
Փոքրիկն Լինը նախագահ Աունին՝ «դուն բոլորին հայրն ես»

«Հէմոֆիլիա» հիւանդութեան միջազգային օրուան առթիւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն եւ առաջին տիկին Քլոտին Աուն Պաապտայի պալատին մէջ հիւրընկալած են «հէմոֆիլիա» հիւանդութեամբ տառապող խումբ մը մանուկներ, անոնց բուժմամբ զբաղող հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բժիշկներ: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ Նահար» պարբերականը:
Ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Աուն նշած է, որ կառավարութիւնը պէտք է մօտէն զբաղուի դժուար բուժելի հիւանդութիւններով, որոնցմէ է «հէմոֆիլիա»ն: Նախագահը յայտնած է նաեւ, որ պիտի դիմէ Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն դուրս գործող առողջապահական մարմիններուն, որպէսզի այս հիւանդութեան բուժման միջոցներ հայթայթեն թէ’ մեծերու, թէ’ երեխաներու համար:
Հանդիպման ընթացքին «հէմոֆիլիա» հիւանդութեամբ տառապող մանուկներէն մէկը՝ Լին իր սրտագին խօսքը ուղղելով «Նախագահ Պապիկ»ին խնդրած է ուշադիր ըլլալ իր եւ ընկերներուն հանդէպ՝ «որովհետեւ դուն բոլորին հայրն ես ու բոլորին մեծ հայրը… Աստուած քեզ փրկէ եւ մեր գլխէն անպակաս մնաս, որպէսզի մեզ խնամես»:
Իր խօսքը արտասանած պահուն փոքրիկը չէ կրցած թաքցնել իր յուզումն ու սկսած է լալ, որմէ ետք Աուն գրկելով զինք վստահեցուցած է, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի գործադրէ, որպէսզի Լին եւ իր ընկերները բուժուին:
Լին, որպէս նուէր, Աունին նուիրած է իր ձեռքով նկարած գեղեցիկ նկար մը:
https://www.facebook.com/MichelAoun/videos/1492059090864819/