Սիրելի՛ ու սիրո՛ղ Աստուծոյ մը զաւակ եղողը՝ սիրելի՛ ու սիրո՛ղ զաւակ մը պէտք է ըլլայ: Ինչպէս վարդը վարդ է իր բոյրով ու տեսքով, այնպէս ալ քրիստոնեան քրիստոնեայ է իր սիրով։ Սէրը սիրտի անուշահոտութիւնն է: Չսիրող սիրտ մը կը գարշահոտի: Սիրող սիրտը, իր անուշահոտութեամբ կառինքնէ մարդոց հոգիները: