Բաժիններ՝

Քրիստոս ի՛նքն է եթէ-ներուդ պատասխանը

Եթէ երբեք սիրտիդ մէջ կը զգաս դատարկութիւն մը եւ կուզես լեցնել զանիկա, եկո՛ւր Աստուծոյ, որ օր մը յայտարարեց. «Միթէ երկինքն ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ» (Եր․ 23.24)։ Երկինքն ու երկիրը լեցնողը քե՛զ ալ կրնայ լեցնել։ Աստուած պիտի չպարպուի եթէ քեզ լեցնէ։ Աստուած պիտի չաղքատանայ եթէ քեզի տայ։ Բա՛ց ձեռքերդ Աստուծոյ առջեւ եւ Աստուած զանոնք առատութեամբ պիտի լեցնէ (Յոբ 12.6)։ Բա՛ց բերանդ Աստուծոյ առջեւ եւ Աստուած զանիկա ամբողջութեամբ պիտի լեցնէ (Սղ․ 81.10)։ Բա՛ց սիրտդ Աստուծոյ առջեւ եւ Աստուած զանիկա իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ արիութեամբ պիտի ողողէ (Միք․ 3.8)։

Եթէ հոգեւոր ծարաւ մը ունիս եւ կուզես զանիկա յագեցնել, եկո՛ւր Անոր որ ըսաւ. «Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ», եւ ան «կենսատու ջուրի գետեր» պիտի բղխեցնէ սիրտէդ (Յհ․ 7.37-38)։ Քրիստոսի եկող մարդը կը նմանի առատահոս գետի մը ափին տնկուած ծառի մը, որ առատօրէն եւ մնայուն կերպով կոռոգուի։ Քրիստոս իրեն դարձող մարդը պիտի «առաջնորդէ կեանքի աղբիւրի կենսատու ջուրին» (Յյտ․ 7.17), պիտի առաջնորդէ «հանդարտ ջուրերու քով» (Սղ․ 23.2)։ Չնմանի՛նք  անոնց,  որոնք  կը  թողուն  կեանքի  ջուրին  աղբիւրը՝ զԱստուած, եւ իրենց համար գուբեր կը փորեն, ծակոտ գուբեր, որոնք չեն կրնար ջուր պահել իրենց մէջ (Եր․ 2.13)։

Եթէ անօթի ես եւ կշտանալ կը ցանկաս, եկո՛ւր Անոր որ ինքզինք ներկայացուց իբրեւ «կեանքի հացը» (Յհ․ 6.48), անոր, որ քեզի հետ միասին ընթրել կուզէ. «Անոր հետ պիտի ընթրեմ, ան ալ՝ ինծի հետ» (Յյտ․ 3.20)։ Մի՛ իյնար սովորական հացին ետեւէն միայն, այլ միաժամանակ հետապնդէ ա՛յն Հացը, որ կեանք կու տայ քեզի եւ համայն աշխարհին (Յհ․ 6.51)։ Նիւթական հաց խնդրելէդ առաջ, նախ խնդրէ որ Աստուծոյ  արքայութիւնը  գայ  եւ  աշխատէ  իր  կամքը  կատարել,  եւ Աստուած նիւթական հացը աւելիով պիտի տայ քեզի (Մտ․ 6.33)։

Եթէ մեղքը սգաւոր դարձուցած է քեզ, եկո՛ւր անոր, որ կըսէ. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ» (Ես․ 51.12)։ Աստուծմէ զատ ո՛չ ոք կրնայ մեղքի պատճառած սուգը փարատել, ո՛չ ոք կրնայ կոտրած սիրտը բժշկել։ Աստուած ի՛նքն է որ «սիրտով կոտրածները կը բշժկէ» (Սղ․ 147.3)։

Կարդացեք նաև

Աստուած ի՛նքն է «որ բոլոր իյնալու վրայ եղողները կը կանգնեցնէ» (Սղ․ 145.14)։ Ի՛նքն է «որ կը մխիթարէ սրտաբեկները» (Բ.Կր․ 7.6)։ Ի՛նքն է որ կազատէ (Սղ․ 50.15, Բ.Օր․ 20.4, Կղ․ 1.13)։ Ի՛նքն է որ «ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Ես․ 25.8 Հմմտ․ Յյտ․ 7.17, 21.4)։ Ի՛նքն է որ մեր վէրքերը կը փաթթէ (Ովս․ 6.1, Յոբ 5.18)։ Ի՛նքն է որ մեր հոգին կը սիրէ եւ մեզ ապականութեան գուբէն կը փրկէ եւ մեր բոլոր մեղքերը իր կռնակին ետեւ կը նետէ (Ես․ 38.17)։

Եթէ կը տառապիս եւ քեզ հասկցող մը կը փնտռես, դիմէ՛ Աստուծոյ որ սիրտիդ մէջի եղածը գիտէ ու քեզ շատ լաւ կը հասկնայ (Առ․ 24.12)։

Միթէ կարելի՞ բան է որ քեզ ստեղծողը քեզ չգիտնայ ու չհասկնայ (Ես․ 29.16)։ Քեզ հասկցողը միայն քեզի կրնայ օգնել։ Կեանքի ի՛նչ պայմաններէ ալ անցնիս, մէկ բան շատ լաւ գիտցիր, որ Քրիստոս ի՛նքն ալ նոյն եւ աւելի ծանր պայմաններէ անցաւ. Քրիստոս աղքատութիւն ալ տեսաւ, անօթութիւն ալ տեսաւ, հալածանքներու հանդիպեցաւ, մերժուեցաւ,  վտարուեցաւ,  դատուեցաւ,  ծաղրուեցաւ,  ծեծուեցաւ, ապտակուեցաւ, նախատուեցաւ, անարգուեցաւ եւ այս բոլորէն ետք, խաչին վրայ գամուեցաւ եւ իր մահկանացուն կնքեց։ Քանի որ Տէրը այս բոլորէն անցաւ, եւ քանի որ «չարչարուելով փորձուեցաւ, կրնայ օգնել փորձութեան մէջ եղողներուն» (Եբր․ 2.18)։

Եթէ իրաւազրկուած ես ու չես կրնար բողոքել, հարստահարուած ես ու չես կրնար ձայնդ լսելի դարձնել, եթէ դատդ պաշտպանող մը կորոնես ու չես գտներ, յիշէ որ Աստուած խոստացած է այդ պաշտպանութիւնը ըսելով. «Ահա ես քու դատիդ պաշտպան պիտի կանգնիմ» (Եր․ 51.36)։

Դատդ չես կորսնցներ երբ Դատաւորը ի՛նքն է դատիդ ջատագովը (Եր․ 50.34)։ Աստուծոյ ամենակարողութիւնը քու յաղթանակիդ գրաւականն է։ Եթէ կը փնտռես անկեղծ բարեկամ մը, ճշմարիտ ընկեր մը, քեզ ամբողջ իր սիրտով սիրող մը, եւ քեզի համար մեռնելու պատրաստ եղող մը, Քրիստոսէ զատ ուրիշ ո՛չ ոքի կրնաս երթալ։ Քրիստոս քու բարեկամդ է (Յհ․ 15.14), քու եղբայրդ է (Եբր․ 2.11-12), քեզ իր անձին պէս սիրողն է (Յհ․ 13.34), քեզի համար զոհուողն է (Յհ․ 15.13, Հռ 5.8), քու հայրդ է (Եբր․ 2.13), քու Փրկիչդ է (Յհ․ 4.42, Բ.Տմ․ 1.10, Տիտ․ 3.6), քու առաջնորդդ է (Գրծ․ 5.31), քու Աստուածդ է (Տիտ․ 2.13) եւ քեզի սպասողն է. «Ահա ես դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ»։

Ի վերջոյ, եթէ կը փափաքիս որ սէրդ Աստուծոյ եւ նմանիդ հանդէպ աճի, լայնօրէն բա՛ց սիրտդ Քրիստոսի սիրոյն առջեւ, որպէսզի Քրիստոս բնակի սիրտիդ մէջ եւ հոն բորբոքէ կատարեալ աստուածսիրութեան ու կատարեալ մարդասիրութեան հուրը։ Եթէ Քրիստոս դառնայ բնակիչը սիրտիդ, հոնկէ ուրիշ բան չի կրնար բղխիլ եթէ ոչ սէր ու սրբութիւն, գութ ու կարեկցութիւն։ Քրիստոս իր սիրտին նման սի՛րտ կու տայ քեզի եւ իր հոգիին նման հոգի՛ կու տայ քեզի, եթէ երբեք սիրտդ բանաս իր առջեւ եւ զինք հրաւիրես որ իր կեանքը ապրի կեանքիդ մէջ։

Քրիստոս որ սիրտիդ բացուիլը կուզէ, բնա՛ւ իր սիրտը պիտի չփակէ առջեւդ։ Քու մեղքերդ պատճառ պիտի չըլլան որ ան քեզ մերժէ իր սիրտին մէջ ընդունիլ։ «Ինծի եկողը պիտի չմերժեմ» (Յհ․ 6.37)։ Ասիկա իր խոստումն է քեզի։ Ան «իր խոստումներուն հաւատարիմ է» (Ա.Պտ․ 4.19)։

Ան մեղքերդ պիտի չշարէ աչքերուդ դիմաց երբ իրեն դառնաս։ Ի՛նք որ քու մեղքերուդ համար վիրաւորուեցաւ (Ես․ 53.5), քեզ պիտի չվիրաւորէ քու մեղքերուդ համար։ Ան քու մեղքերդ իր կրնակին ետեւ պիտի նետէ (Ես․ 38.17), զանոնք ամպի պէս պիտի փարատէ (Ես․ 44.22) եւ ալ բնա՛ւ զանոնք պիտի չյիշէ (Եզ․ 18.22)։ Ան մեղաւորդ յիշող բայց մեղքդ մոռցող Աստուած է։ Փա՜ռք իրեն, յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան

«Բա՛ց դուռը սրտիդ, Յիսուս կը սպասէ» գրքից

surbzoravor.am

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս