Կոչ՝ կասեցնելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ իշխանութեանց յարաբերութիւնները դէպի քանդում առաջնորդող սանձարձակ ներկայ ընթացքը. ՌԱԿ

Ժամանակէ մը ի վեր գիտակից հայ ժողովուրդը անձկութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ իշխանութեանց եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գերագոյն ղեկավարութիւն՝ Մայր Աթոռին միջեւ, յարաբերութեանց լրջագոյն աստիճանի հասած վատթարացումի ընթացքին:

Մեր դարաւոր պատմութեան մէջ աննախադէպ այս կացութիւնը այնքան աւելի մտահոգիչ է այսօր մանաւանդ, երբ գիտենք, թէ ի տարբերութիւն բոլոր միւս ժողովուրդներու, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեր ժողովուրդին տուած է անցեալին եւ այսօր եւս կու տայ գոյութենական դիմադրականութեան անփոխարինելի բարոյական տոկունութիւն:

Ամենացաւալի եւ դատապարտելի երեւոյթը այսօրուան տիրող պժգալի մթնոլորտին մէջ այն փողոցային ցած մակարդակի խօսոյթն է, որուն վերածուած են բոլորովին խորթ արտայայտութիւնները եւ աւելին՝ գաղտնի կեղծ թէ վաւերական արձանագրութեանց «բացայայտումները», որոնք կը ծառայեն միայն քանդելու Մայր եկեղեցւոյ նկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած խոր ակնածանքը, եւ հետեւաբար՝ նաև յօգուտ մեր ազգային գերագոյն շահերուն այս վերջնոյն ունեցած հեղինակութիւնը:

Որպէս փաստ՝ իշխանութեանց կողմէ որդեգրուած գաղտնի արձանագրութիւններ «բացայայտելու» միջոցառումները, բացի միջազգային հասկացողութեամբ անօրինական նկատուելէ, անխուսափելիօրէն եւ արդարօրէն հարց կ’ստեղծեն ամէն մէկ եւ մանաւանդ իւրաքանչիւր հոգեւորականի մտքին մէջ, թէ արդեօք ի՞նքն ալ ենթակայ է, առայժմ մէկ կողմ դրուած, նոյն տեսակի արձանագրութեանց սպառնալիքին:

Այսպիսի վատառողջ մթնոլորտը անընդունելի եւ  դատապարտելի է:

Յայտարարած ենք անցեալին եւ այսօր եւս կը շեշտենք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին բացառութիւն չէ եւ որոշ է, թէ բոլոր միւս կառոյցներուն նման, ներառեա՛լ քաղաքական ու պետական կառոյցները, բնականաբար պահանջը ունին բարեկարգումներու: Հայ Առաքելական Եկեղեցին շնորհիւ իր յստակ եւ հաստատուն կանոնադրական յօդուածներուն ունի օրինական ձեւը եւ միջոցը, որպէսզի կատարուին այդ բարեկարգումները:

Ազգային-Եկեղեցական Ժողով, Եպիսկոպոսական Ժողով եւ այլ՝ նախատեսուած կանոնական միջոցներով է, որ պարտի նախաձեռնել իր բարեկարգման աշխատանքները, յարգելով նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան բոլոր տրամադրութիւնները: Որեւէ այլ մօտեցում կ’առաջնորդէ բարոյական եւ առարկայականօրէն քաոսային վիճակի մը ստեղծման եւ, հետեւաբար, միանշանակ քանդիչ եւ բացարձակապէս մերժելի է:

Այս օրերուն ստեղծուած հիւանդագին մթնոլորտը հայրենիքին մէջ կը հրճուեցնէ միայն մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին դարաւոր թշնամիները, որոնք տակաւին Հայաստանը կը կոչեն Արեւմտեան Ատրպէյճան:

Մեր եղբայրական կոչն է ուղղուած իշխանութեանց, ինչպէս նաեւ մեր որդիական կոչը ուղղուած Մայր Աթոռին, որ յանուն հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն, ամէն ջանք ի գործ դնեն մեղմելու եւ մարեցնելու այսօր Հայաստանի մէջ տիրող եղբայրատեաց մթնոլորտը:

Ընդունելի եւ ապահով լուծման միակ տարբերակը արդար եւ բծախնդիր գործադրութիւնն է օրինական միջոցներուն: Կանոնաւոր ձեւերով գումարել Ազգային-Եկեղեցական Ժողով կամ Եպիսկոպոսական Ժողով, եւ նոյնպէս ալ դադրեցնել, առանց միջազգայնօրէն ընդունելի արդարադատութեամբ նախատեսուած ամբողջական քննութեանց՝ հոգեւորականներ կամ քաղաքացիներ կալանաւորման ենթարկելու ընթացիկ անընդունելի գործելակերպը:

Ռ.Ա.Կ. Համադրուած Մամուլ 

 

Տեսանյութեր

Լրահոս