Բաժիններ՝

Հայտարարություն. Քիւրտ-հայկական երկխօսութեան յանձնաժողովի ստեղծում

Յիշատակելով, որ  1915-1923 թուականներուն թրքական իշխանութիւններու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնը յանգեցուցած է աղետալի կորուստներու` հայերու, ասորիներու-արամեացիներու, յոյներու եւ Փոքր Ասիոյ այլ` ոչ թրքական ծագմամբ ժողովուրդներու համար, չկանխուած եւ չպատժուած ցեղասպանութիւնը յանգեցուց Թուրքիոյ մէջ քրտական բնակչութեան նոյն ցեղասպանական քաղաքականութեան հետ առերեսման:

Այս փաստերը հիմք ընդունելով` սոյնով մենք կը յայտարարենք քիւրտ-հայկական երկխօսութեան յանձնաժողովի ստեղծման մասին, որ նպատակ կը հետապնդէ կազմակերպել միջքրտական եւ քիւրտ-հայկական երկխօսութեան գործընթացը: Անոր նպատակն է իրականացնել միասնական պայքար Փոքր Ասիոյ բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար եւ հաստատել արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութիւնը մեր ընդհանուր հայրենիքին մէջ` ընդհանուր ապագայի համար:

19 Յունուար նախաձեռնութիւն
Քիւրտ- հայկական երկխօսութեան յանձնաժողով

Պրիւքսէլ 28 ապրիլ 2017

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս