Արամ Ա. Կաթողիկոսն Իրանից ուղևորվել է ԱՄԷ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Թեհրանի Հայոց թեմ կատարած իր հովվապետական այցի ավարտից հետո դեկտեմբերի 21ի երեկոյան ժամանել է Արաբական Միացյան Էմիրություններ` Դուբայ:
«Թեհրանի Հայոց Թեմ կատարած իր հովուապետական այցելութեան աւարտին, Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2016ի երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Տուպայ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունելու եկած էին Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Տիար Հրայր Սողոմոնեանի ու ազգայիններու:
Վեհափառ Հայրապետը օդակայանին մէջ ունեցած կարճատեւ հանդիպումէն ետք Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին հետ ուղղուեցաւ դէպի Ապու Տապի: Ապու Տապիի մէջ Ազգային Վարչութեան եւ Երեսփոխանական ժողովի անդամներուն եւ բարերարներուն հետ Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային ընթրիք մը ունեցաւ որուն ընթացքին արժեւորումի ենթարկուեցաւ Ազգային Իշխանութեան աշխատանքները,
ինչպէս նաեւ եկեղեցի, դպրոց ու ժողովուրդ փոխյարաբերութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց զանազան ծրագիրներու ու աշխատանքներու ճամբով երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքելու կարեւորութիւնը: «Ազգային Առաջնորդարանով, Եկեղեցիով, Ազգային Վարժարանով ու յարակից լայն կարելիութիւններով օժտուած ԱզգայինԵկեղեցական համալիրը պէտք է լեցնել ու իմաստաւորել մեր ժողովուրդի ներկայութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը, ու նոյն գիշեր վերադարձաւ Տուպայ:
Յայտնենք, որ 12 Դեկտեմբեր 2014ին Ապու Տապիի մէջ Սուրբ Նահատակաց նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը կատարած էր Վեհափառ Հայրապետը եւ 16 Մայիս 2016ին եկեղեցւոյ կողքին Արա Խանոյեան Ազգային Վարժարանի բացումը կատարած:
Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետին եւ այլ պատասխանատուներու հետ ընդհանրապէս Թեմը յուզող հարցերու ու ծրագրուած աշխատանքներու ու յատկապէս Տուպայի, Շարժայի եւ Քաթարի հայութեան առնչուած աշխատանքներու ու ծրագիրներու մասին:
Ուրբաթ առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց Ս. եւ Անմահ պատարագին եւ իր պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան: Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանին, որ նուիրումով լծուած է Թեմի ծառայութեան: Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան խորհուրդով լեցուն ներկայ օրերուն, շեշտեց Աստուծոյ դառնալու եւ Անոր ներկայութիւնը ապրելու, Քրիստոսի ճամբով Աստուծոյ պատուէրներուն հաւատարիմ մնալու հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աստուած իր յայտնութեան ու մանաւանդ իր Միածին Որդւոյն Մարդեղութեան
ճամբով մեզի հետ եղաւ, եւ մեզի ցոյց տուաւ փրկութեան ճամբան: Արդեօք մենք Աստուծոյ հե՞տ ենք մեր կեանքի որակով, մեր ծառայութեամբ, մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին մեր ամուր կապուածութեամբ. հաւատարի՞մ ենք քրիստոնէական արժէքներուն ու աւանդութիւններուն»:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ կարիքաւորներու օգտակար դառնալու, եկեղեցւոյ, դպրոցի, գաղութին ու Հայրենիքի աշխատանքներուն մասնակից դառնալու, անոնց ծրագիրներուն օգտակար դառնալու անհրաժեշտութեան:
Ս. եւ Անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Ապա Վեհափառ Հայրապետը կարճ այցելութիւն մը տուաւ եկեղեցւոյ կից գտնուող Ազգային Օհաննէսեան Վարժարան, ուր տեղի կ’ունենար յիշեալ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած Նոր Տարուայ տօնակատարութիւնը:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծումը, ինչպէս նաեւ Ազգային Օհաննէսեան Վարժարանի բացումը կատարած էր 1998 թուականին:
Նոյն երեկոյեան ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հրայր Եւ Մակի Սողոմոնեաններ ճաշկերոյթով պատուեցին Վեհափառ Հայրապետը, որուն ներկայ գտնուեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգային իշխանութեան անդամներն ու բարերարներ: Ճաշկերոյթին ներկայ էր նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Գեղամ Ղարիպչանեանը:
Ճաշկերոյթի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ կազմակերպչական աշխուժ ընթացքին մէջ գտնուող Թեմին: Ընդառաջելով ներկաներուն փափաքին, Նորին Սրբութիւնը նաեւ բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին ու ապա Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանի մօտ բացած Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դատին մասին, նկատելով զայն ազգային պահանջատիրութեան ծիրէն ներս իրաւական առաջին քայլը:
Վեհափառ Հայրապետին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց երկօրեայ կեցութեան ընթացքին Կաթողիկոսական փոխանորդ Հայր Սուրբը նաեւ Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց Քաթարի Հայ գաղութին առնչուած կազմակերպչական աշխատանքներու մասին: Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանք վերադարձաւ Շաբաթ, 24 Դեկտեմբեր 2016ին»։