
Հայ ազգը խոր տագնապի պահու մը մէջ կը գտնուի. ՀԲԸՄ-ի Կենտրոնական վարչություն

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի Իրադարձութիւններուն վերաբերեալ
Հայ ազգը խոր տագնապի պահու մը մէջ կը գտնուի: Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները ցնցումի ալիքներ կը յառաջացնեն Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի լայն տարածքին: Ինչպէս մեր ազգի պատմութեան բախտորոշ բոլոր հանգրուաններուն, ՀԲԸՄ-ը իր ձայնը կը բարձրացնէ կոչ ուղղելով զսպուածութեան եւ ազգային միասնականութեան:
Մինչ դէպքերը կը զարգանան, կարեւոր է վերահաստատել, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդավարական գործընթացը պէտք է յարգուին, այնպէս ինչպէս համաշխարհային հետեւորդներ ունեցող մեր Ազգային Եկեղեցիին յստակ վարչակարգը, օրէնքները եւ կանոնագրութիւնը:
Կառավարութեան առաջնային իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները Հայաստանի մէջ, կը վերաբերին կառավարչական քաղաքականութեան պահպանումին եւ օրէնքներու գործադրումին, ժողովրդավարական գործընթացի եւ ազատ խօսքի անհատի իրաւունքներու սահմաններուն մէջ: Միաժամանակ, Եկեղեցւոյ իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները կը վերաբերին Արեւելքէն Արեւմուտք՝ համաշխարհային հայ ազգին նկատմամբ իր հոգեւոր հեղինակութեան եւ առաջնորդութեան, ներառեալ Հայաստանը:
Սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ «Խղճի Ազատութեան եւ Կրօնական Կազմակերպութիւններու» Օրէնքը յստակօրէն կը սահմանագծեն Պետութեան եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դերերը եւ պատասխանատուութիւնները: Կառուցողական քննադատութիւնը կամ տարակածութիւնը որեւէ կառոյցի կամ ղեկավարութեան նկատմամբ ընդունելի եւ տրամաբանական են, սակայն ոչ-սահմանադրական քանդիչ միջամտութիւնը եւ խօսոյթը մերժելի են:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ներկայ կառավարութիւնը կը գործէ ապահովելու համար Հայաստանի խաղաղութիւնը եւ բարօրութիւնը, Հայ Առաքելական Եկեղեցին հիմնասիւնն է երկրագունդի տարածքին Հայութեան հաւատքին եւ ազգային ինքնութեան: Աւելի քան 1700 տարիներ, մեր Ազգային Եկեղեցին, մեր ազգին համար առաջնորդող ուժ եղած է, դիմագրաւելու, տոկալու եւ անխախտ մնալու կայսրութիւններու, թագաւորութիւններու, բռնատիրական իրաւակարգերու, նոյնիսկ Հայկական Ցեղասպանութեան միջոցաւ ծրագրուած կերպով մեր ազգը բնաջնջելու փորձերուն դէմ յանդիման:
Մենք կոչ կ’ուղղենք բոլոր կողմերուն, ինքնազուսպ ըլլալ, մերժել պառակտողական տրամադրութիւնները եւ վերադառնալ երկխօսութեան, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ ազգային հասարակաց շահի գիտակցութեան վրայ: Պէտք է յառաջ ընթանանք միասնաբար, որովհետեւ միութիւնը զօրութիւն է եւ միայն միասնական ոգիով է որ կրնանք դիմագրաւել մեր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները: