
Ո՞ւր ես Ադամ

«Ո՞ւր ես Ադամ»։ Աստուծոյ սէրը հանդէպ մարդ արարածին աւելի՛ մեծ է քան մարդուն սէրը հանդէպ Աստուծոյ, ահա թէ ինչու, Աստուա՛ծ է որ ճամբայ ելաւ փնտռելու համար մարդը եւ ո՛չ թէ մարդը՝ Աստուած։
Աստուած նայեցաւ դէպի երկիր երբ ո՛չ ոք հետաքրքրուած էր երկինքով։
Աստուած գթաց մեր վրայ երբ մենք անգթութիւն կը ցուցաբերէինք իրարու եւ իր նկատմամբ։
Աստուա՛ծ է որ Աստուած եւ մարդ հաշտութեան նախաձեռնութիւնը կատարեց։ Մեզմէ ո՞վ խնդրեց Աստուծմէ որ իր Որդիին արիւնով մեզ իրեն հետ հաշտեցնէ։ Աստուածաշունչը կը վկայէ որ «Աստուած ինքն էր որ Քրիստոսի միջոցաւ աշխարհը հաշտեցուց իրեն հետ» (Բ.Կր 5.19)։ Քրիստոս ի՛նքն է որ կորսուած ոչխարներս կը փնտռէ (Ղկ 15.4-7)։ Ի՛նքն է որ կորսուած դրամը (մարդը) կը փնտռէ (Ղկ 15.8-10)։ Սատանան մեզ կը փնտռէ մեզ խարբալելու համար (Ղկ 22.31), մինչ Քրիստոս մեզ կը փնտռէ մեզ փրկելու համար այդ խարբալումէն (Ղկ 19.10)։
«Ո՞ւր ես Ադամ»։ Աստուած տեղի մասին չէ որ կը հարցնէ, այլ այն դժբախտ եւ նեղ կացութեան մասին, այն հոգեւոր աղէտին մասին՝ որուն մէջ Ադամ ինկաւ իր գործած մեղքին պատճառով։ Աստուած գիտէր թէ մեղքը ի՛նչ բանի առաջնորդած էր Ադամը, բայց Ադամ ի՛նքն էր որ կանգիտանար այդ մէկը։ Ադամ եթէ գիտնար մեղքին արդիւնքները եւ անոր ձգած թոյնը, իսկոյն պիտի ուզէր դառնալ Աստուծոյ, ազատած ըլլալու համար անկէ։
«Ո՞ւր ես Ադամ»։ Սա հարցում մը չէր, այլ՝ լուրջ հարց մը։ Ադամին ու Եւային մեղանչումով, վիհ մը յառաջացած էր Արարիչին ու արարածին միջեւ։ Երկինք եւ երկիր սկսած էին հեռանալ իրարմէ։
Դադրեցուեցաւ այն սիրալիր յարաբերութիւնը որ գոյութիւն ունէր հրեղէններուն եւ հողեղէններուն միջեւ։ Անմահութեան ճամբան փակուեցաւ անմահութեան համար ստեղծուած մարդոց առջեւ (Ծն 3.24)։
Աստուած եկաւ Ադամին որպէսզի անոր հետ միասին լուծէր այս հարցը, սակայն, Ադամ կարծեց որ հարցը լուծուած պիտի ըլլար եթէ կարենար պահուըտիլ պարտէզին ծառերուն մէջ եւ թոյլ չտալ որ Աստուած տեսնէր զինք։ Ադամ տակաւին չէր գիտեր որ Աստուած ամենատես Աստուած է։
Աստուած, «Ո՞ւր ես Ադամ» հարցումով, կարծէք ըսել կուզէր. «Տե՛ս Ադամ թէ ի՛նչ ըրաւ մեղքը քեզի։ Նայի՛ր թէ ո՛ւր էիր եւ ո՛ւր հասար, ի՛նչ էիր եւ ի՛նչ եղար։ Զիս փնտռող մըն էիր, դարձան ինձմէ փախչող մը։ Իմ ուրախութեանս առարկան էիր, իսկ հիմա դարձար իմ տրտմութեանս առարկան։ Երեսս փնտռող եւ հետս ընկերութիւն ընող մըն էիր, իսկ հիմա դաւաճանի նման երես չունիս ինծի նայելու։ Գործակիցս էիր, բայց ուզեցիր ինծի մրցակից դառնալ, կարծելով որ կրնաս աստուած ըլլալ ծառին պտուղէն ճաշակելով (Ծն 3.5), եւ մոռցար որ «ինձմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ» (Ես 45.21), եւ թէ ո՛չ ոք ինծի հաւասար է կամ կրնայ ինծի հետ բաղդատուիլ» (Ես 46.5)։
Եղիշէ պատմիչ «Մեկնութիւն արարածոց» իր գործին մէջ, կըսէ. «Աստուած կողբայ ըսելով.- «Ո՞ւր ես Ադամ». իր այս հարցումով, կարծէք Աստուած ըսել կուզէ՝ ո՜հ, Ադամ, նայիր ի՜նչ փառքէ դէպի ինչպիսի՛ անարգութիւն ինկար։ Երկնայինդ եւ անմահդ՝ երկրային եւ մահկանացու եղար։ Կողբամ զքեզ Ադամ, որովհետեւ իմ պատկերովս քեզ ստեղծեցի։ Ո՛չ դուն քեզի խնայեցիր եւ ո՛չ ալ իմ պատկերէս պատկառեցար»։
«Ո՞ւր ես Ադամ» հարցումին, Ադամ պատասխանեց. «Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ…» (Ծն 3.10)։ Կարեւոր ճշմարտութիւն մը կայ որ մեր ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպի։ 8-10 համարներուն մէջ մեզի երկու անգամ կըսուի որ Ադամ եւ Եւա Տէր Աստուծոյ ձայնը լսեցին։ Ի՞նչ բանի պատկերացումն է Աստուծոյ ձայնը լսելը։ Այստեղ, «լսել» կը նշանակէ «ճանչնալ»։ Անոնք կը ճանչնային Աստուծոյ ձայնը։ Ի՞նչ ցոյց կու տայ Աստուծոյ ձայնը ճանչնալը։ Ցոյց կու տայ, որ Ադամ եւ Եւա շատ մօտիկ էին Աստուծոյ. անոնց միջեւ կար փոխադարձ ճանաչողութիւն, կար բարեկամութիւն, մտերմութիւն, անկեղծութիւն եւ հարազատութիւն։ Անոնք իրարու հետ կը վերաբերէին այնպէս՝ ինչպէս հարազատ հայր մը եւ որդի մը պիտի վերաբերէին իրարու հետ։ Անոնք իրարու ներկայութիւնը փնտռող եւ իրարու ներկայութեամբ զուարճացողներ էին։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ խօսելով Ադամին եւ Եւային Աստուծոյ ձայնը լսելուն մասին, կըսէ. «Կը տեսնես թէ որքան մօտ եւ ծանօթ էին Աստուծոյ, որ մինչեւ անգամ ոտնաձայնին անտեղեակ չէին։ Այսպէս, Բարերարը նախ ոտնաձայնը կը հանէր զղջումի առիթ տալով տգէտին, որպէսզի մարդը հասնելով քաւութիւն բերող ոտքերուն, անձամբ պատմէ իր յանցանքները եւ փրկութիւն գտնէ»։
«Ո՞ւր ես Ադամ»։ Սիրով բաբախուն տող մըն է ասիկա։ Ինքնագիտակցութեան մղող խօսք մըն է։ Դարձի գալու հրաւէր մըն է։
Այս բառերուն մէջ մենք կը տեսնենք Աստուծոյ սիրտին վիշտն ու տագնապը, անոր գորովալից կապուածութիւնը մարդկային ցեղին։
Աստուած Ադամն ու Եւան կը փնտռէր այնպէս՝ ինչպէս մայր մը իր կորսուած միածին զաւակը պիտի փնտռէր։ Աստուած չփնտռեց Ադամը որպէսզի դատապարտէր զանիկա իր ըրածին համար, այլ որպէսզի վերականգնէր զանիկա։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կըսէ. «Աստուած չուզեց ամբաստանող ըլլալ եւ ահաբեկելով յարձակիլ, այլ խաղաղարար ձեւով զիջեցաւ, ըսելով թէ՝ «ո՞վ ըսաւ քեզի թէ մերկ ես», որովհետեւ կ ուզէր ներելով՝ իրեն մօտեցնել, որպէսզի Աստուծոյ քաղցրութիւնը զանոնք ապաշխարութեան բերէ»։ Աստուած իր «Ո՞ւր ես Ադամ» հարցումով, կուզէր որ Ադամ անդրադառնար իր գործած մեղքին, դարձի գար եւ ներում խնդրէր։
Թէպէտ Ադամ պատասխանեց «Ո՞ւր ես» հարցումին, բայց պատասխանը Աստուծոյ ակնկալած պատասխանը չէր։ Վստահաբար Աստուած կը սպասէր որ Ադամ եւ Եւա խոստովանէին իրենց մեղքը եւ ներում խնդրէին։ Ճիշդ էր որ ե՛ւ Ադամ ե՛ւ Եւա խոստովանեցան թէ կերան արգիլեալ ծառին պտուղէն, բայց անոնք մերժեցին յանձն առնել պատասխանատուութիւնը իրենց արարքին։ Ադամ իր գործած մեղքին պատասխանատուութիւնը Եւային վրայ նետեց (Ծն 3.12), իսկ Եւա՝ Օձին վրայ (Ծն 3.13)։
Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ Աստուած հետաքրքրուած չըլլար Ադամով եւ Եւայով եւ զանոնք չսիրէր, պիտի չերթար անոնց ետեւէն, այլ պիտի ձգէր զանոնք իրենց ճակատագիրին։ Անոնց ետեւէն երթալու գործողութիւնը, ցոյց կու տայ, որ Աստուած կը սիրէ մեղաւոր մարդը, մտահոգ է անոր յաւիտենականութեամբ։ Նո՛յնը ուսուցանեց Քրիստոս կորսուած ոչխարին առակով երբ ըսաւ. «Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը արօտավայրին մէջ եւ չե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն» (Ղկ 15.4)։
Եթէ Աստուած չփնտռէր մարդը՝ մարդը առ յաւէտ կորսուած պիտի ըլլար։ Աստուած չի դադրիր փնտռելէ մարդը «մինչեւ որ գտնէ զայն»։ Քանի որ Աստուած քեզ փնտռող Աստուած մըն է, ան անպայման կը գտնէ քեզ, միայն թէ երբ գտնէ քեզ, մի՛ ըներ Ադամին ըրածը, այսինքն՝ մեղաւորութեանդ եւ յանցագործութեանդ պատասխանատուութիւնը ուրիշին վրայ մի՛ նետեր, այլ ընդունէ մեղապարտ ըլլալդ եւ քաւութիւն հայցէ մարդկային ցեղին Քաւիչէն։
Աստուած քեզ պիտի չարդարացնէ եթէ փորձես ուրիշը դատապարտել դուն քեզ արդարացնելու համար։ Ա՛յս էր պատճառը թէ ինչո՛ւ Ադամ եւ Եւա չարդարացան։ Յաջորդ գլուխին մէջ կարդա՛ ադամական այն մեղքին մասին՝ որ ամէն մարդ կը գործէ, եւ թող ատիկա մարտահրաւէր մը ըլլայ քեզի նոյն մեղքը չգործելու։
Վաղինակ վրդ. Մելոյեան
«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից