Բաժիններ՝

Արամ Աթեշյանը հրաժարական է տվել Պոլսո Հայոց պատրիարքական փոխանորդի պաշտոնից

Պոլսո Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշյանը հրաժարական է տվել: Այս մասին «Արմենպրես»­-ին ասաց Ստամբուլի հայկական «Ակոս» պարբերականի հայերեն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էստուկյանը:

Հրաժարականի մասին Աթեշյանը հայտարարել է պատրիարքարանում հրավիրած հանդիպման ժամանակ: Ակնկալվում է, որ մոտ ժամերի ընթացքում այս մասին պատրիարքարանը հանդես կգա հատուկ հայտարարությամբ:

Պոլսո Հայոց պատրիարքարանում մարտի 15-­ին գումարված հոգևորականների ժողովը պատրիարքական տեղապահ էր ընտրել Գերմանիայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Բեքչյանին:

Աթեշյանը, սակայն, ընտրությունների արդյունքների հրապարակումից անմիջապես հետո ներկայացրել էր նահանգապետարանից ստացված գրությունը, որն իրավաբանորեն անհնար է համարում պատրիարքական ընտրությունների գործընթացի մեկնարկը:

Նա հրաժարվել էր հեռանալ պատրիարքական փոխանորդի պաշտոնից՝ ասելով, որ թուրքական իշխանություններն իբրև պատրիարքարանի պաշտոնական ներկայացուցիչ միայն իրեն են ճանաչում:

Հայտարարության մեջ ասված է.

ՅԱՅ­ՏԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ

Մե­րազն հա­մայն­քի սի­րե­ցեալ բա­րե­պաշտ զա­ւակ­ներ,

Մեր դա­րա­ւոր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի առ­կայ ա­նե­լը Ձե­զի ծա­նօթ է բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։ 15 Մարտ 2017 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նա­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վէն վերջ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան կող­մէ Պատ­րիար­քա­րան ու­ղար­կուած պաշ­տօ­նա­գի­րը ա­կա­մայ ընդ­հա­տած էր պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու գոր­ծըն­թա­ցին բնա­կա­նոն եր­թը։ Այդ պաշ­տօ­նագ­րի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ ան­ցեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին շա­րու­նա­կե­ցինք մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ որ­պէս ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ։

Հան­րա­պե­տու­թեան Վսե­մա­շուք Նա­խա­գահ Տիար Ռ. Թ. Էր­տո­ղան ներ­կայ տա­րե­մու­տին մեր հա­մայն­քին փո­խան­ցած էր իր պատ­գա­մը՝ որ­պէս­զի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար սպա­սենք մին­չեւ 16 Ապ­րիլ 2017 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նա­ցած հան­րա­քուէին։ Ըն­թաց­քին դժուար թէ նոր կար­գադ­րու­թիւն մը ըլ­լար պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Մենք ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի մեր պաշ­տօ­նը տե­ւա­կա­նա­ցու­ցինք՝ հա­շուի առ­նե­լով, ըստ էու­թեան, եր­կու հան­գա­մանք։ Ա­ռա­ջի­նը այն էր, որ յաչս պե­տու­թեան Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ան­տէր ու անգ­լուխ չէր կրնար մնալ։ Երկ­րորդ պա­րա­գան այն էր, որ ա­ռանց պե­տու­թեան հետ ներ­դաշ­նա­կու­թեան չէինք կրնար գործ­նա­կա­նօ­րէն ձեռ­նար­կել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան։ Այս եր­կու ստի­պո­ղա­կան պա­րա­գա­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով՝ ցայ­սօր սպա­սե­ցինք, որ­պէս­զի մեր Պատ­րիար­քու­թեան կա­յու­նու­թիւ­նը չեն­թար­կուի վտան­գի եւ այս ճա­նա­պար­հին յանձն ա­ռինք բա­զում զո­հո­ղու­թիւն­ներ, դի­մադ­րե­ցինք բո­ղոք­նե­րու, մա­նա­ւանդ մե­զի դէմ դի­տում­նա­ւոր կազ­մա­կեր­պուած մա­շե­ցու­ցիչ ար­շաւ­նե­րու։ Այդ բո­լո­րը ան­տե­սե­ցինք՝ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գե­րա­գոյն եւ ան­սա­կար­կե­լի շա­հե­րը գե­րա­դա­սե­լով։ Հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցինք նաեւ մեր Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ կարգ ու կա­նո­նաց՝ հա­կա­ռակ այն պնդում­նե­րուն, թէ ար­հա­մար­հած ենք զա­նոնք։

Ներ­կա­յիս ա­ւե­լի քան ա­միս մը ան­ցած է այն հան­րա­քուէէն ի վեր, որ գործ­նա­կա­նին մէջ ժամ­կէ­տա­յին սահ­մա­նի մը վե­րա­ծուած էր պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար։ Այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին շա­րու­նա­կած ենք մեր ջան­քե­րը՝ ընտ­րու­թեան յար­մար գե­տին պատ­րաս­տե­լու, այս ուղ­ղու­թեամբ նուա­զա­գոյն ե­րաշ­խիք­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար։ Մեր հա­մո­զու­մը այն է, որ այս պա­հուն այ­լեւս ու­նինք տար­րա­կան պայ­ման­ներ, յար­մար գե­տին մը եւ այս բո­լո­րով կրնանք կեդ­րո­նա­նալ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու նպա­տա­կին վրայ։

Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով յայտ­նած ենք, որ ճանչ­ցած ենք ու կը ճանչ­նանք մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ Գե­րաշ­նորհ Տ. Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս Պեք­ճեա­նի հան­գա­ման­քը՝ որ­պէս տե­ղա­պահ։ Ըն­թաց­քին ո­րոշ շրջա­նակ­նե­րու տխուր ջան­քե­րով ստեղ­ծուած է այն թիւր տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ մեր եր­կու­քին մի­ջեւ կան պայ­քար, մրցակ­ցու­թիւն եւ հա­կադ­րու­թիւն։ Պէտք է խոս­տո­վա­նինք նաեւ, որ ի­րե­րա­մերժ բարդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նով մեր վա­րած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ա­կա­մայ մեզ սահ­մա­նա­փա­կած է՝ այդ թիւր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու ճա­նա­պար­հին։

Այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով կու գանք ուղ­ղա­կիօ­րէն տե­ղե­կաց­նել, որ մեր կող­մէ ար­դէն հրա­ւէր-նա­մակ մը ուղ­ղուած է Գե­րաշ­նորհ Տ. Գա­րե­գին Ար­քե­պիս­կո­պոս Պեք­ճեա­նին։ Հա­մո­զուած ենք, որ բա­ւա­րար շա­բաթ­ներ բո­լո­րած ենք՝ որ­պէս մի­ջան­կեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջան։ Մեր հա­մայն­քը ու­նի անհ­րա­ժեշտ ազ­դան­շան­նե­րը՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն սկսե­լու հա­մար։ Ուս­տի, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը եղ­բայ­րա­բար հրա­ւի­րած ենք Պո­լիս՝ որ­պէս­զի այ­լեւս ժամ ա­ռաջ կազ­մուի նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մին մը եւ ինքն ալ՝ որ­պէս տե­ղա­պահ, գլխա­ւո­րէ նա­խընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը։ Այս քայ­լը առ­նե­լու հա­մար պէտք է սպա­սէինք ճի՛շդ տե­ղին ու ճի՛շդ ժա­մա­նա­կին։ Նպա­տա­կա­յար­մար պա­հը այժմ հա­սած է ար­դէն։

Երբ որ վե­րա­հա­սու դառ­նանք իր ժա­ման­ման թուա­կա­նին ու ժա­մուն, ա­պա մենք այս­տեղ պատ­շաճ կար­գադ­րու­թիւն­ներ պի­տի ը­նենք օ­դա­կա­յա­նէն իր դի­մա­ւոր­ման, «Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թեամբ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր Ե­կե­ղե­ցի մուտ­քին եւ ուխ­տի կա­տար­ման հա­մար։

Վստահ կրնաք ըլ­լալ, թէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Տե­ղա­պահ Սրբա­զան Հայ­րը մեր ան­ձին մէջ պի­տի գտնէ ան­կեղծ ու պատ­րաս­տա­կամ հո­գե­ւոր եղ­բայր մը, գոր­ծա­կից մը, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի լու­ծը վեր­ջին շուրջ տա­սը տա­րի­նե­րուն կրած ըլ­լա­լու փոր­ձա­ռու­թեամբ միշտ ի­րեն պի­տի զօ­րակ­ցի՝ որ­պէս­զի մեր Ա­թո­ռը այ­լեւս ժամ ա­ռաջ ու­նե­նայ իր նոր ազ­գըն­տիր գա­հա­կա­լը։ Վստահ ենք նաեւ, թէ մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դասն ու աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­ներն ալ պի­տի հա­մախմ­բուին Տե­ղա­պահ Սրբա­զան Հօր շուրջ՝ մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն յա­րիր ձե­ւով պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն մը փու­թով կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տա­կով։ Աս­տու­ծոյ կամ­քով ու ո­ղոր­մու­թեամբ, միաս­նա­կա­նու­թեամբ մենք կը յա­ջո­ղինք յաղ­թա­հա­րել բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ պատ­մու­թեան այս փու­լին մե­զի վի­ճա­կած ծանր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ՝ մեր Ա­թոռն ու սի­րե­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը կ՚ա­ռաջ­նոր­դենք դէ­պի խա­ղաղ նա­ւա­հան­գիստ ու մեր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը կը վե­րագտ­նէ իր բնա­կա­նոն հու­նը։

Այս բո­լո­րէն տե­ղեակ պա­հած ենք նաեւ Ազ­գիս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Սրբազ­նա­գոյն Կա­թո­ղի­կո­սը, որ մեզ­մէ եր­բեք չի զլա­նար Իր ա­ղօթքն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը՝ որ­պէս գլուխն Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ։

Միշտ ա­ղօ­թող կը մնանք մեր սի­րե­լի հանգս­տեան կո­չուած պատ­րիար­քին՝ Ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. Մես­րոպ Ար­քե­պիս­կո­պոս Մու­թա­ֆեա­նի հա­մար։ Մենք նուի­րա­կան ա­ւանդ մը կը հա­մա­րենք իր կող­մէ մե­զի վստա­հուած լու­սա­րա­րա­պե­տի պաշ­տօ­նը, զոր յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի շա­րու­նա­կենք վա­րել՝ զօ­րակ­ցե­լով Տե­ղա­պահ Սրբա­զան Հօր։

Վեր­ջին շուրջ տա­սը տա­րուան ըն­թաց­քին մեր ստանձ­նած ա­ռա­քե­լու­թեան կեն­սա­գործ­ման ճա­նա­պար­հին մե­զի հա­մար միշտ զգա­լի ե­ղած է մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին բա­րո­յա­կան նե­ցուկն ու ա­ղօ­թակ­ցու­թիւ­նը։ Որ­քան որ ալ բո­լո­րած ըլ­լանք ա­լե­կո­ծեալ շրջան մը՝ կը փա­փա­քինք ընդգ­ծել, որ դառ­նու­թիւն կամ սրտնե­ղու­թիւն չու­նինք ոե­ւէ մէ­կուն դէմ եւ մեր հա­մայն­քի իւ­րա­քան­չիւր զաւ­կին նկատ­մամբ տո­գո­րուած ենք սի­րոյ, յար­գան­քի եւ հա­րա­զա­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով։ Մենք պատ­րաստ ենք թէ՛ Բարձ­րեալն Աս­տու­ծոյ եւ թէ պատ­մու­թեան դա­տաս­տա­նին ներ­կա­յա­նա­լու՝ մեր հա­մեստ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու նե­րած չա­փով ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Մեր կոչն է հա­մախմ­բուիլ Տե­ղա­պահ Սրբա­զան Հօր շուրջ եւ ջանք ու ե­ռանդ չխնա­յել՝ ժամ ա­ռաջ մեր Ա­թո­ռի նոր գա­հա­կա­լը ող­ջու­նե­լու ճա­նա­պար­հին։ Ի­րեն այժ­մէն կը մաղ­թենք բա­րի գա­լուստ, յա­ջո­ղու­թիւն, ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն՝ ի պայ­ծա­ռու­թիւն եւ յան­սա­սա­նու­թիւն մեր դա­րա­ւոր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին։

Հայ­րա­կան սի­րով եւ օրհ­նու­թեամբ՝

Ա­ՐԱՄ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ Ա­ԹԷ­ՇԵԱՆ
Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նո­րդ

Բաժիններ՝

Տեսանյութեր

Լրահոս