Գասպար Կարապետյանը ադրբեջանցի զոհված երեխային զոհվելը Ալիեւի անմարդկային վերաբերմունքի զոհն է համարում

Հայ դատի Եվրոպայի հանձնախմբի գրասենյակի նախագահ Գասպար Կարապետյանը գտնում է, որ ադրբեջանական գյուղում զոհված երեխան Ադրբեջանի կառավարության եւ Ալիեւի անմարդկային վերաբերմունքի զոհն է։ Այս մասին տեղեկացրին ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի հանձնախմբի գրասենյակից՝ հավելելով.

«Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը: 4 Յուլիսի յարձակումներու ընթացքին, ատրպէյճանական բանակը օգտագործածէ իր սեփական բնակչութիւնը որպէս մարդկային վահան, արձակելով իր հրթիռային հարուածները բնակեցուած գիւղի մը մօտակայքէն: իբր հետեւանք մահացած են 2 ատրպէյճանցի քաղաքացիներ որոնցմէ 2 տարեկան երախայ մը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան անդրադառնալով այս մասին նշեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել երկրի ներքին խնդիրներէն եւ մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան խախտումներէն դէպի Արցախի հակամարտութիւն:

«Պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ որ Ատրպէյճան կ’օգտագործէ իր բնակչութիւնը որպէս մարդկային վահան քարոզչական նպատակներ ունենալով: Բնականաբար դժբախտ երեւոյթ մըն է անմեղ երեխայի մը զոհուիլը, սակայն այս երեխան Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ Ալիեւի անմարդկային վերաբերմունքի զոհն է:

Նոյն վերաբերմունքին ականատես եղանք Ատրպէյճանական բանակի կողմէն Ապրիլեան հակամարտութեան ընթացքին գործադրուած պատերազմական ոճիրներուն, մասնաւորապէս Թալիշ գիւղի 90-ամյա հայ քաղաքացիներու մարմիններու խեղման եւ հայ զինուորներու «Իսլամական պետութեան» ոճով գլխատումներուն» ըսաւ Կարապետեան: Ան շարունակեց ընդգծելով՝ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կոչ ուղղած են դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ վերադառնալու բանակցային սեղանին շուրջ, սակայն այս մէկը անբաւարար է: Միսքի խմբակի պարտականութիւնն է նաեւ մատնանշել զինադադարը խախտող կողմը եւ դատապարտել զայն: Այս իմաստով հայկական կողմը պէտք է շարունակէ ճնշում բանեցնել Մինսքի խմբակի վրայ, մանաւանդ Սան Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի բանակցութիւններու ձեռք բերուած յառաջդիմութիւններու գործադրութեան համար»:

Կարապետեան եզրափակեց ըսելով «Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան հրապարակումէն անմիջապէս ետք Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը տեղեկացուց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն սահմանի վրայ Ատրպէյճանի կողմէն այս վերջին խախտումներուն մասին, ճշգրիտ բնոյթին մասին:

Եւ արդէն կարգ մը անդամներ հրապարակային ձեւով դատապարտած են Ազրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը»։

Տեսանյութեր

Լրահոս