։ Բայց մեր միտքին մէջ մէ՛կ բան յստակ պէտք է ըլլայ, որ Աստուած զանիկա չստեղծեց իբրեւ Սատանայ կամ որպէսզի Սատանայ ըլլայ։ Մեր միտքը յստակացնելու համար տանք հետեւեալ օրինակը.- Մայր մը իր թագաւոր որդիին համար ամենայն վստահութեամբ կրնայ ըսել. «Ես ծնայ զինք»։ Բայց միւս կողմէն շատ լաւ գիտենք որ մայրը զինք իբրեւ թագաւոր չծնաւ, այլ իբրեւ պարզ մանուկ մը։ Ան իր ծնելէն ե՛տք էր որ թագաւոր եղաւ օր մը։ Հետեւաբար, ինչպէս թագաւորը իր ծնունդէն ե՛տք էր որ թագաւոր եղաւ, այնպէս ալ Սատանան իր ստեղծումէն ե՛տք էր որ Սատանայ եղաւ։ Դարձեալ, ինչպէս մանուկը որ թագաւոր եղաւ չի՛ դադրիր իր մօրը ծնունդը ըլլալէ, այնպէս ալ Արուսեակ քերովբէն որ Սատանայի վերածուեցաւ, չի դադրիր Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը ըլլալէ։
Արուսեակը մեր այսօրուայ իրականութեան մէջ Փայլածուի եւ երկրի միջեւ գտնուող պայծառագոյն մոլորակն է։ Հայերէն լեզուին մէջ Արուսեակին կը տրուի նաեւ «Առաւօտեան Աստղ» անունը։ Չմոռնանք որ Սատանան ի՛նք նաեւ կոչուած է «մեծ աստղ մը որ ջահի մը նման կը բորբոքէր» (Յյտ 8.10)։
Պէտք է յիշել որ հրեշտակները իրե՛նք նաեւ կոչուած են աստղ։ Մատթէոս «աստղ» բառը կը գործածէ այն հրեշտակին համար որ մոգերը առաջնորդեց Յիսուս մանուկի ծննդատեղին (Մտ 2.9-10)։ Աստուած Յոբին կը բացատրէ որ երբ ինք կը ստեղծէր աշխարհը «առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կընէին» (Յոբ 38.7)։ «Առաւօտեան աստղեր» բացատրութիւնը դարձեալ ակնարկութիւն է հրեշտակներու ամբողջ գունդին։ Անոնք «աստղ» կոչուած են իրենց լուսեղէն բնութեան պատճառով։ Ես 14.13-ին մէջ նաեւ հրեշտակները կոչուած են աստղ։ Հոն կը կարդանք. «Դուն (խօսքը Արուսեակին ուղղուած է) սիրտիդ մէջ ըսած էիր.- երկինք պիտի ելլեմ ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ»։ Արուսեակ քերովբէն փորձեց իր աթոռը «Աստուծոյ աստղերէն վեր» բարձրացնել, այսինքն՝ փորձեց տիրութիւն եւ իշխանութիւն բանեցնել Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներուն վրայ։
Արդէն հաստատեցինք որ Սատանան նախապէս Արուսեակ անունով քերովբէ մըն էր (Եզ 28.14)։ Ան հրեշտակապետներէն գերազանց զօրութիւն եւ իշխանութիւն ունէր։ Ան քերովբէներուն ու սերովբէներուն մէջ հզօրագոյնն էր։ Ա՛յս է որ ցոյց կու տայ Աստուծոյ խօսքը իրեն ուղղուած. «Դուն Աստուծոյ դրախտին՝ Եդեմի մէջ էիր, քու ծածկոցդ ամէնէն պատուական քարերէն էին…» (Եզ 28.13)։ «Ամէնէն» բառը կապացուցանէ Արուսեակ քերովբէին ամենազօրեղ եւ ամենափառաւոր քերովբէն եղած ըլլալը։
Աստուած Արուսեակ քերովբէն կը ներկայացնէ իբրեւ «տարածուած ու ծածկող քերովբէ մը», իբրեւ «հրեղէն քարերուն մէջտեղերը» շրջող մը (Եզ 28.14)։ «Տարածուած ու ծածկող» բացատրութիւնը ակնարկութիւն է Արուսեակին ունեցած լայնածաւալ իշխանութեան եւ տիրութեան։ Իսկ «հրեղէն քարերուն մէջտեղերը» շրջիլը պատկերացումն է անոր նախապէս ունեցած մեծ փառքին եւ փայլքին։ Աստուածաշունչը երբե՛ք մարդ արարածին համար չի գործածեր «քերովբէ» անունը։ Եթէ երբեք այս ճշմարտութիւնը մեր միտքին մէջ ունենանք, որեւէ կասկած չի մնար, որ «ծածկող քերովբէ» բացատրութիւնը, ակնարկութիւն է անկեալ Արուսեակ քերովբէին։
Տակաւին, Աստուած զանիկա կը կոչէ. «կատարելութեան կնիք», «իմաստութեամբ լեցուած», եւ «գեղեցկութեան մէջ կատարեալ» (Եզ 28.12)։ Աստուած խօսքը շարունակելով կըսէ. «Դուն ճամբաներուդ մէջ կատարեալ էիր, քու ստեղծուած օրէդ մինչեւ այն օրը, երբ քու վրադ անօրէնութիւն գտնուեցաւ» (Եզ 28.15)։ Ի՞նչ էր այն անօրէնութիւնը որ Արուսեակ քերովբէին վրայ գտնուեցաւ։
Այն անօրէնութեան մասին կը կարդանք Եսայի մարգարէութեան մէջ. «Ով առտուն ծագող Արուսեակ, ի՜նչպէս երկինքէն ինկար ու մինչեւ գետինը կործանեցար, դուն որ ազգերը նկուն կընէիր։ Դուն սիրտիդ մէջ ըսած էիր.- երկինք պիտի ելլեմ ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ եւ ժողովի լեռը, հիւսիսի քովերը պիտի բնակիմ, ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ, Բարձրելոյն պիտի նմանիմ» (Ես 14.12-14)։ Հետաքրքրական են Արուսեակին բերնին մէջ գտնուող «պիտի ելլեմ», «պիտի բարձրացնեմ», «պիտի բնակիմ», «պիտի նմանիմ» բացատրութիւնները։ Այս բոլոր «պիտի»ները ցոյց կու տան Աստուծոյ գահը գրաւելու իր ճիգը։ Ասիկա՛ էր այն անօրէնութիւնը որ իր վրայ գտնուեցաւ։
Ան ուզեց Աստուծոյ նման ըլլալ։ Վերոյիշեալ մէջբերումին վերջին տողը զօրեղապէս կապացուցանէ այս ճշմարտութիւնը. «ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ, Բարձրելոյն պիտի նմանիմ»։
Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ ամպը Աստուծոյ ներկայութեան խորհրդանիշ է. յիշենք քանի մը օրինակներ. «Աստուած ամպը իրեն կառք կընէ» (Սղ 104.3)։ «Տիրոջը փառքը ամպին մէջ երեւցաւ» (Ել 16.10)։
«Ամպի մէջ պիտի երեւնամ» (Ղւ 16.2)։ «Աստուած ամպերու վրայ կը նստի» (Բ.Օր 33.26)։ Հետեւաբար, «ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ» խօսքը, յստակօրէն ցոյց կու տայ, Արուսեակին աստուածանալու ցանկութիւնը։ «Բարձրելոյն պիտի նմանիմ» բառերը բացորոշ կերպով նոյն ճշմարտութիւնն է որ կը պարզեն։
Արուսեակը փորձեց բայց չկրցաւ Աստուծոյ նմանիլ կամ անոր տեղը գրաւել։ Ա՛յս է որ կը պարզէ Աստուծոյ խօսքը իրեն ուղղուած. «Ով առտուն ծագող Արուսեակ, ի՜նչպէս երկինքէն ինկար ու մինչեւ գետինը կործանեցար» (Ես 14.12), ինչպէս նաեւ. «ահա դժոխքը կիջնես, գուբին խորունկ տեղերը» (Ես 14.15)։
Արուսեակ քերովբէն անցեալին միայն մէկ անգամ չէ որ փորձեց Աստուած կամ Աստուծոյ նման ըլլալ, այլ երկու անգամ։ Առաջին փորձը կատարեց աշխարհի ստեղծումէն առաջ, որուն մասին խօսեցանք։ Երկրորդ փորձը կատարեց Քրիստոսի առաքելութեան սկզբնաւորութեան։
Ան Քրիստոսէ պահանջեց որ զինք պաշտէ եւ երկրպագէ։ Քրիստոս կտրուկ ձեւով անոր ըսաւ որ մի՛այն զԱստուած պէտք է երկրպագել եւ պաշտել (Մտ 4.9-10)։ Քրիստոսէ երկրպագութիւն պահանջելը, խորքին մէջ Աստուծոյ փառքը յափշտակելու փորձ մըն է։ Իսկ երրորդ անգամ, ժամանակներու աւարտին ան «Աստուծոյ տաճարին մէջ պիտի նստի եւ ինքզինքին համար պիտի յայտարարէ՝ թէ աստուած է» (Բ.Թս 2.4)։
Արուսեակ քերովբէին Աստուծոյ դէմ ըմբոստութեան մասնակցեցան հրեշտակներուն մէկ երրորդ մասը։ Յայտնութեան գիրքը մեզի կըսէ որ երկինքի մէջ «տեսնուեցաւ հրեղան մեծ վիշապ մը… որ իր պոչով կը քաշէր կը տանէր երկինքի աստղերուն մէկ երրորդ մասը» (Յյտ 12.3-4 հմմտ Դն 8.10)։ Այս «հրեղէն վիշապը» նոյնինքն Արուսեակն էր որ եղաւ Սատանայ «եւ որ ամբողջ աշխարհը մոլորեցուց եւ երկիր ձգուեցաւ։
Անոր հրեշտակներն ալ միասին վար ձգուեցան» (Յյտ 12.9)։ «Աստղերուն մէկ երրորդ մասը» խօսքը, կը վերաբերի հրեշտակներու մէկ երրորդ մասին, որոնց թիւը հարկաւ չենք գիտեր։
Արուսեակին հետեւող հրեշտակներուն բանակները կազմեցին պիղծ ոգիներուն եւ դեւերուն գունդերը։ Այս հրեշտակները «իրենց տրուած իշխանութեամբ չգոհանալով՝ իրենց սահմաններէն դուրս եկան, եւ Աստուած զանոնք մշտնջենական շղթաներով կապուած կը պահէ խաւարին մէջ, մինչեւ որ դատաստանի մեծ օրը գայ» (Յդ 6 հմմտ Բ.Պտ 2.4)։ Այս համարին կապուած կարժէ երկու արագ բացատրութիւններ տալ։
Առաջին.- անկեալ հրեշտակներուն համար կըսուի «իրենց տրուած իշխանութեամբ չգոհանալով…»։ Այս խօսքը պարզորոշ կերպով ցոյց կու տայ, որ ո՛չ միայն Արուսեակ քերովբէն ուզեց ընդարձակել իր իշխանութեան սահմանները, այլ նաեւ իրեն հետեւող բոլոր հրեշտակները։ Երկրորդ.- անկեալ հրեշտակներուն (պիղծ ոգիներուն եւ դեւերուն) համար գործածուած «մշտնջենական շղթաներով կապուած» խօսքը, հարկաւ չի՛ նշանակեր որ անոնք (եւ Սատանան) զուրկ են անհաւատ մարդոց կեանքին միջամուխ ըլլալու իշխանութենէն (հմմտ Բ.Կր 4.4, Բ.Թս 2.9-10)։ Անոնք սակայն «կապուած» են Քրիստոսի եկեղեցիին կեանքին մէջ. այսինքն՝ անոնք թէպէտ մնայուն կերպով կը պատերազմին հաւատացեալներուն հետ (Եփ 6.12), եւ սակայն, ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունին անոնց վրայ։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից