
Արամ Ա կաթողիկոսը շնորհավորել է Սիրիայի նախագահին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհավորել է Սիրիայի նախագահ Ահմադ ալ-Շարաային: Հայտնում են Կիլիոկիայի կաթողիկոսարանից:
«Սուրիոյ նորընտիր նախագահին ուղղած իր նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Սուրիոյ հայութեան եւ անձնապէս, շնորհաւորեց զինք՝ մաղթելով, որ անոր իմաստուն ղեկավարութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը կը բացուի Սուրիոյ պատմութեան մէջ:
Ապա, Հայրապետը յիշեցուց նախագահին, թէ «Սուրիոյ ժողովուրդը, իր բոլոր համայնքներով, անցաւ անհամար դժուարութիւններէ ու ծանր տագնապներէ, սակայն տոկաց՝ զինուած ըլլալով համբերութեամբ, եւ յուսալով, որ երկրին մէջ պիտի տիրէ արդարութիւն ու հաւասարութիւն, ինչպէս նաեւ պիտի յարգուին Սուրիոյ բոլոր զաւակներուն իրաւունքները, առանց խտրութեան»:
Իր նամակի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յաջողութիւն մաղթեց նախագահ Ահմատ Ալ-Շարհին»: