Թուրքը թուրք է, ի՛նչ էլ անի, խոսի կամ գրի, պետք չէ վստահել թուրքին. Արամ Ա
Թուրքը թուրք է, ի՛նչ էլ անի, խոսի կամ գրի, պետք չէ վստահել թուրքին։ Այս մասին ֆեյսբուքյան իր էջում գրել է Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ն։
Նա, մասնավորապես, գրել է. ««ԹՈՒՐՔԸ ԹՈՒՐՔ Է»
Շուրջ տասը տարիներ առաջ Անթիլիաս այցելեց թուրք հանրածանօթ պատմաբան մը, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի շուրջ ինծի հետ հանդիպում ունենալու եւ ապա դասախօութիւն մը տալու ցեղասպանութեան մասին: Այցելութեան մասին հայրս իմացած էր Վանայ Ձայն ռատիոկայանէն: Այցելու պատմաբանին հետ հանդիպման մէջ էինք, երբ հեռաձայնը հնչեց եւ հայրս բարկացոտ շեշտով ըսաւ.- «թուրքը ի՞նչ գործ ունի Անթիլիասի մէջ…»։
Պատասխանեցի՝ ըսելով, որ այս թուրքը միւս թուրքերուն չի նմանիր, ան քաջութիւնը ունեցած է հայ ժողովուրդին ցեղասպանութեան մասին գիրք գրելու եւ մեր դատը պաշտպանելու: Հայրս պատասխանեց՝ ըսելով. «տղա՛ս, թուրքը թուրք է, ի՛նչ ալ ընէ, խօսի կամ գրէ, պէտք չէ վստահիլ թուրքին…»:
Հեռաձայնը փակելէ յետոյ պատմաբանին պատմեցի իր այցելութեան գծով հօրս ունեցած խիստ հակազդեցութեան մասին: Ան ըսաւ.- «կը հասկնամ Ձեր հօր պոռթկումը, հին սերունդը այսպէս կը մտածէ»: Անմիջապէս աւելցուցի.- «նաե՛ւ նոր սերունդը, այնքան ատեն, որ Թուրքիան կը շարունակէ իր ուրացման եւ հակահայ քաղաքականութիւնը»: