Տաճարին տէրը տաճարին տուրքը կը վճարէ
Տաճարին տուրքը գանձողները հարցուցին Պետրոսի եթէ երբեք Քրիստոս տաճարին տուրքը կու տար թէ ոչ։ Առաքեալին պատասխանը դրական էր։ Երբ տուն մտան Յիսուս կանխեց Պետրոսի ըսելիքը եւ հարց տուաւ իրեն, թէ՝ աշխարհի թագաւորները հարկերն ու տուրքերը քաղաքացիներէ՞ն կ՚առնեն թէ օտարներէն։ Եւ երբ Պետրոս ըսաւ՝ «Օտարներէն», Յիսուս անոր պատուիրեց ծով երթալ եւ կարթ նետել եւ առաջին ձուկը բռնելէ ետք՝ բանալ անոր բերանը, առնել հոն գտնուող դրամը եւ տալ զայն տաճարին տուրքը գանձողներուն (Մտ 17.24-27)։
Քրիստոս որ Տէրն ու տիրականն էր տաճարին, Քրիստոս որ պաշտպանն ու օրհնողն էր տաճարին, Քրիստոս որ հիմնադիրն ու անկիւնաքարն էր տաճարին, հիմա իրմէ կը պահանջուէր տուրք վճարել, այն ալ՝ իր տան տուրքը։ Կարելի՞ բան էր տուրք պահանջել Տանտիրոջմէն։ Տո՛ւրք պահանջեցին Քրիստոսէ, ինք՝ որ բոլոր մարդոց պահանջքները կը գոհացնէ։ Քրիստոս որուն կը պատկանէր բացարձակ իրաւունքը առնելու ու պահանջելու, հիմա՝ իրմէ է որ կ՚առնուի ու կը պահանջուի։
Տաճարին վճարուած տուրքը Աստուծոյ սեփականութիւնը կը դառնար եւ տաճարին բարօրութեան համար կը գործածուէր։ Հիմա Աստուծոյ Որդիէն կը պահանջուէր Աստուծոյ տաճարին տուրք տալ։ Որդիէն կը պահանջուէր իր Հօրը տուրք տալ։ Տուրք պահանջողները չէին կրցած հասկնալ այս իրողութիւնը։ Չէին կրցած ըմբռնել թէ Քրիստոս ի՛նքն էր կենդանի տաճարը Աստուծոյ։ Ո՛չ տաճարին տուրքը գանձողները եւ ո՛չ ալ Պետրոս ինք հասկցած էին թէ ՏԱՃԱՐԷՆ էր որ տաճարին տուրքը կը պահանջէին։ Ո՞վ Քրիստոսի բան մը տուած էր որ իրաւունք ունենար իրմէ բան մը պահանջելու։
Հրեաներ ընդհանրապէս եւ Փարիսեցիներ մասնաւորաբար, փոխանակ զՔրիստոս պաշտամունքի առարկայ դարձնելու տաճարին մէջ, ընդհակառակը, զայն դարձուցին իրենց թիրախը։ Քրիստոսէ տուրք պահանջելը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ զայն թիրախ դարձնել։ Քրիստոս շատ լաւ գիտէր որ եթէ տաճարին տուրքը չտար՝ առիթ տրուած պիտի ըլլար բամբասանքի, զրպարտութեան եւ գժտութեան։ Ճի՛շդ է որ տաճարին տուրքը պահանջողները Փարիսեցիներ չէին, բայց կասկած չկայ որ անոնք Փարիսեցիներուն կողմէ ղրկուած կամ դրդուած մարդիկ էին։
Տաճարին տուրքը գանձողներ իրաւունք չունէին Քրիստոսէ տուրք պահանջելու հիմնական երեք պատճառներով.-
Առաջին.- ըստ Մովսիսական Օրէնքին իւրաքանչիւր արու զաւակ որ քսան տարեկանը կը լրացնէր, պէտք էր երկու արծաթ դահեկան տուրք վճարէր Տաճարին իր հոգիին փրկութեան եւ մեղքերու քաւութեան համար (Ել 30.11-16)։ Քրիստոս որ կոչուած էր Փրկիչը ըլլալու մարդոց հոգիներուն՝ ինչո՞ւ պէտք է վճարէր իր հոգիի փրկութեան համար։ Ան ի՞նչպէս կրնար դրամ տալ ինքնիր անձին փրկութեան համար։ Ան ի՞նչպէս կրնար դրամ տալ Աստուծոյ իբրեւ ընծայ, երբ ինքն էր Աստուծոյ ընծան մարդկութեան եւ մարդկութեան ընծան՝ Աստուծոյ։ Ան ի՞նչպէս կրնար տուրք տալ տաճարին երբ ինք տաճարէն աւելի մեծ էր։
Երկրորդ.- տուրքը ընդհանրապէս կը պահանջուէր համեստ խաւի մարդոցմէ, այսինքն՝ ծառաներէ ու գործաւորներէ եւ ո՛չ թէ վարդապետներէ կամ քահանաներէ։ Քրիստոս ո՛չ ծառայ մըն էր եւ ո՛չ ալ գործաւոր մը Փարիսեցիական հասկացողութեամբ։ Ան երկնառաք Վարդապետն էր եւ է։ Ան երկինքի ուսուցիչն էր եւ է։ Ան յաւիտենական Քահանայապետն էր եւ է։ Իրմէ տուրք պահանջելը՝ այս բոլորը ուրանալ էր։ Իրէմ տուրք ուզելը՝ զինք ծառայի մակարդակին իջեցնել էր։
Երրորդ.- այս դէպքը Կափառնաում քաղաքին մէջ էր որ տեղի ունեցաւ։ Պաղեստինի մէջ իւրաքանչիւր քաղաք ունէր իր մարդիկը տաճարին տուրքերը հաւաքելու համար։ Քրիստոս երբեք պարտաւոր չէր Կափառնաում քաղաքին մէջ տաճարին տուրքը վճարելու։ Ան նոյնիսկ եթէ պիտի վճարէր՝ այդ պիտի ըլլար Երուսաղէմի մէջ։
Բնագիրը կը հաստատէ որ տաճարին տուրքը օտարներէն է որ կ՚առնուի։ Եթէ օտարներէն է որ կ՚առնուի, հապա ինչո՞ւ Քրիստոս վճարեց։ Օտարակա՞ն էր ան։ Նախ ըսեմ, որ «օտարական» ըսելով չ՚ակնարկուիր հեթանոսներուն, որովհետեւ հեթանոսներէն տաճարին համար տուրք չէր առնուեր, այլ կ՚ակնարկուի իւրաքանչիւր հրեայի որ իր ծննդավայր քաղաքէն դուրս կ՚ապրէր։ Այս իմաստով, Կափառնաում քաղաքին մէջ Քրիստոս «օտարական» կը սեպուէր, քանի որ ո՛չ հոն ծնած էր եւ ո՛չ ալ հոն կ՚ապրէր։ Եւ իբրեւ «օտարական» մը, ան պէտք էր վճարէր տաճարին տուրքը։
Ան իրաւունք ունէր տուրքը չտալու։ Իրաւունք ունէր որովհետեւ ինք օտարական մը չէր, անծանօթ մը չէր, պարզ մէկը չէր։ Ինք Աստուծոյ կենդանի եւ կենդանարար միածին Որդին էր, որ կը պատրաստուէր տաճարին համար ո՛չ թէ դրամ տալու, այլ՝ իր կեանքը, իր անձը տալու։ Ան իրաւունք ունէր տուրքը չտալու, որովհետեւ ի՛նքն էր իրաւատէրն ու իրաւազօրը, ի՛րն էր աշխարհն ու անոր ամբողջ լիութիւնը։ Ան սակայն յանձն առաւ հրաժարիլ իր իրաւունքէն որպէսզի հարց չծագէր, որպէսզի գայթակղութեան պատճառ չդառնար։
Այո՛, ան պէ՛տք է վճարէր տաճարին տուրքը, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէր իր մասին։ Ամէն մարդ լսած էր տաճարին հանդէպ իր ունեցած սիրոյն եւ բծախնդրութեան մասին, հետեւաբար, ան գայթակղութեան մե՛ծ պատճառ կրնար դառնալ եթէ մերժէր վճարել տաճարին տուրքը։ Հիմնական դասը որ այստեղէն պէտք է սորվինք, այն է՝ որ երբեմն-երբեմն ստիպուած ենք հրաժարելու մեր իրաւունքէն ինչպէս ըրաւ Քրիստոս, պարզապէս որպէսզի չկորսնցնենք մեր խաղաղութիւնը եւ առաջքը առած ըլլանք խռովութիւններու եւ գայթակղութիւններու։
Հարկաւ Քրիստոս իր այս վերաբերմունքով մեզի չի սորվեցներ մնայուն կերպով հրաժարիլ մեր իրաւունքներէն։ Ան նախքան տուրքը վճարելը, բացատրեց իր աշակերտներուն թէ աշխարհի թագաւորները հարկերն ու տուրքերը օտարներէն է որ կ՚առնեն եւ ո՛չ թէ քաղաքացիներէն։ Սա ինքնին ցոյց կու տայ որ Քրիստոս քաջատեղեակ էր իր ունեցած պարտաւորութիւններէն ու իրաւունքներէն. բայց ան տուրքը վճարեց ո՛չ միայն գայթակղութեանց առաջքը առած ըլլալու համար (Մտ 17.27), այլ նաեւ օրինակ դառնալու համար մեզի։ Քրիստոս իր այս արարքով սորվեցուց մեզի՝ տա՛լ Աստուծոյ փառքին համար, տա՛լ տաճարին, տա՛լ յօժարակամ, տա՛լ խնդութեամբ եւ առատօրէն։
Ըսի, Քրիստոս հրաժարեցաւ իր չտալու իրաւունքէն, նախ որպէսզի գայթակղութեան պատճառ չդառնար, եւ երկրորդ, որպէսզի օրինակ դառնար մեզի։ Աշխարհի մարդը, ընդհանրապէս չ՚ուզեր իր իրաւունքէն հրաժարիլ։ Քրիստոնեայ մարդը սակայն, անդրդուելիօրէն եւ ամրօրէն պէտք չէ կառչած մնայ իր բոլոր տեսակի իրաւունքերուն, մանաւանդ եթէ երբեք իրաւունքի հանդէպ այդ կառչուածութիւնը՝ լուրջ խնդիրներու դուռ պիտի բանայ։ Բայց երբ իրաւունքէ մը հրաժարելով՝ սկզբունք մըն է որ պիտի խախտենք, ճշմարտութիւն մըն է որ պիտի քօղարկենք, նման պարագայի Աստուած ի՛նքն ալ չ՚ուզեր որ հրաժարինք մեր իրաւունքէն։
«Իրաւունք» հասկացողութեան վերաբերեալ ուրիշ խնդիր մը եւս կայ որուն կ՚արժէ անդրադառնալ։ Երբեմն կը հանդիպինք մարդոց որոնք կ՚ըսեն. «Ես իմ կեանքս ազատօրէն եւ իմ գիտցածիս պէս պիտի ապրիմ, եւ եթէ ուրիշներ կը գայթակղին՝ այդ իրենց գիտնալիքն է, ինծի ի՛նչ եթէ կը գայթակղին։ Այդ իրենց հաւատքի տկարութիւնն է որ կը մատնանշէ»։ Ասիկա լուրջ հաւատացեալ մարդու խօսք չէ։ Ինչպէս Քրիստոս յանձն առաւ հրաժարիլ իր իրաւունքէն՝ ուրիշները չգայթակղեցնելու համար, մենք եւս ի պահանջել հարկին պէտք է հրաժարինք մեր իրաւունքէն՝ մեր եղբօր եւ քրոջ գլորման պատճառ չհանդիսանալու համար։ Եթէ մէկը իր նմանին գայթակղութեան պատճառ դառնայ՝ պատասխանատու է Աստուծոյ առջեւ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս ըսաւ. «Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին. բայց վա՛յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան» (Մտ 18.7)։
Սիրելի՛ ընթերցող, Քրիստոս միայն իր տուրքը չվճարեց այլ նաեւ Պետրոսին տուրքը։ Ան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ Պետրոսին թէ ինք բնութեան Տէրն էր, ծովերուն եւ անոնց մէջ ապրող սողուններուն Տէրն էր։ Քրիստոս կ՚ուզէ եւ կը սպասէ որ վստահինք իրեն ինչպէս Պետրոս վստահեցաւ։ Վստահիլը սակայն միայն խօսքով չէ։ Ան կ՚ուզէ նաեւ որ հնազանդինք իրեն։ Հնազանդինք ինչպէս Պետրոս հնազանդեցաւ։ Թէեւ մեզի չ՚ըսուիր թէ Պետրոս ծով գնաց եւ ձուկ բռնեց՝ բայց վստահօրէն գիտենք որ այդպէս ըրաւ։ Պետրոս հոգ մը ունէր՝ տուրք վճարելու հոգը։ Ան իր հոգը ձգեց Քրիստոսի վրայ։ Դուն ալ հոգդ ձգէ իր վրայ՝ ան կարող է քու ալ պարտքդ վճարել։ Ան կրնայ «ձուկի» մը ճամբով քեզ գոհացնել։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

