«Կ’ուզեն սպանել զիս և այրել մեր վանքը». Լիբանանցի վարդապետ Մաժտի Ալլաուի
Մարոնիթ վարդապետ Հայր Մաժտի Ալաուիի դէմ մահուան սպառնալիքներ հնչած են: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ նահար» պարբերականը նշելով նաեւ, որ անոր դէմ սպառնալիք հնչեցնողը 7 անչափահաս զաւակներու հայր մըն,է որ վարդապետէն «պահանջած է» միջնորդրել, որպէսզի իր աղջիկը ներողութիւն խնդրէ իրմէ ու ապա իսլամութիւնը դաւանի: Աղբիւրը նոյնէս կը յիշեցնէ, որ քրիստոնեայ վարդապետը սպառնալիք հնչեցնող մարդու զաւակներու երկար ամիսներէ ի վեր ապաստան տուած էր:
Այդ զաւակներու հայրը իր սպառնալիքներուն համար պատրուակ այն, որ իր դստեր, վանք գտնուած ժամանակ, անոր ստիպած են հանել գլխաշորը եւ բռնի ուժով կտրած են մազերը:
Այս պատմութիւնը սկսած էր տարի մը առաջ: Հօր ու կնոջ միջեւ ընտանեկան անհամաձայնութիւնները պատճառ դարձած էին վերջինիս ճաղերու ետեւ յայտնուելուն, իսկ հօր արգիլած են տեսնել իր զաւակները:
Դատական ատեանը խնդրած էր Հայր Մաճտիյէն իր խնամքին տակ վերցնել անտէր երեխաները, որ իր հերթին անոնց ապաստան տուած էր իր հիմնած բարեսիրական միութենէն ներս:
Երկու ամիս առաջ, դատարանի հրամանով անչափահաս երեխաները տեղափոխուած էին «Բարեսիրական» Միութիւն: Հայր Մաճտի փորձած էր տեսակցութիւն ունենալ աղջկան հետ եւ լսել անոր, սակայն չէր կրցած: Ան յայտնած է. « Ես ոչ մէկուն չեմ ստիպած հանել հիճապը, անոնք իրենց ազատ կամքով հանեցին, իսկ աղջիկներէն մէկուն մազը կտրելու պատճառը անոր ոջիլոտ ըլլալն էր», աւելցնելով, որ « Երեխաներու «Բարեսիրական» Միութիւն գտնուած ատեն, հօր արգիլած էին այցելել աղջիկներուն, այդ իսկ պատճառով հայրը սաստիկ զայրացած էր դատարանի որոշումէն, մինչ իմ միութենէս ներս գտնուած ժամանակ ան կրցած էր տեսնել զաւակները եւ սակայն գանգատած էր՝ ամէն տեղ խաչերու եւ Մարիամ Աստուածածինի նկարներու գոյութենէն, ան նոյնիսկ մտածած էր, որ ես կ’ուզեմ մկրտել իր աղջիկները»: «Ես անոր ըսի որ իր նման մտածումը սխալ է, ես նման մտադրութիւն մը չունիմ, եւ չեմ ընդունիր որ աղջիկները աղօթք բարձրացնեն, բացի իրենց կրօնի թելադրանքի համաձայն»,- ըսած է Ալաուին:
Այսուհանդերձ, ընտանիքի հայրը տեղէ տեղ կը հետապնդէ հայր Մաճտի Ալաուին, հակառակ անվտանգութեան ուժերու կողմէ բազմիցս ձերբակալուելուն: Հայ Մաճտի իր հերթին, ներած է անոր եւ հակառակ անոր դէմ բողոք ներկայացուցած չըլլալուն, մինչեւ հիմա վարդապետին հանդէպ վտանգը առկայ է:
Հայր Ալաուի աղջիկներու հօր մասին արտայայտուելով, ըսած է.« Այս մարդը հոգեկան խանգարում ունի, եւ ես պատրաստակամութիւն յայտնած եմ օգնել անոր եւ ապահովել բուժման եւ ընտանիքի ապրուստի ծախսերը, որպէսզի անոր վիճակը աւելի չվատթարանայ»: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ինք առաջին անգամ մարդուն հանդիպած է «Այն Ալ-Ռմանէ»ի ոստիկանատան մէջ, « ձեռնուեցայ անոր հետ եւ ըսի, որ կը ներեմ իր արարքը եւ կը սիրեմ զինք. բողոք չներկայացուցի իր դէմ: Ինձմէ առաջ ինք դուրս եկաւ ոստիկանական կէտէն, խոստանալով, որ վնաս պիտի չհասցնէ ինձ ու իմ միութեանս: Այս անգամ դատախազներէն մէկուն որոշմամբ զինք դարձեալ ձերբակալեցին:Դատախազը ուզեց բողոքագիր ներկայացնեմ, բայց ես մերժեցի»,- պատմած է մահուան սպառնալիքի տակ գտնուող վարդապետը: