Կալիֆորնիայի հայկական միացյալ մարմնի կոչը. Չիրականացնենք ազերի ոհմակների՝ Հայաստանի հայաթափման երազը

Քալիֆորնիոյ հայահոծ գաղութը, այսօր, խորին մտահոգութեամբ եւ կսկիծով ականատես է Հայաստանէն զանգուածային արտագաղթի աղէտավոր պարագաներուն ի տես:

Տարիներ առաջ, բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեանի խօսքերը ազդանշան չհանդիսացան հայ ժողովրդին համար, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ մեծ տարողութեամբ արտագաղթը մայր հայրենիքէն՝ բանաւոր պատճառներով կամ առանց:

Շատ հեռու չեն ժամանակները, երբ Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներ, նման արտագաղթի դրդապատճառներու եւ պարագաներու առաջքն առնելու համար, դիմեցին կտրուկ եւ արդիւնաբեր միջոցներու՝ փակելով արտագաղթի ճամբաները եւ ստիպելով ժողովուրդը դիմելու ինքնաբաւութեան ուղիներու որոնման՝ պետութեան նեցուկով եւ գործունէությամբ:

Հայ ժողովուրդը Հայկեան եւ Արամեան ժամանակաշրջաններէն ի վեր եւ միշտ եղած է ստեղծագործ եւ աշխատասէր, եւ այսօր՝ Ցեղասպանութենէն 100ամեակ մը ետք, փիւնիկեան ոգիով տոգորուած՝ ոչինչ կրնայ արգելք հանդիսանալ անոր յառաջխաղացքին առաջ:

Հզօր կամքի, ազգային ոգիի եւ յարատեւութեան հաւատքի լիցքաւորում անհրաժեշտ է հայրենիքի բարգաւաճման եւ գոյութեան համար, եւ հայ ազգի զաւակները, իր աւագանիի ղեկաւարութեամբ, հնարագիտութեան ոչինչ ունին պակաս՝ որոշակի զոհողութեամբ մը կերտելու համար հզօր հայրենիք, առանց ազգային ոգեկան զիջումի, միասնաբար, Սփիւռք եւ հայրենիք ձեռք ձեռքի տուած, արտագաղթը վերածելու ներգաղթի:

Գաղութս վստահ է, որ հայրենի պետութիւնը իր կարելին կ՛ընծայէ եւ պիտի շարունակէ ապահովել միջոցներն ու ճանապարհները՝ հայ ժողովուրդի կեցութեան եւ կենցաղային ապահովութեան համար, պահելու եւ պահպանելու բոլորիս սիրելի հայրենիքը՝ Հայաստանը եւ Ղարաբաղը:

Սիրելի հայ ժողովուրդ, չիրականացնենք ազերի վոհմակներուն Հայաստանի հայաթափման երազը:

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ

Տեսանյութեր

Լրահոս