Բաժիններ՝

«Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ Սուրբ Հոգւոյն միջոցավ մխիթարէ Ձեզ և Ձեր սգակիր հարազատները». Արամ Ա–ն ցավակցել է Սերժ Սարգսյանին

Մեծայարգ

Տիար Սերժ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Գ. Նախագահ

Սիրելի  Պրն. Սարգսեան,

Ժընեւ Մեր այցելութեան ընթացքին, խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի մօր` Նորա Սարգսեանի մահուան գոյժը: Այս տխուր առիթով Մեր խորազգաց ցավակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, Ձեր զավակներուն ու հարազատներուն:

Անկասկած, մօր մը կորուստը ծանր հարուած մըն է զաւկի մը համար. ուստի, կրնանք պատկերացնել, թե որքա՜ն խոր վիշտով համակուած է Ձեր սիրտը սա պահուն, երբ յավէտ կը բաժնուիք սիրելիէ մը, որուն կեանքը եղած է համակ սէր ու նուիրում հանդէպ իր ընտանիքին: Արդարեւ, մարդկային կեանքին անխուսափելիօրէն մաս կազմող այս տխուր իրականութեան դիմաց միակ մխիթարանքը քրիստոնէական հաւատքին մեզի տուած յարութեան յոյսն է: Ուստի, այդ յոյսով գօտեպնդուած, կ’աղօթենք, որ Բարձրեալն Աստուած երկնային երանական խաղաղութեան մէջ ընդունի Ձեր սիրելի մօր հոգին, և զինք յավիտենական կեանքի արժանացնէ:

Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ Սուրբ Հոգւոյն միջոցավ մխիթարէ Ձեզ և Ձեր սգակիր հարազատները: Թող Ձեր մօր բարի յիշատակը անթառամ մնայ միշտ Ձեր բոլորի հոգիներուն մեջ:

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար`

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս