«Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքի շնորհահանդէսը Աթէնքի մէջ
Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի բացառիկ շնորհահանդէս մը, կազմակերպութեամբ Յունաստանի Աւետարանական համայնքի հովիւ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Շնորհահանդէսը նուիրուած էր սփիւռքահայ կեանքի հանրածանօթ անձնաւորութիւն դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին, որ հրատարակուեցաւ 2023-ին Պէյրութի մէջ, իսկ արդէն շարք մը հայկական գաղութներէն ներս արժանացած է հանրային ներկայացման:
Գիրքի շնորհահանդէսը կատարուեցաւ հեղինակի մասնակցութեամբ, որ յատուկ ժամանած էր Աթէնք ներկայացնելու համար իր աշխատութիւնը։ Գիրքը դոկտ. Ճէպէճեանի՝ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին հայ մամուլին մէջ հրատարակած շահեկան յօդուածներու ամբողջութիւնն է, որ կը բաղկանայ 88 տարբեր գրութիւններէ։ Ծաւալուն հատորը կազմուած է 400 էջերէ, որուն խմբագրութիւնը եւ նիւթերու համադրումը իրագործուած է դոկտ. Արտա Ճէպէճեանին կողմէ։
Գիրքի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի, Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ գերպ. Յովսէփ ծ.վրդ. Պէզազեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեանի, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի, Համազգայինի, «Ազատ Օր»-ի, «Նոր Աշխարհ»-ի եւ «Հայ Կեանք»-ի ներկայացուցիչներուն, հայկական վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն եւ գրասէր բազմութեան մը։
Երեկոյին բացումը կատարեց վեր. Չոլաքեան, որ հակիրճ անդրադարձաւ շնորհահանդէսին, ապա լայն տեղեկութիւններ տուաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի կենսագրական գիծերուն, անոր հանգամանքին որպէս Աստուածաշունչի Ծոցի ընկերութեան ընդհ. քարտուղար, ինչպէս նաեւ գրական գործունէութեան մասին։
Գործադրուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ծանօթ երգիչ Ստեփան Թեքիրեան դաշնամուրի վրայ յաջողապէս մեկնաբանեց հայկական ժողովրդային երգեր, որոնք նրբացուցին մթնոլորտը, իսկ տիկ. Մանիշակ Եսայեան-Մինասեան խոր ապրումով արտասանեց Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը։
Գիրքի ներկայացման առնչութեամբ, բեմ հրաւիրուեցաւ պ. Քերոբ Էքիզեան, որ կատարեց դոկտ. Ճէպէճեանի հրատարակութեան արժեւորումը, ներկայացնելով անոր ոգին ու արտայայտած պատգամները։ Խօսքը կը հրատարակենք առանձին։
Երկրորդ խօսողը եղաւ պ. Զաւէն Գրիգորեան, որ կարգ մը գլուխներու ընտրութիւնը կատարելով, անդրադարձաւ անոնց մէջ տեղ գտած գաղափարներուն եւ մտածումներուն։
Եզրափակիչ խօսքը եղաւ գիրքի հեղինակին կողմէ։ Դոկտ. Ճէպէճեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան, որոնք յանձն առին իրագործել շնորհահանդէսը, ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց խօսողներուն եւ յայտագիրի մենակատարներուն։
Ան անդրադարձ կատարեց գիրքի բովանդակութեան, ապա իր խոհերը ներկայացուց հայութեան ու յատկապէս սփիւռքահայ կեանքին մասին։ Անդրադառնալով հայու արդի տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն, ան մատնանշեց հայու ինքնութեան որոնումին եւ պահպանումին համար կատարուած պայքարը, նոյնիսկ եթէ սփիւռքահայ տարրին մէջ նահանջած է հայերէն խօսելու կարողութիւնը։ Ան օրինակներ ներկայացուց զանազան երկիրներուն մէջ, իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին հանդիպած անծանօթ հայերուն մասին, որոնց մէջ կը նշմարէ հայ մնալու զօրաւոր կամք եւ գիտակցութիւն։ Ան նշեց, թէ հակառակ հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած մռայլ իրադարձութիւններուն, հայը ունի վերապրելու եւ ստեղծագործելու կամք։
Ելոյթի աւարտին դոկտ. Ճէպէճեան իր նորատիպ գիրքի օրինակները մակագրեց եւ տրամադրեց ներկաներուն։ Յաջորդեց մտերմիկ զրոյց հեղինակին եւ ներկաներուն միջեւ։