Աջակցենք Ստամբուլի «Ժամանակ» օրաթերթին, որ շարունակի վավերագրել ժամանակը
Ստամբուլում լույս տեսնող «Ժամանակ» հայկական օրաթերթը փակման վտանգի առաջ է կանգնած: Հայ մամուլի նահապետը թերթի խմբագրի ձեւակերպմամբ՝ անդունդի եզրին է: «Առավոտը» կոչ է անում բոլոր շահագրգիռ մարդկանց եւ կազմակերպություններին՝ աջակցել հարուստ պատմություն ունեցող հայկական պարբերականին: Նաեւ հրապարակում ենք «Ժամանակի» գլխավոր խմբագիր Արա Գոչունյանի՝ մեկ տարի առաջ հեղինակած խմբագրականը, որ արդիական է նաեւ այսօր:
Ցավոք, ներկայումս «Ժամանակի» համար էլ ավելի ծանր ժամանակներ են: «Ժամանակ» օրաթերթը հիմնադրութեան 114-րդ տարին կը թեւակոխէ անդունդի եզրին «Ժամանակ» օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 114-րդ տարին։ Սա կերեւի այս թերթի պատմութեան ամենատխուր տարեդարձն է, որովհետեւ կրնայ ըլլալ արդէն վերջինը։ Ծանր տագնապի պայմանները, փոթորկալի երկարատեւ շրջանը անդունդի եզրին բերած են հայ մամլոյ նահապետը։ Մտահոգ ենք խորապէս։ Տարի մը առաջ ճիշդ այսօր, հոկտեմբերի 28-ին, նախորդ տարեդարձի մեր խըմբագրականին մէջ ահազանգ հնչեցուցած էինք, որ «Ժամանակի» գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։ Վերյիշենք. «Սա պիտի ըլլայ կա՛մ այս թերթի վերածնունդը եւ կամ վախճանը։ Հանելո՞ւկ…»։
Մէջբերումին մէջ նշուած հանելուկը ամբողջ տարի մը զուգորդուեցաւ հակասու թիւններով։ «Ժամանակի» դէմ յանդիման մնացած սպառնալիքը պոռթկում յառաջացուց այս թերթի՝ ամբողջ աշխարհի ընթերցողներուն եւ համակիրներուն մօտ։ Բոլորը ոչ միայն վերահաստատեցին իրենց կապը այս թերթին հետ, այլեւ շեշտելով շեշտեցին անոր առաքելութեան կարեւորութիւնն ու յարատեւութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ոմանք նոյնիսկ նիւթական զոհողութիւններ յանձն առին՝ այս ինքնուրոյն լրատուամիջոցին զօրակցելու համար։ Այս բոլորը շատ թանկ էր մեզի համար, անգնահատելի արժէքով եւ անփոխարինելի ջերմութիւնով։ Աշխատելու թարմ եռանդ կառթէր մեզի, արտադրելու նոր յամառութեան կը մըղէր։
Կարդացեք նաև Թուրքական օգնությունը, Արարատ լեռն ու Յանցզի գետը Պետք է ինքնաքննադատաբար ասենք, որ մարդիկ իրենց ցանկալի թեկնածուի համար ճանապարհ հարթելու համար շատ հաճախ պետության հետ հարաբերությունները չարաշահում են. Ermenihaber Արա Գոչունյան. «Վերջին կանոնադրությունը բնականաբար 100%-ով ողջունելի չէ». Ermenihaber.am Բայց միւս կողմէ ալ կարելի չէր ըլլալ կասեցնել այս հաստատութեան եկամուտներու անհամեմատ անկումը։ Հանելուկի հարցականները խորացան ու խորացան, թանձր անորոշութիւն մը սկսաւ պատել մեր շուրջը։ Ժամանակ թէեւ վաղուց դարձած է համահայկական հաղորդակցութեան հարթակ մը, սակայն, անոր բնօրրանը առաջին հերթին թրքահայ ազգային-եկեղեցա կան կեանքի եզակի միջավայրն է, ինչ-ինչ առանձնայատկութիւններով։
Ան պոլսահայութեան հաւաքական ձայնն է, ընդհանրական խօսափողը, հաւաքական պատուհանը, հայելին։ «Ժամանակի» առաքելութեան եւ կոչման տրամաբանական շարունակութիւնն է այս հանգամանքը, հասկնալիօրէն։ Անցեալ տարուան մեր ահազանգէն ի վեր միակ անտրամաբանականը եւ անհասկնալին եղաւ այս համայնքի վարչայիններու անտարբերութիւնը, լռութիւնը։ Թէեւ առաջին հայեացքով անտրամաբանական ու անհասկնալի, սակայն, խորքին մէջ, զարմանալի կամ անակնկալ չէ այդ անտարբերութիւնը, լռութիւնով հանդերձ։ Սա նոյնիսկ հաւաքական մեծ ցաւի մը դրսեւորումն է։ Սա կու գայ վերահաստատել, թէ որքան մեծ անջրպետ մը յառաջացած է այս համայնքի հոգեւորական թէ աշխարհական վարչայիններուն եւ ինքնութեան պահպանման համար զգայնութիւններով տոգորւած «շարքային» անհատներուն, պարզ ու սովորական, պատուական մարդոց միջեւ։ Վերջին քանի մը տարիներուն մեր համայնքէն ներս արշաւ մը սանձազերծուած է «Ժամանակի» դէմ, հրահրուած է արհեստական հոսանք մը, կարգ մը շրջանակներ ակնյայտօրէն թիրախաւորած են այս թերթը։
Աւելորդ է յիշեցնել, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը երկարատեւ տագնապ մը դիմագրաւած է թրքահայութիւնը։ Այժմ միայն մասամբ յաղթահարուած այդ տագնապը պատճառ դարձած է պառակտումներու, ծնունդ տուած է բեւեռացումներու։ Համատարած ձեւով մարդիկ իրարմէ օտարացած եւ իրարու դէմ թշնամացած են։ Սա ուղղորդուած է պիտակաւորումներով, մեղադրանքներով ու զըրպարտութիւններով։ Իւրաքանչիւր բեւեռ փափաքած է ծունկի բերել միւսը, իւրաքանչիւր ճամբար ուզած է ոչնչացնել միւսը։ Այս ողբերգական պայմաններուն ներքեւ չեն խնայուած հաւաքական շահե-րը եւ անտեսուած է միասնականութիւն պահելու հրամայականը։ Երկարատեւ այս շրջանին «Ժամանակ» այդ բեւեռներէն որեւէ մէկու չէ պատկանած, փորձած է մնալ անկախ ու միշտ ցոյց տուած է համերաշխութեան ու ներդաշնակութեան, հաւաքական պատասխանատուութեան ճանապարհը։ Թէեւ փորձած է հաւասար հեռաւորութիւն պահել բոլոր ճամբարներուն հետ, սակայն, անոնք բոլորով վանած են այս թերթը։ Ու տակաւին այն վարչայինները, որոնք չեն կրցած տագնապին լուծում գտնելու համար կամք դրսեւորել, սկսած են աչքի փուշ համարել «Ժամանակը»։
Անոնք սկըսած են անհանգստանալ այս թերթի գոյութենէն, որովհետեւ անոր հայելիէն սկսած է ցոլանալ իրենց անգործութիւնն ու ամլութիւնը։ Ոմանց համար իսկապէս շատ ջղագրգիռ ըլլալ սկսած է՝ «Ժամանակի» բարձրացուցած ձայնը, որ ժամանակներու մաղէն անցած ըլլալով կարդարանայ երկարաժամկէտ։ Ընդհանրապէս, մարդիկ որքան որ կը հեռանան ժառանգութենէն, կը կտրուին լեզուէն՝ կարծես այնքան կը թշնամանան հայերէն թերթին։ Այդ կէտէն սկսեալ նոյն շրջանակները չեն վարանած շարժման անցնիլ պատժելու համար այս թերթը՝ տեսնելով ու համոզուելով, թէ պիտի չկարողանան գնել զայն։ Սիսթեմաթիք ձեւով դադրեցուած են «ժամանակին» տրուած ազդերը, որպէսզի նուազին անոր եկամուտները։
Հակաքարոզչութիւն սկսած է այս թերթին դէմ զանազան հարթութիւններու վրայ եւ ան դատապարտուած է անարդար ու անհաւասար մրցակցութեան։ Թուրքիոյ հնագոյն օրաթերթին, ամբողջ հայաշխարհի երիցագոյն օրաթերթին այս համայնքէն ներս գոյատեւելը հետզհետէ բեռ մը համարուիլ սկսած է, դժբախտաբար։ Այն մարդիկ, որոնք այս համայնքի հաւաքական հարստութիւնը կը տնօրինեն, որոշած են թաղել այս թերթը, որ անկախ ու անաչառ մնալու համար կը յամառի, իրենց վերահսկողութենէն դուրս կը մնայ եւ չի գնուիր ու չի՛ յանձնուիր։ «Ժամանակի» դէմ հաշուեյարդարի սկսաւ. ահա մեր անկախ մնալու ձգտումին, անհրաժարելի սկզբունքին ծանր փոխարժէքը… Ի՞նչ պիտի ընէին կամ այլապէս ի՞նչ կրնան ընել անոնք, որոնք այս համայնքին միջոցները տնօրինելով հանդերձ՝ չեն յաջողիր անոր խնդիրները լուծել։
Անոնք կը կառավարեն հաստատութիւններ, որոնք շեղած են իրենց բուն առաքելութեան ճանապարհէն, մանաւանդ՝ դպրոցներ, որոնք չեն ծառայեր իրենց լինելութեան նպատակին։ Անոնք կրնա՞ն մարսել «Ժամանակի» նման թերթ մը, որ իրենց եւ իրենց կառավարած կառոյցներու այլասերումը չարդարացներ ու կը մերկացնէ լոկ իր գոյութեամբ։ Ոչ, անշուշտ ոչ, ուստի անոնք ահա գործադրութեան դրած են իրենց «յարիր» բեմագրութիւնը, որուն համար անգտանելի շղարշ մը դարձած է նաեւ համաճարակի դժուարութիւններու չքմեղանքը։ «Ժամանակ» փորձած է դիմադրել այս բոլորին դէմ, անշուշտ, արժանապատիւ ձեւով ու առանց խանգարելու այս համայնքին անդորրը։ Բոլորին հետ բաց պահած է երկխօսութեան դուռը, բայց ապարդիւն։ Կարելի չէ եղած դրական տեղաշարժ մը ապահովել, որովհետեւ մարդիկ վաղուց դադրած են՝ սկզբունքի եւ արժէքի հասարակաց յայտարարին վրայ գործելէ։ Եւ այսպէս տագնապը խորանալով շարունակուած է քանի մը տարիէ ի վեր։ Ճակատագրին լքուած այս թերթը մեծ դիմադրութիւն եւ ճկունութիւն ցոյց տուած է՝ շատ սահմանափակ միջոցներով յառաջ երթալու, չնահանջելու առումով։
Այս դաժան պայմաններով իսկ թերթը պահած է իր ձգողականութիւնը՝ Պոլիսէն եւ աշխարհի ամէն կողմէն հեղինակներու՝ մանաւանդ երիտասարդներու պարագային, որոնք ի վիճակի են արեւմտահայերէնով արտադրելու։ «Ժամանակի» կայունութիւնը չխաթարելու համար միջոցներ որոնուած ու մասամբ ալ գտնուած են, առանց խմբագրական անկախութիւնը դոյզն իսկ ստուերի տակ թողելու։
Յամենայնդէպս, վերջին քանի մը ամիսներուն օրհասական այնպիսի պայմաններ ստեղծուած են, որ յաջորդ օրուայ հարցը մետասաներորդ պահուն լուծելու վիճակը հունէ դուրս բերած է թերթի բնականոն գործունէութիւնը։ Հրատապութեան աստիճանը կաթուածահար ըրած է մեր աշխատանքը։ Այս ամբողջը եղած է առանց մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն զգալի դարձնելու, բայց այլեւս դանակը հասած է ոսկորին։ Առկայ վիճակով ոչ կարելի է այս որակով օրաթերթ մը պատրաստել, ոչ կարելի է համացանցի կամ ընկերային ցանցերու վրայ ներկայութիւն ունենալ, ոչ կարելի է անկախ լրատուամիջոց մը ըլլալ եւ ոչ ալ կարելի է այս կառոյցի կայունութիւնը երաշխաւորել։ Այլեւս անկարելի դարձած է՝ արտադրելով դիմադր լը։ Հիմնական ափսոսալի կէտը այն է, որ առաքելութիւնը չաւարտած եւ նոր ժամանակներու պայմաններով ապագայ մը կերտելու համար բաւարար ներուժով լրատուամիջոց մը այսքան խոցելի դարձած է թրքահայ իրականութեան մէջ։ Այնքան անպաշտպան դարձած է, որ եսակեդրոն ու եսապաշտ, կարճատես մարդիկ կը յաջողին խափանարարել անոր գործունէութիւնը՝ մսխելով անժամանակ եւ անժամանցելի արժէք մը։
Անոնք կը մերժեն այս հաստատութեան մեծ պաշարը։ Սա է դառն իրականութիւնը, որուն հետ հաշտուիլ թէեւ կարելի չէ, բայց անոր ակամայ են- թարկուելու վտանգը այսօր բաւական ուժով կը թակէ «Ժամանակի» դուռը։ Ուրեմն, հիմա մեզի կը մնայ երկու գլխաւոր հաստատում ընել։ Առաջին՝ որքան որ ալ վերջին անգամ ըլլալու հաւանականութիւնը բարձր ըլլայ, մեր պարտքը պէտք է հատուցենք պատմութեան առջեւ։ Տարեդարձի օրուան յուզումով՝ երանութեամբ կոգեկոչենք «Ժամանակի»յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը։ Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ա մենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ՝ վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար։ Մեր սրտի տրոփին մէջ են՝ Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն։ Կաղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան, Էպէօղ լու, Սարաֆեան եւ Երէցեան գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար։ Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիկ պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչային սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին լոյսով, բազուկին ուժով, աչքին լոյսով անխնայօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար։ Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը՝ արդէն 114 տարիէ ի վեր։ Երկրորդը՝ մեր պատասխանատուութիւնն է յաչս մեր ընթերցողներուն, միշտ անկեղծութեան ու թափանցիկութեան ոգիով։
Թերթիս վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը՝ այլեւս այստեղ պաշտօնապէս յայտարարուած ձեւով կը գործեն տագնապը մինչեւ վերջին պահը կառավարելի ու վերահսկելի պահելու վճռակամութեամբ։ Մեր որոնումները կը կեդրոնանան թերթիս տեսանելի ապագան կայունացնելու նպատակին վրայ, որպէսզի ապա հերթը գայ աւելի հեռահար նախաձեռնութիւններու։ Մեր ընթերցողներուն եւ համակիրներուն կոչ կ՚ուղղենք, որպէսզի իրենց հնարա- ւորութիւններով մասնակցին «Ժամանակի» համար զօրակցութիւն ապահովելու ուղղեալ շարժման։ Շօշափելի նորութիւններու կամ կարեւոր իրադարձութիւններու պարագային անպայման անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները կը տրուին մեր կողմէ։ Կը սիրենք յուսալ, թէ այս մղձաւանջը կը վերջանայ եւ բախտը կը ժպտի մեր երեսին։ Սա «Ժամանակի» վերջին խմբագրականը չէ ու ամէն ձեւով, մինչեւ վերջ, առանց վհատելու պիտի պայքարինք, որպէսզի չըլլայ նաեւ նախավերջինը։
Աստուած մեզ պահապան…