Բաժիններ՝

Ի՞նչ է հայաստանեայց եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը, Առաջարկ եպիսկոպոսական ժողովին

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր աշխարհով մէկ մարտահրաւէրներու, հիմնախնդիրներու, վարչական, բարոյական հարցերու խաչմերուկին վրան է:  Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Սրբազանի բանաձեւումով՝ «Մեր ազգն փորձութիւններով է գնում: Մեր եկեղեցին էլ իր փորձութիւններով է գնում»:  Ո՞ր ուղղութեամբ երթալ, ի՞նչ առաջնահերթութիւն տալ խնդիրներուն և անոնց վերաբերող լուծումներուն. նման բազմաթիւ հարցեր վստահաբար անքուն պիտի պահեն յառաջիկայ Եպիսկոպոսական Ժողովին առնուազն կարգ մը անդամները:

Ինչպէս պատմութեան ընթացքին՝ սկսեալ 5րդ դարու Շահապիվանի Ժողովէն, Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ժողովներ գումարուած են եկեղեցւոյ կեանքին մէջ դաւանական, վարդապետական և աստուածաբանական հարցեր քննարկելու ինչպէս նաև կարգ ու կանոն հաստատելու նպատակով:  Եպիսկոպոսական Ժողովի արդիւնքներն ու եզրակացութիւնները կը ներկայացուին Կաթողիկոսին՝ վաւերացման համար կամ ալ Ազգային Եկեղեցական Ժողովին՝ (եկեղեցւոյ բարձրագոյն օրէնսդիր և վարչական մարմնին) հաւանութեան համար: Անցնող հարիւր տարուան ընթացքին Եպիսկոպոսական Ժողովը պաշտօնապէս միայն երեք անգամ գումարուած է: Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով 1956 Հոկտեմբերին գումարուած ժողովին որոշուած էր որ «տարին գոնէ մէկ անգամ գումարել» Եպիսկոպոսական Ժողովը,  բայց ինչ-ինչ պատճառներով այդպէս չեղաւ:  Յաջորդը 1969ին էր ու անկէ ետք ո՛չ պաշտօնական ժողովներ գումարուեցան (միայն «խորհրդակցական»), ո՛չ ալ եկեղեցիին ու հաւատացեալները յուզող հրատապ հարցեր քննարկուեցան:  Ուշագաւ երեւոյթ է`որ ներկայիս Հայց. Եկեղեցւոյ (Էջմիածինը և Անթիլիասը գումարած) 76 եպիսկոպոսներէն հազիւ երկու-երեքը նախապէս մասնակից եղած է որեւէ պաշտօնական և լիարժէք Եպիսկոպոսական Ժողովի:

Եկեղեցւոյ ներկայ վերիվայրումները յատուկ նորութիւն մը չէ:  Եկեղեցին ընդհանրապէս և եկեղեցւոյ նուիրապետականութիւնը յատկապէս՝ անցնող առնուազն հարիւր տարուան ընթացքին բազմաթիւ խորունկ տագնապներ տեսած են՝ Կոստանդնուպոլսէն մինչեւ Էջմիածին, 1950ականերու Անթիլիաս-Էջմիածին «տագնապ»էն մինչեւ 1960ականերու և 1980ականերու Երուսաղէմի տագնապները:  Բայց ի տարբերութիւն անցեալին երբ արտաքին դրդապատճառները աւելի շեշտակի դեր և ներգործութիւն ունէին տագնապներու դրսեւորման վրայ, այսօր Եկեղեցին անյաղթահարելի խնդիրներ չ՛ունի: Բոլոր ներքին հարցերը լուծելի են:  Հաստատութիւններու կեանքին մէջ որեւէ լուրջ «տագնապ» յետաձգուած կամ չլուծուած խնդիրներու կուտակումն է:  Այսօր նման կուտակումներու «տոմարը» լուրջ և հետեւողական քննարկումներու և լուծումներու առաջարկներ կը պահանջէ:

Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան կեանքին մէջ պահեր կան, երբ անհրաժեշտ է յետադարձ հայեացք մը նետել որդեգրուած արժէքներուն վրայ ու խորհիլ անոնց առաջադրած պահանջքներուն մասին: Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որպէս կազմակերպութիւն, անյետաձգելիօրէն պէտք է յստակացնէ այժմէական հասարակական պայմաններու համահունչ իր առաքելութիւնն ու ուղենիշները որպէսզի նորովի ծառայէ իրեն վստահուած ժողովուրդին:

Եպիսկոպոսական Ժողովին ամենաանհրաժեշտ քայլերէն մէկը պէտք է ըլլայ  քննարկել, ճշդել եւ սահմանել Եկեղեցւոյ «առաքելութեան առանցքը» այս արագընթաց և համաշխարհայնացուած 21-րդ դարու յառաջիկայ տասնամեակներուն:

Անշուշտ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը երկու հազար տարի առաջ ճշտուած էր առաքեալներու շրջանին Քրիստոսի հիմնական պատգամներուն և Աւետարանին հիման վրայ (օրինակ՝ ՂՈՒԿ. 4:16-20, ՄԱՏԹ. 28:19-20), բայց այսօր մեծաւմասամբ ո՜չ եկեղեցականները ո՜չ ալ աշխարհականները յստակ գաղափար կամ միահամուռ ըմբռնում ունին թէ ի՞նչպիսի սկզբունքներ, ուղենիշներ, նպատակներ, արժէքներ և հեռանկարներ կը ներարկէ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:  Անշուշտ եկեղեցին դարերէն եկող յստակ առաքելութիւն ունի, բայց ի՞նչպէս պէտք է իրականացնել այս առաքելութիւնը: Ի՞նչպէս այդ առաքելութիւնը հաղորդական ու իմաստալից  դարձնել Երևանի, Գիւմրիի, կամ Շուշիի, կամ Պէյրութի, Ապու Տապիի, Փարիզի, Ամսթերտամի, կամ Լոս Անճըլըսի, Թորոնթոյի, Գորտոպայի, Մելպուրնի կամ Հոնկ Գոնգի մէջ ապրող Հայուն համար:

Ինչպէս որեւէ աշխարհիկ կամ կրօնական կազմակերպութեան կեանքին մէջ` առաքելութեան առանցքի յստակեցումը արժէքներու ամփոփագիր մըն է (ինչպէս ուղղափառ հաւատքի պարագային Նիկիական Հանգանակը): Այնտեղ կ՛ամրագրուին այնպիսի սկզբունքներ, որոնց ընդմէջէն տուեալ կազմակերպութիւնը իր հունաւորումը կը գտնէ եւ ուր կը սահմանուին այնպիսի չափանիշներ, որոնց համաձայն կը գնահատուի կազմակերպութիւնը իր հետեւորդներուն, ինչպէս նաև ուրիշներուն կողմէ:  Նման յսատակ առաքելութեան ուղեցոյց  մը արդիւնաւէտ է որովհետեւ կ՛օգնէ կազմակերպութեան անդամներուն` որպէսզի կեանքի կոչեն ամրագրուած արժէքները:  Սա որեւէ կազմակերպութեան վարքագիծը պէտք է ըլլայ, անոր հիմնաքարը` բոլոր առումներով:

Հայ Եկեղեցւոյ ժամանակակից առաքելութեան կարեւորագոյն արժէքներու յստակեցումը  եկեղեցւոյ սպասաւորներուն պիտի տրամադրէ հիմնական ուղենիշ մը, նպատակաուղղուած աշխատանքի և հոգեւոր ասպարէզի «քարտէս» մը որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ իսկական նպատակներուն ծառայել և որուն շուրջ պիտի համախմբուին հոգեւորականներն ու աշխարհական սպասաւորները:  Առաքելութեան և արժէքներու յստակեցումը կենսունակութիւն կ՛երաշխաւորէ և կ՛ամրապնդէ ժողովուրդի հարազատութիւնն ու վստահութիւնը իրենց «հոգիի ծննդավայրին» նկատմամբ:

Անիմաստ է խօսիլ Հայ Եկեղեցւոյ «ազգային» կամ «ընկերա-մշակութային» ծառայութեան կարեւորութեան մասին, առանց առաջնորդուելու անոր հիմնական հոգեւոր և կրօնա-բարոյական առաքելութեան սկզբունքներով:  Որքան ալ ընդունինք որ եկեղեցին նաեւ ունի «աշխարհիկ» կարեւորութիւն կ՛արժէ ընդգծել որ՝ ինչպէս դարեր շարունակ եկեղեցւոյ առաջնային և գերագոյն նպատակը հոգեփրկութիւն եղած է՝ պարտականութիւն մը, եթէ ոչ «քաղցր լուծ», զորս իւրաքանչիւր հոգեւորական կ՝ուխտէ իր ձեռնադրութեան որոշադրիչ խորհրդակատարութեան ընթացքին: (Ձեռնադրութեան Մաշտոցը  բազմիցս այս կէտը կը շեշտէ):

Հաստատութիւններ որոնք իրենց հիմնադրիչ և առաջնային առաքելութենէն կը շեղին՝ ժամանակի ընթացքին կը դառնան ինքնանպատակ, իրականութենէ և հասարական կեանքէն հեռացած թանգարանային կարոյցներ: Այսօր եթէ Հայաստանի և Սփիւռքի մէջ Հայ Եկեղեցին ունի «ազգային» դեր և կարեւորութիւն՝ ապա այդ ի՞նչով կը տարբերի կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեգործական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու դերէն եւ ծառայութիւններէն:   Ցայսօր՝ եկեղեցին նման հարց ոչ քննարկած է, ոչ ալ յստակ քաղաքականութիւն ճշդած է թէ ինչ է իր «ազգային» դերը, չնայած որ հոգեւորականներուն մեծամասնութիւնը աւելի հանգիստ կը խօսի «ազգայինին» կամ լոզունք դարձած «մեր հայրերու սուրբ հաւատքին» մասին, քան հասարակութիւնը մտահոգող բարոյական և հոգեւոր նիւթերու մասին:

Կարելի չէ արժէքներու նկատմամբ յարգանք ներշնչել` առանց զանոնք կեանքի կոչելու. սէր արժեւորել, ըսել է`սիրել:  Արժէքները նաեւ կը ստեղծեն չափանիշեր, որոնցմով նաև մենք մեր գործունէութիւնը կը չափենք:  Յստակ և տարածելի արժէքներ պէտք է ուրուագծեն եկեղեցւոյ վարչական կազմակերպչական սկզբունքները` որպէս ուղեցոյց եկեղեցւոյ հաւաքական գործընթացին և անոր ղեկավար մտածողութեան:

Վերջապէս, իւրաքանչիւր եկեղեցիի կենսունակութիւնը առաջին հերթին կախուած է հաւատացեալներու ոգեւորութենէն, անոնց պատասխանատւութեան զգացումէն եւ մասնակցութիւնէն, ոչ թէ միայն եկեղեցականներու կամ աշխարհականներու փոքր խումբի մը «տնօրինումներէն»:  Այսօր շատ յստակ է որ կապրինք բողոքի եւ պահանջատիրական դարաշրջանի մը մէջ ուր հասարակութիւնը այլեւս բացարձակ իշխանութեան ու բռնատիրութեան հանդէպ ոչ թէ միայն իր վախը թօթափած է այլ նաեւ որդեգրած է վճռակամ և հետեւողական պայքար՝ հաւաքական շահերու ի նպաստ:  Մեր պարագային սա չի նշանակեր որ մարդիկ Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ եկեղեցւոյ դէմ պիտի «ապստամբին», բայց կ՛ընդգծէ այն իրականութիւնը որ հասարակութեան սպասումներուն  անտեսումը եկեղեցւոյ նուիրապետականութեան կղզիացումին կը տանի:

Այս առումով, եկեղեցին  պէտք  է պատրաստ  ըլլայ ԱՊՐԵՑՆԵԼՈՒ և ոչ թէ միայն քարոզելու Հայ Քրիստոնեայ հաւատքը:  Հայց. Եկեղեցւոյ առաքելութեան առանցքը սահմանելու համար Եպիսկոպոսական Ժողովը կրնայ սկսիլ ամենապարզ հարցադրումներով, զորս այսօր որեւէ նման մեծ հաստատութիւն մը պիտի հարցնէր իր ներքին կեանքը դրսեւորելու և իր արտաքին յարաբերութիւնները ճշդելու համար:

Ի՞նչ է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նպատակը այսօր 21րդ դարուն մէջ, այսինքն՝ ինչ է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօր եւ գալիք տասնամեակներուն: Ի՞նչն է կարեւորը Եկեղեցւոյ համար, այսինքն՝ արժէքներու ճշդում և առաջնահերթութիւն:  Ի՞նչ  կ՛ուզենք ըլլալ, ի՞նչ է Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան տեսիլքը:  Ի՞նչ  է Եկեղեցւոյ ծրագիրը, մարտավարութիւն: Եւ վերջապէս ի՞նչ  պէտք է ընել և ի՞նչպէս:

Նման հարցադրումներ, լուռջ մօտեցումներ և հետւողական աշխատանքներ, մանաւանդ աշխարհականերու գործօն մասնակցութեամբ, արդէն կարք մը համայնքներու մէջ արդիւնքներ տուած են եւ որոշ ծուխերու կենսունակութիւն և աշխուժութիւն բերած են:

Այսօր 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր բոլոր նուիրապետական աթոռներով ու կառոյցներով իր ուժերն ու «հարստութիւնը» պէտք է համատեղէ, որպէսզի իւրաքանչիւր ծուխ, թեմ կամ եկեղեցական համայնք վերածուի իսկական հոգեւոր «տուն»ի մը, ուր Հաւատքը, Յոյսը և Սէրը համայնքային և հոգեւոր կեանքին հիմնաքարերն են:

Վարչական ու կազմակերպչական ծիրէն անդին ու աւելի կենսական՝ Հայց. Եկեղեցին պէտք է մտաւորական շփում մշակէ հասարակութեան հետ մարդկութիւնը յուզող այժմէական ընկերա-բարոյական ու այլ հարցերու մասին:  Պաշտամունքային կամ ծիսական բարեփոխումներ ցանկալի են և թերեւս անհրաժեշտ, բայց իմաստազուրկ են երբ հասարակութեան կամ բարեպաշտ ժողովուրդին առօրեային հետ ոչ առնչութիւն ունին ոչ ալ ուղղակի ազդեցութիւն:  Օրինակ՝ մկրտութեան ծէսի բարեփոխումը և կանոնաւորութիւնը շատ աւելի իմաստալից պիտի ըլլայ եթէ նաեւ նոյնքան լուրջ ժամանակ, մտածողութիւն ու ջանք թափուի հայ մարդուն բացատրելու թէ ի՛նչ է մկրտութեան իմաստը և ի՛նչ է ծէսին առընչութիւնը իր 21րդ դարու կեանքին մէջ:  Այսինքն՝ ինչ է մկրտուած հայ քրիստոնեայ ըլլալու իմաստը ներկայ բազմակարծիք և բազմահոսանք աշխարհին մէջ, ուր հայ մարդը, ի տարբերութիւն հեռաւոր անցեալին, մնայուն շփում ունի այլազան և ոչ աւանդական մտածողութիւններու և թեքումներու հետ:

Եկեղեցի մը առանց յստակ քրիստոնէական առաքելութեան՝ աշխարհիկ կազմակերպութիւն մըն է, զուրկ իր հոգեւոր գործօնէն: Եկեղեցի մը առանց հաւաքաբար կամ անհատապէս աղօթող հաւատացեալներու՝ լոկ կառոյց մըն է: Եկեղեցի մը առանց ուրիշներու օգնելու պատրաստակամութեան եւ համայնքային ծառայութեան՝ պարզապէս անցեալի փառքերու պահեստանոց մըն է:

Սա է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ այսօրուան հիմնախնդիրը. մնացեալը՝ թէկուզ կարեւոր, մանրամասնութիւններ են:

Նոր Յառաջ 14.09.2013
Հրաչ Չիլինկիրեան, Օքսֆորդ
[email protected]
www.hratch.info

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս