Հալեպում 16-ամյա տղա է զոհվել
                                    Հալէպի մէջ զոհուած է Գրիգոր Մինասեան անունով պատանի մը: Այս մասին լուրը ստացանք «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրէն: Կայքի աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, թէ երէկ գիշեր Հալէպի մէջ եղած կրակոցներու ատեն Մինասեան անյայտ փամփուշտ մը ստանալով զոհուած է իրենց բնակարանին մէջ: 16-ամեայ պատանիին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին այսօր Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք,որ երէկ գիշեր Թուրքիոյ մէջ եղած դէպքերուն զուգահեռ Հալէպի ամբողջ շրջաններուն մէջ կրակոցներ գրանցուած էին:
 
 
 
 
                                    
                        
                        
                        
                        
                        
                                    
                                    
                                    
                                    
                                    
                                    
                                    
                                    