Բաժիններ՝

Հրթիռներ Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանի վրա. Վիրվորվել է Ավետիս Պարսումյանը

Հրթիռներ ինկած են Դամասկոսի կեդրոնական համարուող շրջաններու վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն:

Կայքի  աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ երէկ ընդդիմադիր զինեալներու թիրախ դարձած են Դամասկոսի «Ալ Քասսահ» եւ «Պապ Թումա» շրջանները, ուր հրթիռարձկումներուն հետեւանքով վիրաւորուած են տասնեակ քաղաքացիներ: Կայքի տեղեկութիւններով, վիրաւորուած է նաեւ դամասկահայ Աւետիս Պարսումեանը, որ փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ենթարկուած է վիրաբուժութեան:

Պարսումեանին վիճակը կը գնահատուի կայուն: Կայքի  աղբիւրը նոյնպէս փոխանցեց, որ մայրաքաղաքի մօտիկ եղող հատուածներուն մէջ գրացուած են ծանր բախումներ ու հրթիռներուն պայթումներու ձայնը լսելի դարձած է ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ:

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս