Բաց նամակ ճատրակի վարպետ Լևոն Արոնեանին և ոչ միայն
Օտար աշխարհը մի հիւղ չի տայ քեզ,
Բայց ինչ պալատ էլ տայ արեւի տակ,
Թէ հայրենիքում մի խրճիթ չունես`
Մոռացուած որբ ես օտար լուսնի տակ:
Յ. Շիրազ
Սիրելի հայորդի,
Ցաւով իմացայ Հայրենիքէն հեռանալու եւ այլ երկրի մէջ ու անոր դրօշին տակ Ձեր ասպարէզը շարունակելու Ձեր որոշումին մասին, որ արդարացուցած էք հասկանալի բացատրութեամբ:
Առաջինը չէք դժբախտաբար նման որոշում մը առնելու մէջ: Ձեզի նախորդած են շատ մը այլ ազգային արժէքներ՝ գիտնականներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, եւայլն, որոնք իրենք ալ իրենց կարգին յուսախաբ իրենց օրուայ իշխանութիւններէն ու դժգոհ Հայրենիքի դիմագրաւած իրավիճակէն լքած են երկիրը:
Հասկնալով հանդերձ, որ անհատի դարն է այսօր եւ հաւաքական շահը դադրած է առաջնահերթութիւն դառնալէ, կ՛ուզեմ կարծել, որ այս տրամաբանութիւնը աւելի յատուկ է շարքային մարդու եւ ոչ ազգային արժէքի մը ինչպէս, որ Դուք եւ Ձեր նմաններն են: Թոյլ տուէք որպէս Ձեր սրտցաւ հայրենակիցը խորհուրդ տալ Ձեզի հրաժարիլ Ձեր որոշումէն շատ մը պատճառներով:
Դուք շատոնց արդէն սոսկ Լեւոն Գրիգորի Արոնեանը չէք: Ազգային արժէք մըն էք, Հայ ժողովուրդին պարծանքը եւ նոր սերունդին ներշնչումին աղբիւրներէն մին: Դուք եւ Ձեր նմանները պատասխանատուութիւն ունիք այս առումով: Ես լաւ կը հասկնամ Ձեր յուսախաբութիւնն ու զայրոյթը հանդէպ Հայրենիքի այսօրուայ իրավիճակին ու անոր պատճառ հանդիսացողներուն:
Սակայն, որպէս Ձեր երէց եղբայրը կ՛ուզեմ Ձեզի յիշեցնել, որ չկայ մնայուն իշխանութիւն կամ վարչակարգ: Կայ ու կը մնայ Հայրենիքը, որ մնայուն ու գերագոյն արժէք է, որուն համար կ՛արժէ ամէն զոհողութիւն: Միշտ յիշենք, որ ինչպէս Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ ընթացքին՝ նաեւ տակաւին վերջերս, հազարաւոր խոստմնալից Հայ երիտասարդներ զոհեցին իրենց ամենաթանկագին բանը՝ կեանքը, յանուն այն գերագոյն արժէքին, որ կը կոչուի Հայրենիք: Մենք պարտական ենք իրենց, նուազագոյնը՝ չլքելու այն հողը, որուն համար անոնք զոհուեցան:
Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ եղած ենք դէպքեր, ուր մեծանուն մարդիկ լքած են Հայաստանը, աւելի լաւ պայմաններով հանգիստ կեանք մը ունենալու եւ իրենց ասպարէզը շարունակելու աշխարհի տարբեր անդաստաններուն մէջ: Պատահած է նաեւ հակառակը. այլ երկիրներու մէջ հանգստաւէտ ու լաւ պայմաններու մէջ ապրող հայորդիներ ձգած են այդ երկիրները վերադառնալու Հայրենիք: Վկայ՝ Մոնթէ Մելքոնեանը:
Վկայ՝ Ալեքսանդր Թամանեանը, որ Ա. Միասնիկեան մեծ հայուն քաջալերանքով հրաժարած է այլ երկրի մէջ մեծապէս գնահատուած ճարտարապետի իր հանգամանքէն ու հանգստաւէտ կեանքէն՝ եկած է Հայաստան, հանդիսանալու հայ նոր ճարտարապետութեան հիմնադիրը՝ մեր մայրաքաղաք Երեւանի հոյակապ նախագիծին անզուգական ճարտարապետը: Դո՛ւք հիմա ըրէք համեմատականը, աւելի լաւ պայմաններով ապրելու ու գործելու համար պատմութեան մէջ Հայրենիքը լքած մարդոց եւ այստեղ նշուած վերջին անուններուն միջեւ..: Ո՞վ այսօր կը յիշէ վերը նշուած մարդոց անունները կամ ինչպէ՞ս կ՛որակէ անոնց: Համեմատեցէք այս փաստը վերջիններուն փառքին հետ եւ Դուք դատեցէք:
Սիրելի Լեւոն Արոնեան,
Սոյն նամակով կ՛ուզեմ նաեւ Ձեզի եւ նմանօրինակ որոշում առնող իմ հոգեհարազատ եղբայրներուն յիշեցնել, ատենին արտասանուած Ձեր իսկ խօսքը երբ կ՛ապրէիք Գերմանիա սակայն Ձեր ասպարէզով կը ներկայացնէիք Հայաստանը. «Գերմանիայում ինձ լաւ եմ զգում, սակայն… դա իմ հայրենիքը չէ»…։
Սոյն բաց նամակով սրտագին իմ կոչս է այսօր Ձեզի եւ ոչ միայն, Հայրենիքը ամէն բանէ վեր սեպելով հաւատալ, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող պատմական թիւրիմացութիւն հանդիսացող այսօրուայ անհեթեթ երեւոյթը անպայման պիտի չքանայ: Պիտի մնաք Դուք եւ Ձեր նմանները, որպէս պարծանքը Հայ ազգին ու Հայրենիքին: Արժանի եղէք այս բանին ու լաւագոյն օրինակը մեր սերունդներուն որոնք կան ու տակաւին պիտի գան:
Միշտ սիրով՝ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ