Հալեպահայ Վարդան Բոյաջյանը մեր օգնության կարիքն ունի
arevelk.am. Սուրիական պատերազմին ընթացքին, Հալէպի մէջ հայրական տունը կորսնցնելէ ետք, ընտանեօք Լիբանան, այնուհետեւ Հայաստան գաղթած Վարդան Պոյաճեանը արդէն 7 ամիս է` կը բնակի Երեւան, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի հիւրատան մէջ:
Հայաստանի մէջ աշխատանք չգտնելու պատճառով, կինը, 2 անչափահաս երեխաներուն հետ վերջերս վերադարձած է Լիբանան:
51-ամեայ Վարդանը ընտանիքի հետ չէ կրցած վերադառնալ Լիբանան, որովհետեւ Հալէպի մէջ իր մօտ յայտնաբերուած Hepatitis C արեան հիւանդութիւնը Հայաստանի մէջ գլուխ բարձրացուցած է: Հայաստանի բժիշկները խորհուրդ տուած են շտապ սկսիլ բուժման շրջանը, բայց Վարդան նախնական փուլի բուժման գումարը ( 2500 տոլար) չունի: Կ’ըսէ, որ Հալէպի մէջ արիւն յանձնած է վիրաւորներուն եւ վարակուած դժուար բուժելի համարուող Hepatitis C-ով:
Մեր հայրենակիցը մի քանի անգամ դիմած է սփիւռքի եւ առողջապահութեան նախարարութիւններ եւ պատասխան ստացած, որ հայաստանեան որեւէ հիւանդանոցի մէջ այդ հիւանդութեան անվճար բուժումը չկայ:
Մասնագիտութեամբ շինարար եւ հիւանդութեան պատճառով անաշխատունակ դարձած Պոյաճեան բուժման առաջին փուլը ընդունելէ ետք կ’ուզէ միանալ իր ընտանիքին: Ան կ’ըսէ, որ հոն գոնէ իր գիտցած երկու լեզուներով՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն, կրնայ աշխատանք գտնել:
Վարդան, իր ամէնօրեայ սնունդին համար յաճախ կը դիմէ եկեղեցւոյ հիւրատան: Իր ծախսերը հոգալու համար ալ կը վաճառէ Սուրիայէն իր հետ բերած մանր մունր կենցաղային իրերը:
Երեխաներու նկարներով ու խաղալիքներով զարդարուած երեւանեան չորս պատերուն մէջ Վարդան օրը կ’անցընէ Աստուծաշունչ կարդալով եւ ընտանիքին հետ հեռախօսով խօսելով: