Բաժիններ՝

«Ինչո՞ւ արգիլուեցաւ ինծի Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտք գործել». Բաց նամակ Գորիկ Հակոբյանին

Բաց նամակ ՀՀ ԿԱ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գորիկ Յակոբեանին

Յարգելի Պրն. Յակոբեան,

Այս տարուան Մայիս 21ին, առանց որեւէ հիմնաւորման, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ՝ հայրենիք մուտքս արգիլուեցաւ: Աւելի քան 12 ժամ օդակայանին մէջ զիս «բանտարկելէ» յետոյ, հակառակ կամքիս, Ձեր պաշտօնեաները զիս նոյն օդանաւով վերադարձուցին Փարիզ:

Զուարթնոցի տանջալից ժամերու ընթացքին անպատասխան մնացին իմ բոլոր հարցադրումներն ու արդարացի բողոքները: Միակ պատասխանը, որ տրուեցաւ Զուարթնոցի մէջ, անյարիր էր 21րդ դարու ժողովրդավարութեան բոլոր չափանիշներուն:

«Վերեւից հրաման կայ, Ձեր մուտքը Հայաստան արգելուած է» յայտարարեց ապահովութեան աշխատակիցը եւ ինծի ընկերակցեցաւ վերադարձի օդանաւ:

Մերժելով կամայական կամ թելադրուած որեւէ բռնարարք, որոշեցի կրկին ժամանել իմ թանկագին հայրենիք եւ Ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան տօները անցընել ընկերներուս եւ հարազատներուս հետ, հայրենի հողի վրայ:

2015 թուականի Մայիս 21ի անախորժ եւ մերժելի վիճակի կրկնութիւնը բացառելու համար կը փափաքիմ տեղեկանալ.

Ինչո՞ւ արգիլուեցաւ ինծի Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտք գործել:

Եթէ այդ արգելքը դեռ ի զօրու է, ի՞նչ է ատոր հիմքը:

Եթէ իմ դէմ սահմանուած այդ ապօրինի արգելքը արդէն վերցուած է, կը խնդրեմ գրաւոր տեղեկացնել, որպէսզի կարենամ գալ Մայր հայրենիք:

Հայրենիքը ինծի համար պաշտելի է, բայց կ՚ատեմ այն վարչակարգը, որ կ՚աւերէ Հայոց Հանրապետութիւնը եւ արիւնաքամ կ՚ընէ մեր ժողովուրդը:

Յարգանքներով` Jean Baptiste OZKIRISYAN
(Շանթ Ոսկերիչեան)
Ֆրանսա, Փարիզ, 23 Նոյեմբեր 2015 

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս