Բաժիններ՝

Հաց եւ գինի՞, թէ մարմին եւ արիւն

Ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ, քանի որ զանազանութիւն չի՛ դներ սովորական հացին եւ Տիրոջ մարմինին միջեւ» (Ա.Կր․ 11.29)։ Չենք կրնար Սուրբ Պատարագի ընթացքին սրբագործեալ հացին եւ գինիին հետ վերաբերիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի վերաբերէինք մեր տան սեղանին վրայ գտնուող հացին եւ գինիին հետ։ Եթէ անսահմանօրէն իրարմէ տարբեր են եկեղեցւոյ սեղանն ու մեր տուներուն սեղանները, հապա որքա՞ն աւելի իրարմէ տարբեր են այդ երկու սեղաններուն վրայ դրուող տարրերը՝ հացն ու գինին։

Հացն ու գինին որոնք նիւթական տարրեր են, սուրբ Պատարագի ընթացքին կ՚աննիւթականանան եւ կ՚աննիւթականացնեն սիրտերն ու հոգիները բոլոր անոնց՝ որոնք նիւթի եւ նիւթականի տիրապետութենէն ձերբազատիլ կ՚աղերսեն։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին մատուցուած հացին եւ գինիին մէջ լոկ հաց եւ գինի պէտք չէ տեսնենք։ Քրիստոս զանոնք իր անձով փոխարինեց։ Եթէ անոնք լոկ հաց եւ գինի ըլլային, ո՛չ հաւատքով հաղորդուողին կեանքին մէջ իրենց սրբարար եւ փրկարար ազդեցութիւնը պիտի ունենային եւ ո՛չ ալ անհաւատութեամբ հաղորդուողին որեւէ ձեւով պիտի վնասէին։

Հայ Եկեղեցւոյ տեսակէտը այն է, որ երբ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանենք, Սուրբ Հոգիին վայրէջքով եւ ներգործութեամբ, հացն ու գինին սրբագործման պահուն կը փոխուին եւ կը փոխակերպուին Քրիստոսի ճշմարիտ մարմինին եւ արիւնին։ Դերենիկ Եպիսկոպոս կ՚ըսէ. «Արտաքնապէս հացին եւ գինիին տարրերը նոյնը կը մնան, սակայն կը ստանան նոր զօրութիւն մը, անոնց մէջ խորհրդաւոր կերպով մը կը հաստատուի Քրիստոսի մարմինին եւ արիւնին իսկութիւնը Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ»։ Ներսէս Լամբրոնացի նաեւ նոյն իմաստը ընդգրկող հաստատում մը կը կատարէ. «Նիւթը (հացն ու գինին) չեն այլայլիր, այլ պարզապէս իմանալի զօրութիւն մը կ՚ընդունին»։

Ս. Գրիգոր Տաթեւացի եւ Ներսէս Լամբրոնացի գրեթէ նոյն բառերով, կ՚ըսեն. «Հացն ու գինին “կը փոխարկուին” Քրիստոսի մարմինին եւ արիւնին»։ Դարձեալ, մեր եկեղեցւոյ վարդապետներէն, Ներսէս Լամբրոնացի, Խոսրով Անձեւացի եւ Արճիշեցի, կը հաստատեն. «Հացն ու գինին իսկապէս “կ՚ըլլան” անոր մարմինն ու արիւնը»։ Յիշենք որ ոմանք հացին եւ գինիին փոխուելուն համար գործած են ուրիշ եզրեր նաեւ, ինչպէս օրինակ, «կ՚անդրակերպուին, կ՚անդրագոյաւորուին, կը հրաշակերպուին»։

Կարդացեք նաև

Յովհան Մանդակունի կ՚ըսէ. «Հացին եւ գինիին մօտենալով մենք Քրիստոսի՛ է որ կը մօտենանք, անո՛ր է որ կը տեսնենք, կը շօշափենք, կը համբուրենք, մեր ներսիդին կ՚ընդունինք, եւ կը դառնանք մարմին եւ անդամ Քրիստոսի եւ որդիներ Աստուծոյ»։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» գրքից

surbzoravor.am

Տեսանյութեր

Լրահոս