Բաժիններ՝

Աստուծոյ խօսքը մարդոց խօսքէն առաջնահերթ պէտք է ըլլայ

Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները քննադատեցին Յիսուսի աշակերտները որոնք կը ճաշէին առանց իրենց ձեռքերը լուալու (Մտ 15.2)։ Անոնք նման արարք կը նկատէին իրենց նախնիքներուն կողմէ հաստատուած աւանդութեանց խախտում։ Անոնք այնպէ՛ս կուրցած էին իրենց հայրերուն կողմէ հաստատուած աւանդութիւններով, որ չէին կրնար Քրիստոսի անձին մէջ տեսնել տաղտկալից աւանդապահութեան ստրկութենէն զիրենք ազատագրել ուզող Փրկիչին ներկայութիւնը։

Անոնք յանդգնած էին հարց տալ աշխարհի Մաքրիչին թէ ինչո՛ւ իր աշակերտները «ճաշելէ առաջ չեն լուար իրենց ձեռքերը» (Մտ 15.2)։ Փարիսեցիները կը հաւատային որ հրեայ մը կրնար փրկութեան ժառանգորդ դառնալ եթէ երբեք պահէր Մովսէսի օրէնքները, բայց մանաւանդ, եթէ պահէր իր հայրերուն աւանդութիւնները եւ ի գործ դնէր անոնց կողմէ հաստատուած պատուէրները, որոնց շարքին կ՚իյնային՝ ճաշելէ առաջ իրենց ձեռքերը լուալու պատուէրը, առաւօտեան եւ իրիկուան յատուկ աղօթքներու արտասանումը, Սուրբ Երկրին մէջ ապրելու պատուէրը, եւ այլն։

Փարիսեցիները շատ աւելի արժէք կու տային իրենց նախնիքներուն կողմէ հաստատուած աւանդութիւններուն քան Աստուծոյ կողմէ եւ Մովսէսի ձեռքով տրուած օրէնքներուն։ Ա՛յս է ինչ որ ցոյց կու տայ Յիսուսի հարցումը իրենց ուղղուած. «Իսկ դուք ինչո՞ւ կ՚անտեսէք Աստուծոյ պատուիրանը՝ ձեր աւանդութիւնը պահելու համար» (Մտ 15.3)։

Յիսուսի աշակերտներուն գործած «սխալը» բաղդատաբար Փարիսեցիներուն գործած սխալին հետ՝ ոչինչ է, որովհետեւ աշակերտները իրենց հայրերուն կողմէ հաստատուած աւանդութիւնն է որ կը խախտէին, իսկ Փարիսեցիները Աստուծոյ օրէնքն է որ կը խախտէին իրենց հայրերուն աւանդութեան սիրոյն։ Փաստօրէն, Աստուած կը պատուիրէր մարդուն պատուել իր հայրն ու մայրը եւ բնաւ չանիծել զանոնք (Մտ 15.4-5), մինչդեռ Փարիսեցիները կ՚անպատուէին իրենց հայրն ու մայրը երբ կը զլանային պէտք եղած օգնութիւնը տալու անոնց։ Աստուծոյ օրէնքին համաձայն, երեսի վրայ ձգել մեր հայրն ու մայրը եւ չօգնել անոնց՝ զանոնք անպատուել ու անիծել կը նշանակէ։

Կարդացեք նաև

Փարիսեցիներ կ՚ըսէին. «Ով որ իր հօր կամ մօր ըսէ՝ “Այն օգնութիւնը որ ինձմէ պիտի ստանայիր՝ Աստուծոյ նուիրուած է”, պարտաւոր չէ յարգելու իր հայրն ու մայրը» (Մտ 15.6)։ Այս խօսքը բացայայտօրէն կը հակասէ Աստուծոյ պատուէրին եւ կամքին, որովհետեւ Աստուծոյ պատուէրն ու կամքն է որ մարդ անհատը օգնէ իր հօր եւ մօր։ Փարիսեցիները սակայն, իրենց հօր եւ մօր օգնութիւն տալու փոխարէն, աւելի կը նախընտրէին օգնութիւն տալու տաճարին, եւ եթէ երբեք օգնութիւն տային տաճարին, այնուհետեւ իրենք զիրենք երբեք պարտաւոր չէին զգար օգնելու նաեւ իրենց հօր եւ մօր։

Աստուած սակայն, հակառակ էր որ հօր եւ մօր տրուելիք օգնութիւնը իրեն տրուէր։ Փարիսեցիները աստուածսիրութիւն անունին տակ զրկանք է որ կը կատարէին իրենց հօր եւ մօր։ Աստուած երբեք պիտի չուզէր որ իր պատճառաւ մենք զրկանք ընէինք մեր հայրերուն եւ մայրերուն։

Հոսկէ կը սորվինք, թէ՝ Աստուծոյ համար աւելի հաճելի է օգնել մեր հօր եւ մօր, կամ ընդհանրապէս կարիքի մէջ եղող մեր նմանին, քան օգնել տաճարին, եկեղեցիին։ Տաճարասիրութիւնը կամ եկեղեցասիրութիւնը մեզ պէտք չէ հեռու պահէ մարդասիրական արարքներէ։ Կարեւոր է նկատի առնել որ տաճարասիրութիւնը կամ աստուածսիրութիւնը չէր որ կը մղէր Փարիսեցիներուն օգնութիւն տալու տաճարին, այլ փառամոլութիւնը։ Անոնք շատ լաւ գիտէին որ եթէ օգնէին իրենց հօր եւ մօր՝ ոչ ոքի ուշադրութիւնը պիտի գրաւէին եւ ո՛չ ոք իրենց «ապրի՛ս ու կեցցէ՛» պիտի ըսէր, իսկ եթէ տաճարին օգնէին՝ բոլորին ուշադրութեան եւ փառաբանութեան առարկան պիտի դառնային եւ իբրեւ բարեպաշտներ պիտի ծափահարուէին։

Քրիստոսի խօսքը ուղղուած Փարիսեցիներուն. «Այսպիսով դուք Աստուծոյ խօսքը կ՚անարգէք՝ ձեր աւանդութիւնը պահելու համար» (Մտ 15.6), ուղղուած է նաեւ բոլոր դարերուն ապրած եւ ապրելիք մարդոց։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի պէտք է քննէ ինքնիր կեանքը տեսնելու համար, թէ արդեօք կա՞ն իր հայրերէն իրեն փոխանցուած աւանդութիւններ որոնք կը հակադրուին Աստուծոյ կամքին եւ պատուիրաններուն։ Եթէ կան աւանդութիւններ որոնք պատճառ կը դառնան որ Աստուծոյ կամքը չկատարուի եկեղեցիի մը մէջ, այդ եկեղեցին քաջութիւնը պէտք է ունենայ հրաժարելու այդ աւանդութիւններէն։

Պէտք չէ նախադասել կամ գերադասել մարդոց կողմէ հաստատուած աւանդութիւնները Աստուծոյ օրէնքներէն։  Պետրոս  առաքեալ  կ՚ըսէ. «Աստուծոյ պէտք է հնազանդիլ, քան թէ մարդոց» (Գրծ 5.29)։ Մարդկային նկատառումներէ մղուած մարդոց հնազանդողը մարդահաճ անձ կ՚ըլլայ, իսկ մարդահաճ եղողը՝ չի կրնար հաճեցնել զԱստուած։

Բարեպաշտութիւն ձեւացնել առանց սակայն բարեպաշտ ըլլալու եւ օգնել տաճարին առանց երբեք Աստուծմով հետաքրքրուած ըլլալու՝ մեզ կը դարձնէ կեղծաւոր։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս «կեղծաւորնե՛ր» անուանելէ ետք Փարիսեցիները, կը յիշեցնէ անոնց Եսայի մարգարէին մարգարէութիւնը իրենց մասին. «Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներով զիս կը պատուէ, մինչ իր սիրտը շատ հեռու է ինձմէ։ Պարապ տեղ զիս կը պաշտեն, որովհետեւ իրենց սորվեցուցածները մարդոց կողմէ տրուած պատուիրաններ են» (Մտ 15.7-9)։ Եսայի այս մարգարէութիւնը չէ արտասանած միայն իր ժամանակի մարդոց համար, այլեւ Քրիստոսի ու մեր ժամանակակից մարդոց համար։ Քրիստոսի եկեղեցիին մէջ միշտ եղած է եւ պիտի ըլլայ կեղծաւորն ու սուտ բարեպաշտը։

Աստուած կ՚ուզէ սիրտով իրեն կապուող եւ զինք սիրող մարդիկ ըլլանք եւ ո՛չ թէ լոկ շրթունքներով զինք փառաբանենք։ Աստուած իր ամբողջ սիրտով սիրեց ու կը սիրէ մեզ եւ իր բացարձակ իրաւունքն է ամբողջ սիրտով սիրուիլ մեր կողմէ։ Փարիսեցիները շրթունքի ու խօսքի մարդիկ էին, օրէնքի եւ պատուիրանի մարդիկ էին։ Անոնք անհունօրէն հեռո՛ւ էին սիրտի եւ հոգիի մարդիկ ըլլալէ, շնորհքի եւ պարգեւի մարդիկ ըլլալէ։

Մարմնաւոր մարդը, այլ խօսքով, Աստուծոյ Հոգիէն չվերածնած մարդը, իր շրթունքներով միայն կը պաշտէ զԱստուած, մինչ Աստուծոյ Հոգիով հոգեւոր դարձած մարդը, կ՚անդրադառնայ թէ «Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն» (Յհ 4.24)։ Անոնք իրենց փրկութիւնը կը փնտռէին իրենց օրինապահութեան մէջ փոխանակ փնտռելու Աստուածապարգեւ այն հաւատքին մէջ որ կրնար իրենց սիրտը նորոգել եւ իրենց ներսիդին նոր հոգի հաստատել (Եզ 36.26)։

Քրիստոս Եսայի մարգարէին խօսքը ուղղելէ ետք Փարիսեցիներուն, դարձաւ ժողովուրդին եւ ըսաւ. «Բերնէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ բերնէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը» (Մտ 15.11)։

Բերնէն մտածը յստակ է որ «ստամոքսը կ՚երթայ եւ ապա դուրս կ՚ելլէ։ Մինչդեռ ինչ որ մարդուս բերանէն կ՚ելլէ՝ սիրտէն դուրս կու գայ, եւ ատիկա է որ կը պղծէ մարդս։ Որովհետեւ մարդուս սիրտէն է որ կ՚ելլեն չար մտածումները՝ սպանութիւն, շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սուտ վկայութիւն, հայհոյութիւն։ Ասո՛նք են որ կը պղծեն մարդըեւ ո՛չ թէ անլուայ ձեռքով ճաշ ուտելը» (Մտ 15.17-20)։ Մենք չենք կրնար տեսնել կամ ճանչնալ մարդուն սիրտը։ Այստեղ «սիրտ» ըսելով նիւթական սիրտը չէ որ կը հասկնամ, այլ մարդուն էութիւնը կազմող եւ անոր բնութիւնը յատկանշող մտածումներու, զգացումներու եւ ապրումներու աշխարհը։

Բերանէն ելածը սիրտէն է որ կ՚ելլէ եւ այն է որ մեզ ճանաչելի կը դարձնէ ուրիշին համար։ Սիրտը մարդուն հայելին է։ Այդ հայելին երբեմն պղտոր եւ երբեմն յստակ կ՚ըլլայ։ Մեղքով ինքնիր սիրտը պղտորած մարդը չի կրնար իր սիրտէն մաքուր խօսքեր եւ խորհուրդներ բղխեցնել։

Թէպէտ պէտք է հաստատել որ դիւրին է կեղծաւոր մարդուն համար անկեղծ ըլլալու տպաւորութիւնը ձգել ուրիշին վրայ։ Այդպիսի կեղծաւոր մարդ մը հոգեւորապէս կոյր մըն է. կոյր մը՝ որ ո՛չ միայն չի կրնար ուրիշները լուսաւորել կամ լոյսի առաջնորդել, այլ ընդհակառակը, զանոնք կ՚առաջնորդէ դէպի խորխորատ։ Ասո՛ր համար է որ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ձգեցէ՛ք զիրենք, կոյրեր են՝ կոյրերու առաջնորդ։ Երբ կոյր մը ուրիշ կոյր մը կ՚առաջնորդէ՝ երկուքն ալ փոսը կ՚իյնան» (Մտ 15.14)։

Հոգեւոր կուրութիւնը աւելի՛ գէշ է քան ֆիզիքական կուրութիւնը, որովհետեւ ֆիզիքապէս կոյր եղողը չի կրնար իր նմանները եւ աշխարհը տեսնել, իսկ հոգեւորապէս կոյր եղողը անկարող կը մնայ տեսնելու զԱստուած՝ որ լոյսն է աշխարհի։ Իր կեանքին մէջ Քրիստոսը չունեցող մարդը կոյր եւ խաւարաբնակ մարդ մըն է, որովհետեւ Քրիստոս ի՛նքն է աշխարհի լոյսը (Յհ 8.12)։ Քրիստոսով չլուսաւորուած առաջնորդները չեն կրնար դէպի երկնային լոյսը առաջնորդել իրենց վստահուած հօտը։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Մեր հոգը Աստուծոյ ձգել» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս