Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարանը Սուգի Օր Յայտարարած է (լուսանկար)
Yerakouyn.com-ի փոխանցմամբ՝ Դամասկոսի Պապ Շարքի քրիստոնէական թաղամասին մէջ նոյեմբեր 11-ին ռումբ ինկած է հայկական դպրոցին պատկանող փոխադրակառքին վրայ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Դամասկոս բնակող Նազարէթ Էլմաճեանը` աւելացնելով, որ հրասանդը ինկած է ազգային Սուրբ Թարգմանչաց ճեմարանի փոխադրակառքին վրայ, որ աշակերտներ կը տեղափոխէր: Կան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ըստ “Դամասկահայ լրատու” էջին՝ զոհերու շարքին է հայ աշակերտ մը, իսկ վիրաւորներուն մէջ կան քանի մը հայ աշակերտներ, որոնք հիւանդանոց փոխադրուած են՝ համապատասխան դարմանում ստանալու համար։
Տեղեկութիւններ կան նաեւ, որ այլ ռումբ մը ինկած է Քասսայի շրջանի արաբական ուղղափառ դպրոցին վրայ, որուն հետեւանքով ութ վիրաւորներ կան: Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանը նոյեմբեր 12-ը յայտարարած է սուգի օր՝ ի յարգանք Ազգային Սրբ Թարգմանչաց ճեմարանին պատահած տխուր դէպքին: