Լիբանանում ՀՀ դեսպանն այցելել է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
                                    Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Լիբանանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու Կովկասի մէջ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
 
 
 
 
                                    
                        
                        
                        
                        
                        
                                    
                                    
                                    
                                    
                                    
                                    
                                    
                                    