ՍԴՀԿ-ն դատապարտում է

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր բողոքի և դատապարտումի կոչերով կու գայ միանալու աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն, որոնք արդարացի ընդվըզումով ու խոր մտահոգութեամբ կը հետեւին պատմական Քեսապի ու քեսապահայութեան ճակատագրին:

Անժխտելի փաստ է, որ, առանց թրքական իշխանութիւններու ուղղակի և անուղղակի մասնակցութեան, Քեսապը հակամարտութեան թատերաբեմ պիտի չդառնար, ստիպելով մեր հայրենակիցներուն, որ կրկին բռնեն տարագրութեան ճամբան:

Միակ սփոփելի երեւոյթը այն է, որ առանց մարդկային կորուստներու անոնք կարողացած են հասնիլ ապահով վայրեր: Այսուհանդերձ, պէտք է գիտակցինք, որ ծանր օրեր կը սպասեն մեր հայրենակիցներուն և անոնք իւրաքանչիւրիս բարոյական ու նիւթական նեցուկին կը կարօտին:

Առ այդ, կոչ կ’ուղղենք մեր աշխարհասփիւռ հայրենակիցներուն, որոնք արդէն իսկ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն սուրիահայութեան օժանդակութիւն ապահովելու գործին, կրկնապատկել իրենց ջանքերը, որպէսզի մեր հայրենակիցները կարողանան հաղթահարել այն ծանր փորձութիւնները, որ Սուրիոյ այս աւերիչ պատերազմը դեռ պիտի շարունակէ մատուցել անոնց:

Պահի հրամակայականն է, որ համայն հայութիւնը՝ Հայաստանի պետութիւնով, կուսակցութիւններով, կրօնական հաստատութիւններով և բարեսիրական միութիւններով գործէ միասնական ու համախմբուած ջանքերով, որպէսզի առաւելագոյնս կարողանանք օգտակար հանդիսանալ մեր Սուրիահայ քոյրերուն և եղբայրներուն:

Ս.Դ. Հ. Կ. Կեդրոնական Վարչութիւն

Տեսանյութեր

Լրահոս